«ՏԷ՛Ր, ՄԵԶ ՓՈԹՈՐԻԿԻ ՏԱՐՈՒԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՄԻ ՁԳԵՐ». Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ աղօթքը Քորոնաժահրի համաճարակէն փրկուելու համար

Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ի երեկոյեան 6-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին, ամայի ու դատարկ հրապարակի խորհրդաւոր եւ անիրական թուող մթնոլորտի մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Քորոնաժահրի դադրեցումին համար յատուկ աղօթքի արարողութիւն մը, որուն ընկերային հաղորդամիջոցներու ու հեռուստակայանի սփռումներուն միջոցաւ իրենց մասնակցութիւնը բերին համայն աշխարհէն միլիոնաւոր քրիստոնեայ հաւատացեալներ։

Աղերսանքի աղօթքը սկիզբ առաւ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած՝ (Մարկոս 4,35-41) Յիսուսին կողմէ փոթորիկի խաղաղեցումին հրաշքը պատմող հատուածով։

ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ

 Այն օրը իրիկունը, Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէք ծովուն միւս ափը անցնինք»։ Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք ու տարին։ Ուրիշ նաւակներ ալ կային հետը։ Յանկարծ ամեհի մրրիկ մը սկսաւ, ալիքները նաւուն վրայ կը խուժէին, այնպէս որ նաւը ջուրով սկսաւ լեցուիլ։ Յիսուս նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար։ Կ’արթնցնեն զինք եւ կ’ըսեն. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ մենք կորսուինք»։ Յիսուս արթննալով սաստեց հովին եւ ծովուն ըսելով. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը իսկոյն դադարեցաւ եւ խոր անդորրութիւն տիրեց։ Այն ատեն ըսաւ աշակերտներուն՝ «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։ Երկիւղը պատեց զանոնք եւ իրարու կ’ըսէին «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որուն հովն ու ծովը կը հնազանդին»։

Աւետարանական ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը` որուն մէջ ակնարկելով Աւետարանի հատուածի առաջին խօսքերուն «Այն օրը իրիկունը», դիտել տուաւ որ շաբաթներէ ի վեր կը թուի որ իրիկուն եկած է։

«Խիտ խաւար մը խտացաւ մեր հրապարակներու, ճանապարհներու ու քաղաքներու վրայ, տիրապետեց մեր կեանքին վրայ, ամէն ինչ լրացնելով խուլ լռութեամբ ու անհանգստացնող դատարկութեամբ, որ անշարժութեան մատնեց ամէն ինչ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ «Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման վախցած ու մոլորած ենք»։

«Յանկարծակիի եկանք անսպասելի ու զայրացած փոթորիկի մը դիմաց։ Անդրադարձանք թէ կը գտնուինք միեւնոյն նաւու վրայ, բոլորս ուղեկորոյս ու դիւրաբեկ, եւ անդրադարձանք նաեւ թէ կարեւոր ու հարկաւոր է թիավարել բոլորս միասին, որովհետեւ կարիքը ունինք մէկս միւսի աջակցութեան»։

«Նման այն աշակերտներուն որոնք անձկութեան մէջ միաձայն կ’աղաղակեն. կորսուած ենք (v. 38) մենք եւս անդրադարձանք թէ կարելի չէ որ իւրաքանչիւրս յառաջ ընթանայ միայնակ, այլ միասին»։

«Դիւրին է մենք մեզ գտնել Աւետարանի այդ դրուագին մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, «բայց դժուար կը թուի հասկնալ Յիսուսին վարուելակերպը»։

Մինչ աշակերտները բնականաբար յուսահատութեան մէջ են, Ինք նաւուն ետեւի կողմը կը քնանար` հանդարտօրէն, իր Հօր վրայ վստահած։ Երբ զինք կ’արթնցնեն ու փոթորիկը կը դադրեցնէ, աշակերտները կը յանդիմանէ ըսելով. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։ 

Անոնք իրենց վստահութիւնը չէին կորսնցուցած, կը հաւատային Յիսուսին եւ ասոր համար է որ անոր կը դիմեն․ «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։ 

Անոնք կը կարծէին թէ Տէրը իրենցմով չէր հետաքրքրուեր, թէ իրենց հոգ չէր տաներ։

Այս խօսքը ազդեց Յիսուսին վրայ որովհետեւ ոչ մէկը Անորմէ աւելի մեզմով հետաքրքրուած է։

Փոթորիկը կը դիմակազերծէ մեր դիւրաբեկութիւնը ու բաց կը պահէ մեր սուտ եւ մակերեսային ապահովութիւնները որոնցմով կառուցեցինք մեր ծրագիրները, մեր սովորութիւնները ու մեր առաջնահերթութիւնները։

