Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ի կէսօրին, նախքան առաքելական պալատէն ուղիղ եթերով արտասանած «Հայր Մեր» աղօթքը, Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն.
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այսօր աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներս ժամադրուած ենք աղօթելու համար «Հայր Մեր»ը՝ Յիսուսի մեզի սորվեցուցած աղօթքը։
Կը դիմենք Հօր՝ որպէս վստահութեամբ լի զաւակներ։ Այս մէկը կը կատարենք ամէն օր՝ բազմիցս անգամ, սակայն այս պահուն կ’ուզենք ողորմութիւն հայցել՝ քորոնա ժահրի համաճարակի փորձանքին տակ գտնուող համայն մարդկութեան համար։
Զայն կը կատարենք միասին, բոլոր տարիքի, լեզուի ու ազգի, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ, հասարակութեան եւ աւանդութեան պատկան քրիստոնեաներ։
Աղօթենք հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, առողջապահական մարզի գործիչներուն ու անոնց օժանդակողներուն համար, իշխանութիւններուն, ոստիկաններուն, կամաւորներուն համար եւ աղօթենք նաեւ մեր հասարակութեան հոգեւոր հովիւներուն համար։
Այսօր մեզմէ շատերը կը նշեն Սուրբ Կոյս Մարիամին ծոցին մէջ Բանին մարմնացումը երբ՝ անոր հեզ ու ամբողջական «Ահաւասիկ եմ» խօսքը ցոլաց Աստուծոյ Որդւոյն «Ահաւասիկ» խօսքին մէջ։ Մենք եւս լի վստահութեամբ կ’ապաւինինք Աստուծոյ ձեռքերուն եւ մէկ հոգիով ու մէկ սիրտով կ’աղօթենք՝
Հայր մեր որ յերկինս ես,
սուրբ եղիցի անուն քո.
Եկեսցէ արքայութիւն քո.
եղիցին կամք քո.
որպէս յերկինս` եւ յերկրի.
Զհաց մեր հանապազորդ
տուր մեզ այսօր.
Եւ թող մեզ զպարտիս մեր,
որպէս եւ մեք թողումք
մերոց պարտապանաց.
Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն,
այլ փրկեա զմեզ ի չարէն:
Զի քո է արքայութիւն
եւ զօրութիւն եւ փառք
յաւիտեանս.
Ամէն
Vatican News