Շաբաթ՝ 29 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզիի Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Արհի. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի նախագահութեամբ մատուցուած սուրբ Պատարագի ընթացքին, քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացաւ սարկաւագ Ռիչըրտ Շաքըլ։
Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղւոյն ժողովրդապետ հայր Գէորգ Վարդապետ Գալուսիէ, Լոս Անճելըսէն՝ Հայր Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, Պոսթոնէն Հայր Անտոն ծ. վ. Ադամեան եւ Գանատայէն Հայր Գէորգ ծ. վ. Զապարեան, ինչպէս նաեւ այլ յարանուանութիւններու պատկան տասնեակ եկեղեցականներ։
Եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնց շարքին ձեռնադրեալ ընտանիքին անդամները, մայրը, հարազատներն ու բարեկամները, որոնք ուշի ուշով հետեւեցան ձեռնադրութեան տպաւորիչ արարողութեան։ Յուզիչ էին այն պահերը երբ ձեռնադրիչ Եպիսկոպոսը քահանայական կարգը շնորհեց խորանին առջեւ ծունկի եկած սարկաւագին՝ հայրական խրատաբանութեամբ ու հոգեպարար աղօթքներով անոր վրայ ձեռք դնելով ու զայն զգեստաւորելով եւ ապա անոր վրան Սուրբ Հոգին փչելով։ Շատերուն յուզմունքը մեծ եղաւ երբ նորօծ Տէր Հայրը իր անդրանիկ օրհնութիւնը ջամբեց ներկաներուն։
Պատարագի Սուրբ Զոհի աւարտին՝ ներկաները մօտեցան Տէր Ռիչըրտ քահանայ Շաքըլին, զինք շնորհաւորելու եւ միւռոնաբոյր ափերը համբուրելու։
Արարողութիւնը աւարտեցաւ նորօծ Տէր Հօր ի պատիւ սարքուած կոկիկ ճաշկերոյթով։