ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

«Ժողովուրդ որ խաւարի մէջ կը քալէր, տեսաւ մեծ լոյս մը. եւ դուք որ կը քալէք աշխարհի եւ մահուան ստուէրին մէջ, լոյս պիտի ծագի ձեր վրայ»

(Ես. 9,2)

 

Սիրելի եւ հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Եսայի մարգարէին հիազմայլ բացագանչութիւնն է այս, որ կը նախերգէ անձկութեամբ սպասուած Մեսիային գալուստը: Մարգարէն, այդ գալուստին առընչուած բարիքները եւս կ՛աւետէ, որոնց ամէնէն աչքառուն ու թանկարժէքը՝ լոյսն է, որ յանկարծակիօրէն պիտի ծագի խաւարին մէջ եւ պիտի լուսաւորէ համայն տիեզերքը, եւ այդ՝ պիտի ըլլայ նշանակը Մեսիային գալուստին:

Մարգարէին տեսիլքին մէջ մութիւն ու խաւարին հետ նոյնացած կը տեսնենք մահը: Ըստ անոր, որ ուր չկայ լոյս, հոն չկայ կեանք, որովհետեւ մութին մէջ մահն է որ կը տիրէ եւ կեանքը կ՛անէանայ, չթողլով կեանքի նշոյլն անգամ:

Խաւարը, մահը, հետեւանքն են մարդու մեղքին: Աստուածային դատավճիռն է որ մահը կը մտցնէ արարչութեան մէջ, եւ կը լուծուի՝ երբ Տէրը ջնջէ իր մահավճիռը: Այդ պիտի իրականանայ, երբ երեւնայ աշխարհի լոյսը, Քրիստոս, Աստուծոյ Միածինը, իր Հօր իսկ կամքով աշխարհ գալով:

Մարգարէն կը նկարագրէ մարդուն դժբախտ վիճակը՝ մեղքի գերին դառնալով: Սակայն միաժամանակ անոր յոյսը կ՛արծարծէ, մարգարէանալով որ լոյս մը պիտի ծագի որ պիտի փարատէ խաւարն ու մահուան ստուերն անգամ:

Սուրբ Հայրերը միահամուր կը մեկնաբանեն Եսայի մարգարէին այս նախագուշակութիւնները՝ զանոնք վերագրելով գալիք Մեսիային, աշխարհի Փրկչին՝ Քրիստոսի: Արդարեւ, իր միտքը աւելի պարզաբանելով, ան կը յարէ. «Որդի մը պիտի ծնի մեզի, որդի մը պիտի տրուի մեզի, որու ուսերուն վրայ իշխանութիւն պիտի դրուի. ան պիտի կոչուի Սքանչելի Խորհրդակից, Աստուած Հզօր, Իշխան խաղաղութեան, Հայր հանդերձեալ աշխարհին»: Այլ խօսքով՝ ան պիտի գայ վանելու այս ամէնը որ պատճառ եղած է մահուան, կեանքի լոյսը վանելով: Ուստի աշխարհի Փրկիչը ամէնէն առաջ պիտի յայտնուի իբր տէրն ու բաշխողը լոյսին:

Ամէն անգամ որ մենք, քրիստոնեաներս, կը տօնենք Յիսուսի Ծնունդը, շատ բնականօրէն մեր մտքին առջեւ կու գայ ուրախութիւնը, ցնծութիւնը, որ յատուկ է մանաւանդ մանուկներուն, այսինքն ամէն անոնց՝ որ մաքուր են սրտով: Յիսուս երանի պիտի տայ անոնց որ մանուկներու նման կը դառնան, այդպէսով պայմանաւորելով անոնց մուտքը Աստուծոյ արքայութեան մէջ:

Ուստի մենք ամէնքս, մեծ ու փոքր, Աւետարանի մտքով՝ պէտք է մանկանանք այդ օրը, յատկապէս, մեր մտքի անմեղութեամբ՝ մտաբերելով զԱստուած իբր Հայր, որու սիրտը լի է ողորմութեամբ եւ սիրով, եւ կը մոռնայ մեր մարդկային տկարութիւնները ու կրկին կը դասէ մեզ իր զաւակներուն դասին մէջ:

Այդ ողորմութիւնն ու սէրը Աստուած չյայտնեց նախ իշխաններուն կամ քահանայապետներուն, պալատներուն եւ տաճարներուն մէջ, այլ հովիւներուն ու աղքատներուն, քարայրի մը մէջ, որ իբր ախոր կը ծառայէր: Ադկից է որ ծագեցաւ լոյսը որ լուսաւորեց աշխարհը, փրկութեան յոյսը բերելով կորսուած մարդկութեան:

Մեր սուրբ Հայրերը եւս, երբ Քրիստոսի ծնունդը կը գովերգեն, կը պատկերացնեն զայն Լոյսի խորհրդանիշով: Մեր առաւօտեան աղօթքը կը սկսինք երգելով՝ «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա»: Արեւագալի ժամերգութեամբ կը գովաբանենք զայն ըսելով. «Լոյս, արարիչ լուսոյ, առաջին Լոյս, բնակեալդ ի լոյս անմատոյց…»: Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին՝ դարձեալ կ՛աղերսենք զայն այդ տիտղոսով. «Լոյս զուարթ, սուրբ, անմահ փառքին երկնաւոր Հօր…»:

Յովհաննէս Աւետարանիչ կը պատմէ Յիսուսի բուռն վէճը Փարիսեցիներուն հետ, երբ ան՝ տիրական կերպով կը հռչակէ. «Ե՛ս եմ աշխարհի լո՛յսը. Ով որ ետեւէս գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի յաւիտենական կեանքը»: Այլուր, խստօրէն կը մեղադրէ մարդոց կուրութիւնն ու չարակամութիւնը, երբ կ՛ըսէ. «Լոյսը աշխարհ եկաւ, եւ մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չար էին: Ով որ չար կը գործէ, կ՛ատէ լոյսը»:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօրուայ աշխարհը շատ չի զանազանուիր նախկինէն: Մութն ու խաւարը կը տիրեն միշտ աշխարհի վրայ. շատ տեղեր կան ուր ոչ իսկ լսուած է Քրիստոսի պատգամը կամ իր գալուստին աւետիսը, իբր լոյս ու փրկիչ աշխարհի: Պատճառը՝ որովհետեւ մարդիկ կան որ չեն ուզեր որ լոյսը գայ եւ յայտնաբերէ իրենց վատ գործերը: Սակաւաթիւ են այն մարդիկը որ կ՛ակնկալեն որ խաւարը անհետանայ վերջնականապէս եւ ծագի լոյսը, միաժամանակ հարց տալով թէ մինչեւ երբ մարդիկ պիտի փակեն իրենց աչքերը լոյսին դիմաց, արգելք հանդիսանալով սիրոյ եւ արդարութեան տիրապետութեան աշխարհի վրայ:

Մարգարէն կը նկարագրէ Մեսիան նաեւ իբր Իշխան խաղաղութեան: Հրեշտակները որ ծանուցին անոր գալուստը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, այդ աւետիսը տուին մարդկութեան՝ երգելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»: Արդեօք այդ աւետիսը կը շարունակէ՞ հնչել տակաւին մարդոց սրտերուն մէջ, արդեօք շա՞տ են անոնք որ կը բաղձան իսկապէս եւ կը գործեն որպէսզի խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհի վրայ:

Երեւոյթները հակառակը ցոյց կու տան դժբախտաբար: Ժողովուրդներ ու պետութիւններ կը մրցակցին իրարու հետ՝ ամէն գնով մին միւսին վրայ տիրապետելու համար, բռնութեամբ ու չարաշահութեամբ զիրար գերազանցելով: Եւ այսպէս է որ կը բազմանան ու կ՛աճին աղքատները, գաղթականներն ու այլեւայլ թշուառութիւնները:

Մեր յոյսը, սիրելի քոյրեր ու եղբայրներ, մարդիկը չեն ոչ ալ կրնան ըլլալ, որքան ատեն որ անոնք իրենց հայեածքը հեռու կը պահեն Լոյսէն որ մարմնացած է Քրիստոսի մէջ, մերժելով անոր սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամը եւ չհրաժարելով տիրապետելու եւ իրաւազրկելու տենչանքէն: Եւ սակայն չկայ այլ կերպ ուղղելու ու դարմանելու ողբալի վիճակը որու մատնուած են ներկայիս այդ երկիրներու տառապող ժողովուրդները:

Սուրբ Ծննդեան այս օրհնաբեր օրերէն օգտուելով, պահ մը սեւեռենք մեր աչքերը մսուրին մէջ մարմնացած Աստուածորդիին, Լոյս Ազգաց եւ Իշխան խաղաղութեան, եւ աղերսենք զայն որ շարժէ, ցնցէ խիղճերը անոնց որ մարդկութեան ճակատագիրը ձեռք առած, աշխարհի խաղաղութիւնը վտանգի մէջ կը պահեն, թշուառներու տառապանքը անտեսելով, եւ իրենց փառքն ու շահերը միայն հետապնդելով:

Մեր աղօթքը յատուկ կերպով կը բարձրանայ՝ մեր Հայրենիքին խաղաղութեան ու բարօրութեան համար, մանաւանդ այս օրերուս ուր նկատելի փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան հոն, մեծ յոյսեր յարուցանելով մեր ժողովուրդին սրտերուն մէջ: Կ՛աղօթենք մեր սիրելի Արցախին համար, որպէսզի յարգուի անոր իրաւունքը ազատ ու անկախ հայրենիք մը կերտելու: Կ՛աղօթենք Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներուն համար, ուր ի զուր յոյսեր կ՛արծարծուին որ վերջ պիտի գտնեն աղիտաբեր խռովութիւնները: Կ՛աղօթենք վերջապէս համայն աշխարհի խաղաղութեան համար, «զի լռեսցեն պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց, տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի»:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Հակառակ բոլոր խռովայոյզ երեւոյթներուն, մեզի համար ուրախութեան եւ ցնծութեան օր է Սուրբ Ծնունդը, որ խաղաղութեան, սիրոյ եւ վերազարթնումի հրաւէր կ՛ուղղէ մեզի:

Այս համոզումով է որ պիտի մերձենանք սուրբ մսուրին, մանկացած սրտով աղաչելու համար Տէրը որ չլքէ իր ժողովուրդը, որու համար ան մեզի նման մարդ եղաւ, մեր մեղքերուն համար չարչարուեցաւ ու մեռաւ, մեզի կեանք պարգեւելու համար ինք եւս վերակենդանացաւ:

Բոլոր սրտով սուրբ եւ օրհնեալ Ծնունդ ու երջանիկ Նոր Տարի կը մաղթենք ձեզի եւ Տիրոջ աստուածային օրհնութիւնները կը հրաւիրենք ձեր ընտանիքներուն, ձեր անձերուն եւ ձեր բարի ձեռնարկներուն վրայ:

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