Փոթորիկը մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչպէս քունի մէջ թողուցինք, մէկդի դրինք այն ինչ որ կը սնուցանէ, կ’աջակցի եւ ուժ կու տայ մեր կեանքին ու մեր հասարակութիւններուն։

Փոթորիկին հետ միասին ի յայտ եկան կարծրատիպ հնարքները, որոնցմով կը դիմակաւորէինք մեր «ես»ը մտահոգուած մեր սեփական պատկերով ու ի յայտ եկաւ նաեւ մեր միասնական պատկանելիութիւնը՝ եղբայրներու պատկանելիութիւնը որմէ փախուստ չենք կրնար տալ` «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։ 

Տէր քու Խօսքդ այս երեկոյ մեր վրայ կ’ազդէ ու կը հայի մեզի՝ բոլորիս։

Այս աշխարհին մէջ զոր Դուն կը սիրես մեզմէ աւելի, յառաջ ընթացանք արագութեամբ, մենք մեզ զգալով ուժեղ ու կարող ամէն բան կատարելու։

Շահի ժլատութեամբ թոյլ տուինք որ իրերը մեզ կլանեն եւ շտապութիւնը մեզ շփոթեցնէ։ Կանգ չառինք քու յիշեցումներուդ դիմաց, չսթափեցանք մոլորակային անարդարութիւններու ու պատերազմներու դիմաց, չունկնդրեցինք աղքատներու ճիչը եւ ոչ իսկ մեր մոլորակի ճիչը որ ծանրապէս հիւանդի ճիչ է։

Մենք շարունակեցինք անհոգ եւ անտարբեր, կարծելով թէ առողջ պիտի մնանք հիւանդ աշխարհի մը մէջ։ Եւ այժմ` ալեկոծ ծովուն մէջ քեզի կը պաղատինք` «Արթնցի՛ր Տէր»։

«Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։ Տէր մեզի կ’ուղղես կոչ մը` հաւատքի կոչ մը։

Այս քառասնորդացի ընթացքին կը հնչէ քու զօրեղ կոչդ. Ապաշխարեցէ՛ք. Ինծի վերադարձէք բոլոր սրտով։ Դուն մեզ կը կանչես այս փորձանքի պահը ըմբռնելու որպէս ընտրանքի պահ մը։ Ժամը, ընտրելու այն, ինչ որ կարեւոր է եւ ինչ որ անցողական, բաժնելու անհրաժեշտը անանհրաժեշտ բաներէն, ժամն է մեր կեանքին ղեկը դարձեալ ուղղելու դէպի քեզ՝ Տէր եւ դէպի ուրիշները։

Այս ընելով կարող ենք նայիլ ճանապարհորդութեան մեր օրինակելի ընկերներուն, որոնք վախին դիմադրեցին իրենց կեանքը զոհելով։ Սուրբ Հոգւոյն ուժն է սա` որ կարող է արժեւորել ու ցոյց տալ` թէ մեր կեանքերը հիւսուած են եւ աջակցութիւնը կը վայելեն ընդհանրապէս մոռցուած` սովորական մարդոց, որոնց անունները յաճախ չենք տեսներ պարբերաթերթերու տիտղոսներուն մէջ, կամ ամենանոր «շոու»ի բեմին վրայ, թէեւ անոնք անկասկած, այսօր կը գրեն մեր պատմութեան վճռական իրադարձութիւններուն էջերը. բժիշկներ, բուժ օգնութիւն մատուցողներ, հիւանդապահուհիներ, հիւանդապահներ, մեծ շուկաներու աշխատաւորներ, մաքրութեան մարզի գործիչներ, խնամակալներ, փոխադրական մարզի աշխատաւորներ, ապահովական մարմնի անդամները, կամաւորներ, քահանաներ, կրօնաւորներ ու այլ բազմաթիւ անձեր որոնք հասկցան թէ ոչ մէկը կարող է առանձին փրկուիլ։

Ցաւի դիմաց՝ որով կը չափուի մեր ժողովուրդներուն իսկական զարգացումը, կը վերագտնենք եւ կը փորձարկենք Յիսուսին քահանայական աղօթքը. «Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան» (Յովհաննէս 17.20)։

Բազում մարդիկ ամէն օր կը գործեն համբերութեամբ ու կը հրահրեն յոյս… բազում հայրեր, մայրեր, տատիկ-պապիկներ, ուսուցիչներ՝ մեր երախաներուն ցոյց կու տան ինչպէս դիմագրաւել ու յաղթահարել տագնապ մը` վերադասաւորելով մեր սովորութիւնները, բարձրացնելով հայեացքը ու խրախուսելով աղօթքը։

