Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի արտասանած պատգամը՝ Սուրբ Կոյս Աստուածածնի Աւետման տօնին առթիւ՝ Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, Աշրաֆիէի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին։
«Ազգերէն եւ յաւիտեաններէն ծածկուած անպատմելի խորհուրդը
այսօր յայտնուեցաւ՝ հրեշտակապետին իջնելով Կոյս Մարիամին մօտ։
Հօրմէ անժամանակ եւ անմարմին ծոցածին Ծնունդը,
այսօր Գաբրիէլի աւետումով Սուրբ Կոյսէն մարմնացաւ։
Բոլոր արարածներէն Անբովանդակելին,
բոլորին բնութիւն Բովանդակողը,
այսօր սիրով ամփոփուեցաւ անարատ Կոյսի որովայնին մէջ,
զոր մեզի համար Բարեխօս ունինք Տիրոջ քով»։
Գերապայծառ Հայրեր, գերապատիւ Վարդապետներ, արժանապատիւ Քահանաներ եւ սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,
Օրհնութեան շարականին այս տուները ամբողջապէս մեր առջեւ կը բանան Աւետման՝ այս մեծ տօնին խորհուրդը։ Աստուածորդիին մարդեղութեան անբացատրելի խորհուրդը, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցաւ՝ առնելով մեր մարդկային բնութիւնը։
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ընթացքէն նայելով՝ զարմանալի երեւոյթի դիմաց կը գտնուինք։
Աւետարանիչը պատահական չէ, որ կը յիշատակէ Ս․ Յովսէփը եւ անոր Դաւիթի տունէն ըլլալը։ Քանի որ Յովսէփ Դաւիթի շառաւիղէն էր, եւ Յիսուս անոր օրինաւոր Որդին, հետեւաբար, կը բնորոշուի իբր Դավիթի արքայական տոհմէն։
Յիսուս ծնաւ Դաւիթի քաղաքին մէջ՝ Բեթղեհէմ։ Սակայն, Յիսուս յիշուած է եւ անոր փրկարար սուրբ խաչին փակցուած էր Նազովրեցի։ Նազարեթ այն քաղաքն էր, ուր սնաւ ու մեծցաւ Յիսուս: Նազարէթը Մարիամի քաղաքն էր եւ անոր ծննդավայրը:
Այս աննշան քաղաքին դեռատի Մարիամ Կոյսին այցի կու գայ Գաբրիէլ հրեշտակապետը բերկրալից աւետիսով։ Այս զարմանալի իրողութիւնը, որ կը ցոլացնէ պատճառը, թէ ի՛նչու Յիսուս կոչուեցաւ «Նազովրեցի», քանի իր սիրելի Մօր ծննդավայրն է, աւետման քաղաքը։
Աւետումը Ամենասուրբ Երրորդութեան Երկրորդ Անձին Մարդեղութեան աւետիսն է տօնական։
Աւետումը, նաեւ, Նազարէթի Մարիամի Կոյսին Մայրութեան, նա մանաւանդ Աստուածամայրութեան աւետիսն է բերկրալի։
Աւետարանական պատկերին ամբողջութիւնը կը գտնենք նաեւ նկատելով, թէ Ղուկաս աւետարանիչը կը հակադրէ հասարակ օրիորդին՝ Մարիամի հաւատքը տարիքով քահանայ Զաքարիայի անկեղծ, բայց ո՛չ խոր հաւատքին։
Նոյն Գաբրիէլ հրեշտակապետը աւետեց Զաքարիային Յովհաննէս Կարապետի ծնունդը, սակայն ան չունեցաւ այն վստահութիւնն ու խոր հաւատքը, զորոնք ունէր Մարիամ՝ յաւիտենականութենէն առաջ ընտրեալ Սուրբ Կոյսը, որ կրցաւ ըսել. «Եղիցի Ինձ ըստ բանի քում: – Ինծի թող քու խօսքիդ համաձայն ըլլայ»։
Այս հաստատակամ եւ վստահ պատասխանը, զոր տուաւ Մարիամ Աստուծոյ, պատճառեց Որդի Աստուծոյ էջքը Նազարէթի անարատ Կոյսին մօտ, ուր առաւ իր մարմինը:
Մարիամ Կոյսին խոնարհ եւ հեզ «Եղիցիով» է, որ սկսաւ մարդկութեան փրկագործութիւնը՝ Աստուածորդիին մարդեղութեամբ։
