«ՍՈՒՐԲ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ» ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ «ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ» ԱՍՏԻՃԱՆԻՆ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Հռոմ.- Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Սուրբ Նիկողայոս» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւնը, որուն ընթացքին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին Նուիրապետութեան շարքերը համալրուեցան երեք «Ծայրագոյն Վարդապետ» տիտղոսակիրներով: Նոր «Գերյարգելի»-ներն են Հ. Մաշտոց Ծ.Վ. Զահթէրեան (Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ), Հ. Խաչիկ Ծ.Վ. Գույումճեան (Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանին մեծաւոր) եւ Նարեկ Ծ.Վ. Մնոյեան (Կաթողիկոս-Պատրիարքին քարտուղար)։
Արարողութեան նախագահեց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս- Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, ներկայութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներուն Վերատեսչութեան նորանշանակ Վսեմաշուք Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի Վերատեսուչին։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի մէջ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն ներկայացուցիչ Արհիապատիւ եւ Գերապատիւ Հայրեր, Անարատ Յղութեան Հ. Կ. Միաբանութեան Առաքինազարդ Քոյրերը եւ Հռոմի հայ համայնքին հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ վատիկանեան տեղեկատուական գրասենեակներէն պատասխանատուներ ու Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանին սաները։
Արարողութեան նախորդեց Գերյ. Հ. Գրիգորիս Ծ.Վ. Սերենեանի «վարդապետական գաւազան»-ին տուչութեան ու «Ծայրագոյն Վարդապետ»-ին աստիճաններուն հակիրճ բացատրութիւնը` հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով: Անդրադարձաւ նաեւ ծիսակատարութեան ընթացքին կատարուած որոշ արարողակարգերու եւ անոնց նշանակութեան։ Ան մէջբերեց «Առաքեալներուն Գործեր»-էն այն հատուածը, ուր մեր Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները զանց առնելով «արտաքին» կամ «նիւթական» գործունէութիւններ, լաւագոյնս համարեցան նուիրուիլ աղօթական կեանքին ու Տիրոջ Խօսքին քարոզութեան։
Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեպարար արարողութիւնը, որուն ընթացքին տիտղոսակիրները արժանացան գերյարգելիական պատմուճանին, գաւազանին ու մատանիին՝ նորոգելով իրենց հաւատարմութիւնը մինչեւ իսկ իրենց արիւնին զեղումով զոհաբերումը ի սպաս Տիրոջ եւ Ս. Եկեղեցիին։
Արարողութեան աւարտին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը իր սրտին խօսքը ուղղելով՝ նախ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իր առատ շնորհքներով եւ անհուն ողորմութեամբ կը շարունակէ ճոխացնել Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան դասը։ Ամենպտ. Հայրապետը, ապա, Գերյարգելիներուն հայրաբար յստակացուց, թէ այս տուչութիւնը պարզապէս պատիւ եւ փառք չէ, այլ՝ պատասխանատու յանձնառում ի խնդիր Ս. Եկեղեցիին անսակարկ ծառայութեան, Աստուծոյ Խօսքին հաւատարիմ սպասաւորութեան ու հոգիներուն փրկութեան անդուլ աշխատանքին։
«Դուք պէտք է ձեր հաւատքը վկայէք ձեր կեանքին օրինակով։ Դուք պէտք է հաւատարիմ մնաք ու սիրահար ըլլաք Քրիստոսին, հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն։ Աստուծոյ այգիին մէջ գործը դիւրին չէ։ Ան, որ կը սիրէ իր Տէր Աստուածը, Անոր պէտք է նուիրուի իր համակ էութեամբ։ Այս գաւազանները թող ըլլան ոչ թէ պատիւ, այլ՝ ազդակ, որպէսզի հասկնաք, թէ ո՛վ էք եւ Որո՛ւն կը ծառայէք դուք»:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հայրական օրհնութիւնը տալով եւ արդիւնաշատ առաքելութիւնը մաղթելով երեքին՝ խօսքը փոխանցեց Վսեմաշուք Քլաուտիօ Կուճերոթթի Ծիրանաւորին, որ, նախ, շնորհաւորեց Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ անուանակոչութիւնը, ապա, քաջածանօթ ըլլալով Հայ Եկեղեցիին աւանդութեան եւ ծէսին՝ իր խրատը փոխանցեց նոր Ծայրագոյն Վարդապետներուն։ Յիշելով Հայ Եկեղեցիին լուսաւոր վարդապետներու օրինակները՝ Կուճերոթթի քաջալերեց Գերյարգելիները հետեւելու անոնց վսեմ ժառանգութեան, որպէսզի Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը հաւատարմօրէն շարունակէ իր արգասաբեր առաքելութիւնն Ընդհանրական Եկեղեցիին անդաստանէն ներս։ Վսեմ. Կարդինալը եզրափակեց իր խօսքը այն վկայութեամբ, թէ հայ ժողովուրդը մարտիրոս եւ նահատակ ժողովուրդն է, որ ներկայ աշխարհին խառնիճաղանճ ժամանակներուն մէջ կարիքն ունի նորանոր վկաներուն՝ Աստուծոյ Խօսքին ու սուրգրային աւետիսին կենդանի ապրումով։
Արարողութեան աւարտին՝ Գերպծ. Հ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյեան խարտաւիլակը կարդաց մեր Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, զոր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յանձնեց Գերյարգելիներուն, որոնք ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորութիւնները։ Եղբայրական ագապը տեղի ունեցաւ Լեւոնեան Վարժարանին սեղանատան մէջ: Անոր ընթացքին ժառանգաւորները փոխանցեցին իրենց շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքերը. հայերէնով՝ եղբ. Շանթ Տէմիրճեան, իսկ իտալերէնով՝ եղբ. Յովիկ Գոյունեան:
Լեւոնեան Վարժարանին մեծաւոր՝ Գերյ. Հ. Խաչիկ Ծ.Վ. Գույումճեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց Վսեմաշուք Վերատեսուչին, որ, իբր նորանշանակ Ծիրանաւոր, առաջին անգամ կ՛այցելէ Վարժարանը, «զոր Դուք լաւապէս կը ճանչնաք ու Ձեր տունն է»: Շնորհաւորեց Ամենպտ. Հոգեւոր Տիրոջ անուանակոչութեան տօնը։ Ան անդրադարձաւ ապագայ սերունդին կազմաւորումին եւ պատրաստութեան դաստիարակչական հրամայականին։
Հուսկ, մեր Գերերջ. Եկեղեցապետը հատեց օրուան տօնական կարկանդակը: Այս պատմական օրը վերջ գտաւ գոհաբանական աղօթքով եւ ցնծութեան յուսատու մթնոլորտին մէջ։
مراسم ترفيع الرتب الكهنوتية في كنيسة نيقولاوس للأرمن الكاثوليك في روما
أقيمت مساء يوم الجمعة الواقع فيه 10 تشرين الثاني العام 2023 في كنيسة القديس نيقولاوس للأرمن الكاثوليك في روما مراسم خاصة لترفيع الرتب الكهنوتية للآباء الكرام ماشدوتس زحتريان (الراعي الجديد لأبرشية المجر ورومانيا)، خاتشيك قيومجيان (مدبّر عام إكليريكية ليفونيان الحبرية في روما) وناريك مينويان (أمين سرّ البطريرك).
ترأس هذه المراسم صاحب الغبطة الكاثوليكوس البطريرك روفائيل بدروس الواحد والعشرون ميناسيان للأرمن الكاثوليك وذلك بحضور رئيس مجمع الكنائس الشرقية الكاردينال كلاوديو غوجيروتي.
حضر الاحتفال أيضا ممثلون روحيون عن الكنائس الكاثوليكية الشرقية، أخوات جمعية الحبل بلا دنس الأرمنية وفعاليات عن الطائفة الأرمنية في روما، الى جانب ممثلين عن وسائل الاعلام الفاتيكانية وطلاب إكليريكية ليفونيان الحبرية.
قبل البدء بالمراسم، عرض المونسنيور الأب كريكوريس سيرانيان شرحا موجزا عن العصا الكهنوتية والرتب العليا باللغتين الأرمنية والإيطالية، بالإشارة ايضاً الى المراسيم الطقسية المتبعة ومعانيها. لقد أورد في كلامه مقطعاً من أعمال الرسل، حيث تلاميذ يسوع المسيح قد تخلّوا عن جميع أشغالهم، وكرّسوا أنفسهم فقط للصلاة ولرسالة التبشير.
بعد العرض، جرت مراسم خاصة لترفيع الرتب الكهنوتية للآباء الكرام ومنحهم العصا والخاتم الكهنوتي، مع تجديد ولائهم وتكريس ذواتهم حتى الموت في سيبل المسيح وكنيسته.
في ختام الحفل، ألقى صاحب الغبطة البطريرك ميناسيان كلمة روحية نابعة من القلب شاكراً الرّب أولاً، على جميع النعم الوفيرة والرحمة اللامتناهية التي أغدقها على أعضاء الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية.
كذلك توجّه غبطته الى الآباء الكرام أصحاب الترفيع الكهنوتي بالنصائح الأبوية، مشدداً على أنّ الترفيع ليس شرفاً ولا مجداً دنيوياً عابراً، بل هو مسؤولية في سبيل خدمة الكنيسة وعلامة للإستمرار الدائم في خدمة رسالة الرب.
وقال:”
عليكم أن تشهدوا لإيمانكم من خلال حياتكم. عليكم أن تظلوا أوفياء وعاشقين للمسيح بالرغم من كل مصاعب الحياة. العمل ليس سهلاً في حقل الرب. كل من يحبّ الرّب عليه أن يضحّي بكل وجوده. فلتكن هذه العصا علامة وليس شرفاً، لتفهموا من أنتم ولمن تخدمون”
بعدها، منح غبطته بركته الأبوية وتمنياته الصادقة للآباء الكرام في رسالتهم الكهنوتية.
من ثم، أخذ الكلام نيافة الكاردينال كلاوديو غوجيروتي، الذي هنأ صاحب الغبطة بمناسبة عيد إسمه، ووجّه النصح الى الآباء المحتفى بهم مع علمه الوثيق بتقليد وطقوس الكنيسة الأرمنية.
كما تحدث نيافته عن آباء الكنيسة الأرمنية العظام، و شجّع الآباء المرفّعين أن يتبعوا إرثهم العظيم، لكي تستمر الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في رسالتها السامية ضمن محفل الكنيسة الجامعة.
ختم الكاردينال غوجيروتي كلمته بالشهادة عن الشعب الأرمني كونه شعباً بطلاً يستشهد، بحاجة في عالمنا المضطرب هذه الأيام الى شهادات جديدة للبشارة الحية عن كلمة الرب.
خلال المراسم، قرأ المونسنيور ناريك نعوميان الرسالة البطريركية، التي وجّهها صاحب الغبطة الى الآباء الكرام، وبعدها تقبّل هؤلاء تهاني الحضور.
وليمة أخوية
أقيمت وليمة أخوية في إكليريكية ليفونيان الحبرية، حيث ألقى الطلاب كلمات الشكر والتهاني بهذه المناسبة (الأخ شانت دميرجيان باللغة الأرمنية، أما الأخ هوفيك كيونيان باللغة الإيطالية). ومن ثم، وجّه مدبّر عام الإكيريكية الأب خاتشيك قيومجيان كلمة قلبية، رحّب فيها بحضور نيافة الكاردينال، الذي يزور الإكليريكية لأول مرة ككاردينال، بإعتباره يعرف جيداً هذا الصرح وهو بيته كما عبّر المدّبر العام، معايداً كذلك صاحب الغبطة. كما تطرّق المدبر العام الى أهمية تنشئة وإعداد الجيل الطالع.
في الختام، قطع صاحب الغبطة قالب الحلوى بهذه المناسبة قبل أن يرفع صلاة الشكر.