Այսօր կը տօնենք Լիբանանի անկախութիւնը՝ պատերազմին պատճառով ստեղծուած ծանր եւ ողբերգական պայմաններու մէջ, որոնց աղիտալի հետեւանքներուն ենթարկուած են մեր երկիրն ու ժողովուրդը: Այս պահուն, մենք պէտք ունինք վերահաստատելու մեր կամքն ու դիրքորոշումը, որպէսզի ցաւէն եւ աւերէն ետք վերականգնենք մեր հայրենիքը: Ապա, մեր բոլոր ջանքերը գործադրենք խաղաղութեան ու հաշտութեան առաքելութեան, որ, իր կարգին, մեզ կ’առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագան:
Մենք որպէս քաղաքացիներ ու ղեկավարներ՝ պէտք է համախմբուինք ու միանանք այս ողբերգութեան դիմաց, որպէսզի վերջ տանք արիւնահոսութեան, ինչպէս նաեւ հաշտութեամբ ու միասնականութեան անվերապահ ոգիով ապաքինենք մեր հայրենիքին վէրքերը: Կարելի չէ իսկական անկախութիւն կերտել, եթէ պատերազմի ու բաժանումի սպառնալիքները շարունակուին մեր երկրին դէմ:
Մօտ անցեալին՝ «Նահատակաց» հրապարակը ականատես եղաւ այն պատմական հանդիպումին, ուր անխտիր հաւաքուեցան երկրին բոլոր ղեկավարները, ընդունելու համար Կարդինալ Աղաճանեանը, որ մեծ սիրով կոչ կ’ուղղէր լիբանանցիներուն միջեւ հաշտութեան ու միասնականութեան: Ան, իր նամակներուն եւ կեցուածքներուն մէջ, մարմնաւորեց երկխօսութեան ու միասնականութեան ոգին, գործեց ի նպաստ սրտերու մերձեցումին եւ ազգային գերագոյն շահերուն համար:
Հետեւաբար, այսօր աւելի քան երբեք, պէտք ունինք այս հոգեբանութեան ու առաքելութեան, որպէսզի ազգային միասնականութիւնը վերահաստատուի եւ յառաջ ընթանանք դէպի իրական հաշտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահին բացակայութիւնը մեծ բաց վէրք մը կը ձգէ հայրենիքին սրտին մէջ, եւ մեծ խոչընդոտ մը կը ներկայացնէ կայուն ու բարգաւաճ յառաջընթացքին համար: Նախագահին ընտրութիւնը ոչ միայն սահմանադրական գործողութիւն է, այլ նաեւ ընդհանուր պատասխանատուութիւն է բոլոր անոնց համար, որոնք լաւ կը գիտակցին պետական հաստատութիւններու վերականգումին ու կայունութեան հաստատումին: Սահմանադրական կեանքը պետութեան ողնասիւնը կը կազմէ, եւ առանց անոր կարելի չէ երկիրը բարեփոխել ու վերականգնել:
Մեր հոգեւոր հանգամանքով՝ Մենք կոչ կ’ուղղենք բոլոր քաղաքական ոյժերուն, որ մէկդի դնեն իրենց հակասութիւնները եւ հաւատարմօրէն համագործակցին իրարու, որպէսզի ընտրեն այն նախագահը, որ կը մարմնաւորէ ազգային միասնականութիւնը եւ կը ջանայ կառավարել բոլոր լիբանանցիներուն բարիքին համար: Լիբանան կարիքն ունի ընդհանուր ազգային ղեկավարութեան մը, որ կը գործէ ներքին խաղաղութեան ու համերաշխութեան համար, ինչպէս նաեւ կը վերականգնէ պետական հաստատութիւնները եւ կը վերաշխուժացնէ անոնց դերը՝ ժողովուրդին բարօրութեան ու ծառայութեան համար:
Կարելի չէ Լիբանանի վերականգնումը առանց ազգային ոգիին, որ մեզի կը ներշնչէ ու մեզ կը մղէ ընդհանուր հաշտութեան՝ հեռու մնալով նեղ հաշիւներէն եւ անձնական շահերէն: Պէտք է սիրենք մեր երկիրը, բայց ո՛չ ժամանակաւոր կամ անձնական շահերու համար: Երբ բարձր դասենք Լիբանանի գերագոյն շահերը, այն ատեն կարելի է կերտել ապագան՝ նախկին սերունդներու զոհողութիւններուն ու յաջորդ սերունդներուն սպասումներուն համաձայն:
Այսօր աւելի քան երբեք, Լիբանան պէտք ունի այն ղեկավարներուն, որոնք մէկ սրտով ու մէկ հոգիով կ’աշխատին բոլորին բարիքին համար:
Տօնական այս վսեմ յիշատակին առիթով՝ կը վերյիշենք մեր մշակութային եւ ազգային խորհրդանիշ դէմքերը, ինչպէս Ֆէյրուզի, որ իր ձայնով մեզ միացուց բոլոր առիթներուն, ինչպէս նաեւ Պաալպէք քաղաքի, որ կը վկայէ այս հայրենիքին հնամեայ մշակոյթին ու գեղեցկութեան մասին:
Հետեւաբար, միասին գործե՛նք իբր լիբանանցիներ եւ միասնակամ ըլլա՛նք, որպէսզի կերտենք յուսալից ապագան, ինչպէս ալ մեր անկախութիւնը վերածենք ամէնօրեայ իրողութեան ու ապրումի մը, եւ ոչ միայն յիշատակ մը մնայ, զոր պարզապէս կը տօնենք ամէն տարի:
Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի սրտերն ու միտքերը միանան, եւ Լիբանան վերականգնէ իր փառքն ու ամբողջական անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ հանդիսանայ խաղաղութեան հայրենիքը, ուր կը տիրէ արդարութիւնը եւ զայն կը հովուէ սէրը:
Շնորհաւոր ըլլա՛յ անկախութեան տօնը:
Կեցցէ՛ Լիբանան: Ապրի՛ մեր ժողովուրդը:
Տէրը պահէ՜ ու պահպանէ՜ մեր սիրելի երկիրը: Ամէն:
Պէյրութ, 22 Նոյեմբեր 2024
رسالة البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك بمناسبة عيد الاستقلال اللبناني
نحتفل اليوم بعيد الاستقلال، لكن هذا الاحتفال يمرّ علينا في وطن معذّب، مجروح ومتألم، عانى وما زال يعاني من آثار الحروب، التي دمرت بنيته، وأثقلت كاهل أبنائه. نزيف المعارك لا يزال يترك أثره في قلوبنا وفي شوارعنا، وايضا تهجير العائلات والشهداء الذين سقطوا. في هذه اللحظة، نحتاج أن نجدد العزم والإرادة لنعيد بناء هذا الوطن من ركام الألم، وأن نضع نصب أعيننا رسالة السلام والمصالحة التي ستقودنا إلى مستقبلٍ مشرق.