Բազմաթիւ մարդիկ կ’աղօթեն, կը նուիրեն ու կը բարեխօսեն բոլորի բարիքին համար. լռելեայն աղօթքն ու ծառայութիւնը, արդարեւ, մեր յաղթանակի զէնքերն են։

«Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։ Հաւատքը կը սկսի երբ կը նկատենք որ կարիքը ունինք փրկութեան։ Ինքնաբաւ չենք, պէտք ունինք Տիրոջ, նման այն հին նաւաստիներուն, որոնք պէտք ունէին աստղին։ Մեր կեանքերու նաւակներուն վրայ հրաւիրենք Յիսուսը։ Անոր յանձնենք մեր վախերը որպէսզի ան յաղթահարէ զանոնք. աշակերտներուն նման տեսնենք թէ Իր հետ կարելի չէ նաւաբեկութիւնը։ Որովհետեւ ասիկա Աստուծոյ ուժն է. բարիի վերածել ամէն ինչ որ մեզի կը պատահի, նոյնիսկ գէշ բաները։ Ան անդորրութիւնը կը բերէ փոթորիկին մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ հետ կեանքը չի՛ մեռնիր երբեք։

Տէրը մեզ կը հարցաքննէ ու մեր այս փոթորիկին մէջ մեզ կը հրաւիրէ արթննալու ու ի գործ դնելու զօրակցութիւնն ու յոյսը։ Տէրը կ’արթննայ արթնցնելու ու վերարծարծելու համար մեր զատկական հաւատքը։

Խարիսխ մը ունինք` Անոր խաչով մենք փրկուեցանք։ Ղեկ մը ունինք` Անոր խաչով մենք ազատեցանք։ Յոյս մը ունինք՝ Անոր խաչով մենք մաքրուեցանք ու ողջագուրուեցանք, որպէսզի ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը մեզ բաժնէ Անոր փրկարար սերէն։

Մեկուսացումի այս իրավիճակին մէջ կը տառապինք հարազատութեան ու հանդիպումի պակասէն։

Տէրը մեզ կը հարցադրէ իր խաչէն վերագտնելու համար կեանքը որ մեզ կը սպասէ, մեր հայեացքը ուղղելու անոնց որոնք մեզի կը դիմեն…վերուժեղացնելու ու խթանելու մեր մէջ բնակող շնորհքը։

Յիսուսին խաչը ողջագուրելը կը նշանակէ քաջութիւն գտնել ողջագուրելու ներկայ ժամանակուան բոլոր հակառակութիւնները, կը նշանակէ տեղ բանալ ստեղծագործութեան զոր Սուրբ Հոգին կարող է յարուցել։ Կը նշանակէ քաջութիւն ունենալ բանալու տարածքներ ուր բոլորս կարող ըլլանք զգալու թէ կանչուած ենք ու կարող՝ հիւրընկալելու եղբայրութեան եւ զօրակցութեան նոր ձեւերը։

Մենք փրկուեցանք Անոր խաչով որպէսզի ընկալենք յոյսը ու այնպէս ընենք որ ան դառնայ մեր ուժը։ Ողջագուրենք Տէրը` որպէսզի ողջագուրենք յոյսը։ Ահա այս է մեր հաւատքին ուժը, որ մեզ կ’ազատէ վախէն ու մեզի կու տայ յոյս։

«Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս վայրէն որ կը պատմէ Պետրոսի ժայռական հաւատքը, այս գիշեր կ’ուզեմ ձեզ բոլորդ յանձնել Տիրոջ, բարեխօսութեամբ Սուրբ Կոյսին, Ժողովուրդներու Փրկութիւն, փոթորիկներու մէջ Աստղ ծովու։

Հռոմն ու աշխարհը ողջագուրող այս շարասիւնէն թող` որպէս մխիթարիչ ողջագուրում իջնէ Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Տէր, օրհնէ՛ աշխարհը, բժշկութիւն պարգեւէ մարմիններուն ու սփոփանք՝ սրտերուն։ Մեզմէ կը խնդրես վախ չունենալ։ Մեր հաւատքը սակայն տկար է ու մենք երկիւղի մէջ ենք։ Բայց Դուն՝ Տէր մեզ Փոթորիկին մէջ մի՛ ձգեր։ Մեզի նորէն կրկնէ` «Մի՛ վախնաք» (Մատթէոս 28, 5), եւ մենք Պետրոսի հետ միասին «մեր անձկութիւնները կը պարպենք քու սրտիդ մէջ, որովհետեւ դուն կը խնամես մեզ» (Պետրոս 5,7)։

Ռոպէր Աթթարեան

Vatican News

27/03/2020