Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2020-ին Վատիկանի մէջ ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի կաթողիկէ Պատրիարքները՝ Կարդինալ Լուի Ռաֆայէլ Ա. Սագօն, Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռաային, Գերապայծառ Իպրահիմ Իզաաք Սիտրաք եպիսկոպոսը, Գերապայծառ Եուսէֆ Ապսի եպիսկոպոսը, Գերապայծառ Ինիաս Եուսէֆ Գ. Եունան եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ այս վերջիններու խնդրանքով։ Յաջորդ օրը, Շաբաթ, 8 Փետրուարին, պատրիարքները տեսակցութիւն մը ունեցան նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինին հետ։
Պապին հետ հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն առանցքը կազմեց Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութիւնը։
Հանդիպումէն ետք, Կարդինալ Լուի Ռաֆայէլ Սագօ յայտարարեց թէ Սրբազան Հայրը շատ մօտիկութիւն ցուցաբերած է։ «Անոր հետ խօսեցանք մեր երկիրներու եւ մեր Եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին եւ ան իրապէս կը հասկնայ մեր տառապանքը», ըսաւ ան։
Նշենք որ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը Երեքշաբթի, 4 Փետրուարին մեկնած էր Հռոմ, ուր պիտի նախագահէ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն Սիւնհոդոսի ժողովին, ինչպէս նաեւ պիտի կատարէ Հայր Կարապետ Գլընճեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Ան Պէյրութ պիտի վերադառնայ Մարտ 1-ին։