Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2024-ի, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ, ձեռամբ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր` Գերապայծառ Հայր Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեանին, առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ Գեր. Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի եւ փոխ ժողովրդապետ Գեր. Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիի Ս. Պատարագ մատուցանեց անկարելի բաներու բարեխօս եւ կորսուած դատերու բաստաբանուհիի`Սրբուհի Ռիթայի տօնին առիթով:
Գերապայծառ Մեծաւորը իր քարոզին մէջ բացատրեց բարեխօսութիւն խնդրելու եւ աղօթելու տարբերութիւնը: Ան օրինակներ քաղեց Սրբուհիին կենաքէն, որպէս իսկական քրիստոնէայի կերպարն ու վարքը նեկայացնող գործոն օրինակներ: Ապա շարունակեց քարոզը ըսելով .«Սուրբերու բարեխօսութեամբ մեր աղօթքները պէտք չէ հակասէն քրիստոնէական կեանքի սկսզբունքներուն, այսինքն մէկ խօսքով մեր խնդրամքները սիրոյ եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն պէտք է ընթանան»:
Ս. Զոհի աւարտին, Մեծաւոր Հայրը վարդերու օրհնութեան աղօթքը կատարեց եւ Սրբուհի Ռիթայի մասունքով օրհնեց հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, ապա մասունքահամբոյր եւ օրհնուած վարդերու բաշխումը տեղի ունեցաւ։