هذه الجراحات تستصرخ ضمائرنا، وتدعونا جميعًا – مواطنين وقادة – للوقوف صفًا واحدًا لإيقاف هذا النزيف، ولتضميد جراح الوطن عبر المصالحة وبناء أسس الوحدة الحقيقية. فلا يمكن أن يُستعاد الاستقلال بمعناه العميق، إذا استمر شبح الحرب والانقسام يخيم على سمائنا.
في تاريخنا القريب، شهدت ساحة الشهداء لقاءً تاريخيًا، حيث توافد قادة هذا الوطن كافة، بلا استثناء، للترحيب بالكاردينال أغاجانيان، الذي كان يدعو بكل محبة إلى المصالحة وتوحيد اللبنانيين. لقد جسّد الكاردينال بمواقفه ورسائله روح الحوار والوحدة، وعمل على تقريب القلوب وإعلاء مصلحة الوطن فوق كل اعتبار. إن استعادة هذا النهج والعمل بروحه، هو ما نحتاجه اليوم أكثر من أي وقت مضى لنعيد اللحمة الوطنية ونمضي في مسيرة المصالحة الحقيقية.
إن غياب رئيس للجمهورية هو جرح مفتوح في قلب الوطن، وعقبة كبيرة أمام مسيرتنا نحو الاستقرار والازدهار. إن انتخاب الرئيس ليس مجرد استحقاق دستوري، بل هو مسؤولية جماعية تقع على عاتق كل من يدرك أهمية إعادة بناء مؤسسات الدولة وتثبيت الاستقرار. الحياة الدستورية هي العمود الفقري للدولة، ومن دونها يتعثر كل جهد لإصلاح البلاد وإنعاشه. لذا، بصفتنا الروحية ندعو جميع القوى السياسية إلى وضع خلافاتها جانبًا، والعمل معًا، بإخلاص وتجرد، لاختيار رئيس يكون رمزًا للوحدة ويسعى لتحقيق الخير لجميع اللبنانيين. إن لبنان يحتاج إلى قيادة وطنية جامعة، تعمل من أجل السلام الداخلي والتفاهم، وتعيد إحياء مؤسسات الدولة وتفعيل دورها في خدمة الشعب.
لا يمكن للبنان أن ينهض إلا بروح وطنية تجمعنا وتلهمنا لبذل الجهد في سبيل المصلحة العامة، بعيدًا عن الحسابات الضيقة والمصالح الشخصية. نحن بحاجة إلى أن نحب الوطن لأجل الوطن، لا لأجل مكاسب آنية أو منافع خاصة. وحين نضع مصلحة لبنان فوق كل اعتبار، سنتمكن من بناء مستقبل يليق بتضحيات الأجيال السابقة وآمال الأجيال القادمة.
لبنان يحتاج اليو
م أكثر من أي وقت مضى إلى قادة يعملون يدا واحدة، وقلبا واحدا، وإرادة واحدة لتحقيق الخير لجميع أبنائه. في هذه اللحظات العظيمة، أذكركم برموز ثقافتنا وهويتنا، بفيروز التي توحّدنا بصوتها في كل المناسبات، وبمدينة بعلبك التي تقف شاهدةً على عراقة هذا الوطن وجماله. دعونا نعمل معًا، نحن اللبنانيين، متكاتفين، لنبني المستقبل الذي نحلم به، ولنجعل من الاستقلال واقعًا يوميًا نعيشه، لا مجرد ذكرى نحتفل بها.
نرفع اليوم صلواتنا إلى الله لكي يوحّد القلوب والعقول، ويعيد للبنان مجده واستقلاله الكامل، ليكون وطنًا يسوده السلام، يعمه العدل، وتظلله المحبة.
كل عام وأنتم ولبنان بألف خير، وليبارك الرب وطننا العزيز.