Սակայն, սիրելի քոյրեր ու եղբայրներ, Աստուածամայրը պարզապէս մէկը չէր, որ կրեց իր որովայնին Յիսուս Քրիստոսը եւ լոյս աշխարհ բերելով Աստուածամարդը՝ աւարտեց իր առաքելութիւնը։
Մարիամ Աստուածածինը նախատիպն է Սուրբ Եկեղեցիին, որ ամէն օր այս մեղաւոր աշխարհը մաքրագործելու համար լոյս աշխարհ կը բերէ Քրիստոսը։ Ոչ միայն, այլ անձամբ բազմիցս կ’երեւայ մարդկանց յիշեցնելու մեզի Քրիստոս գերազանձ զոհողութիւնները, որ կրեց մեր փրկութեան համար: Սակայն ափսոս մենք կը շարոնակենք մեր մեղանչական կեանքը:
Որովհետեւ Ան, որ ծնաւ, մարգարէին նախատեսութեամբ կոչուած էր. «Էմմանուէլ, մեծ խորհրդի հրեշտակ, սքանչելի խորհրդակից, Աստուած հզօր, Իշխան» (Ես 7,14, 9,6-7)։ – «Էմմանուէլ, այսինքն՝ Աստուած մեզի հետ»:
Մարիամ Աջակիցն եղաւ իր Որդիին փրկագործութեան իրականացումին մէջ՝ ընթանալով Գողգոթայի ճամբան։ Մարիամ ապրեցաւ իր Միածինին սարսափելի տանջանքները: Անոր խաչին մօտ կեցաւ։ Հոն էր, որ Յիսուս ըսաւ իր Մօր․«Ով կին, ահա քո որդին», մատնանշելով իր սիրելի երիտասարդ աշակերտը: Իսկ Յովհաննէսին ըսաւ․«Ահա քո Մայրդ»։ Այսպէս, յանձնելով համայն մարդկութեան իր սիրելի Մօր՝ Խաչեալը աւանդեց իր հոգին։
Մարիամ, մինչեւ իր վերափոխումը, գործակիցն եղաւ իր զաւակներուն՝ Յիսուսի աշակերտներուն՝ տարածելու համար աւետիսը «աշխարհի Փրկիչ»-ին ծնունդը եւ անոր յաղթանակը մահուան վրայ՝ անոր հրաշափառ Յարութեամբ։
Աւետելու Յիսուսի մեզի գծած ճանապարհը, հասնելու յաւիտենական կեանքի երջանկութեան: Այո, ինչպէս Յիսուս Բեթղեհէմի մէջ ծնելով հանդերձ Նազովրեցի կոչուեցաւ, (որովհետեւ իր մայրը Նազարէթ ծնած էր), նոյնպէս ալ մեզի համար Աստուածամօր Կոյսին ապաւինելով, ապացոյց մըն էր, փրկութեան հասնելու համար։
Աւետման այս տօնին աններելի է չյիշել համեստ, լուռ եւ խոնարհ խնամակալը Աստուածային Մանուկին՝ Ս. Յովսէփը։
Աստուածահօր խօսուն լռութիւնն ու նուիրեալ հաւատարմութիւնը Ս. Կոյս Մարիամին եւ Յիսուս Մանուկին մշտաղբիւրն է, որ կը սնուցանէ մեր հոգիները։ Եւ մանաւանդ Փրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հռչակուած «Ընտանիքի սուրբ տարր»-ին՝ մեր սրտերուն մէջ մենք պիտի ունենանք Ս. Ընտանիքը՝ Յովսէփը, Մարիամն ու Յիսուսը:
Սիրելիներ, 1934 թուականին, մեր լուսահոգի նախնիքներուն կողմէ հիմնուած այս սուրբ եկեղեցին նուիրուած է Աստուածամօր Աւետման, ուստի, այսօր կրկնակի տօնն է մեզի համար:
Այս տօնական առիթով՝ հոս ծառայող քահանաներուն երախտագիտութիւն յայտնելու ենք, ինչպէս նաեւ խնկաբոյր աղօթքներ բարձրացնելու ենք Աստուծոյ՝ հաւատացեալ ժողովուրդը քաջալերելու համար, որպէս զի չյուսալքուին դժուարութիւններուն մէջ եւ ամէն օր շարունակեն Անարատ Կոյսին նման անվարան ու հաստատակամ հաւատքով պատասխանեն Տիրոջ.«Եղիցի»։
Այս ճշմարտութիւնններուն մեր ճիշդ ընկալումով ու խոր հաւատքով՝ Գաբրիէլի, հրեշտակներուն եւ երկնայիններուն հետ, ցնծութեամբ բացագանչենք․«Ողջո՜յն Քեզի, շնորհքներով լի Կոյս։ Ուրախ լե՛ր, Բերկրեալդ, Տէր ընդ Քեզ» Ամէն: