ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀՐԱՇԱԳԵՂ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2024-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց Սուրբ Ծննդեան հայրապետական Ս. Պատարագը, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ՝ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու եւ սարկաւագներու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Ս. Աւետարանին ընթերցումէն ետք, Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան յայտնեց, որ բոլորս կը հաւաքուինք միջազգային զբօսաշրջիկութեան կենդրոններէն մին դասուած այս շքեղ աթոռանիստ տաճարին մէջ, տօնելու համար Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, երբ բոլորս կը գտնուինք խորհրդաւոր մսուրին առջեւ՝ ականատես ըլլալով Մարդեղութեան Աստուծոյ Որդիին, որ աշխարհ եկաւ մեր փրկութեան համար:

Քրիստոս ծնաւ ու մեծցաւ ատաղձագործ Յովսէփին եւ իր մօր՝ Մարիամ Կոյսին հովանիին տակ: Ան հասակ առաւ ու սկսաւ Աստուծոյ արքայութիւնն աւետել եւ քարոզել ապաշխարութեան ու խաղաղութեան մասին: Հիւանդները բուժեց, մեռեալներուն յարութիւն տուաւ, սգաւորները մխիթարեց եւ անօթիները կերակրեց, ապա Ինքզինքը զոհեց խաչին վրայ մեր փրկութեան համար: Իր խաչամահէն ետք յարութիւն առաւ, ինչպէս որ ըսած էր, եւ մեզի յիշեցուց իր խոստումը.«Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհին կատարածը» (Մտթ. 28,20):

Յիսուս Քրիստոս, այո՛, մեզի հետ է իր Մարմինով, իր Արիւնով եւ իր Հոգիով Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ: Ան մեզի հետ է՝ իր բազուկներն ու սիրտը մեզի բանալով եւ ընդունելով մեր փափաքներն ու իղձերը, ինչպէս ալ պատրաստ է մեզմէ լսելու այս բոլոր խօսքերը, որ իր աշակերտներուն սորվեցուց իր աղօթքին մէջ.«Բոլորը մէ՛կ թող ըլլան, ինչպէս Դուն, ո՜վ Հայր, Իմ մէջս ես, եւ Ես Քու մէջդ եմ» (Յվհ. 17,21):

Ասիկա է իմ պատգամս այս վսեմ տօնին: Ծնեալը մանուկ պիտի չմնայ, ինչպէս որ կ’արտայայտենք մեր սովորութիւններով: Ծնեալը Աստուած է, որ խոստացաւ եւ կատարեց իր խոստումը. Ան միշտ մեզի հետ է Ամենասուրբ Գոհութեան Խորհուրդին միջոցաւ: Այո՛, Քրիստոս մեզի հետ է ամէն ժամ:

Հետեւաբար, պէտք է սթափինք մեր խոր քունէն, գործենք սիրով եւ անարատ ձեւով՝ մեր Տիրոջ կամքին համաձայն, ու վերադարձով մեր խիղճերուն: Վերադառնա՛նք մեր պատկանելութեան ու հայրենասիրութեան, որոնք հոգեւոր եւ աշխարհական մասնակցութեան խորհրդանիշերն են:

Սիրելի Լիբանանի՝ մեր Երկրին դրօշին մէջ կը նշմարենք վեհ մայրին, սպիտակ ու կանաչ գոյներն անբիծ, որոնք կը սփռեն խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնն ու սէրը:

Այս օրհնաբեր օրերուն, ուրեմն, ուղղուի՛նք մարդացեալ Տիրոջ ու Փրկիչին, որ մեզի շնորհէ խաղաղութիւնը, ներքին եւ արտաքին երջանկութիւնն ու բարօրութիւնը:

Որդեգրե՛նք խաղաղութեան բնաբանը եւ ընտրե՛նք նախագահ մը, որ մեր Երկիրն առաջնորդէ ներքին եւ արտաքին երջանկութեան ու բարօրութեան:

Դարձեալ կը կրկնենք այս նոյն խօսքերը, որոնք ոչ-քաղաքական միտում ունին, այլ՝ հոգեւոր ու ընկերային խորհուրդ կը ներշնչեն, որպէսզի մենք քալենք Փրկիչ Քրիստոսի խաղաղութեան ճանապարհով:

Փրկիչը ծնաւ եւ միշտ մեզի հետ է: Միայն թէ ուղղենք մեր ուշադրութիւնը Տիրոջ եւ ընդունինք անոր խորհուրդները, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր աշխատանքը ի խնդիր խաղաղութեան տարածումին, որ Նորածին Արքային առաքելութիւնն է աշխարհին մէջ եւ մարդերուս համար:

 

 

ترأس البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك قداس عيد الميلاد في كاتدرائية القديسين  غريغوريوس المنوّر وإيليا النبي ساحةالدباس وسط بيروت، عاونه في الخدمة لفيف من الكهنة والشمامسة، وحشد من المؤمنين.

بعد الإنجيل ألقى ميناسيان عظة قال فيها:نجتمع اليوم في هذه الكاتدرائية المقدّسة التي سُجلت في سجل المراكز العالمية للسياحة كلؤلؤة لبنانية أرمنية. نجتمع اليوم لنحتفل بذكرى ولادة المسيح، فنرى أنفسنا أمام مغارة للميلاد، ميلاد الاله المتجسّد والآتي لخلاصنا من العبودية، ونرى ذواتنا أمام مذود فقير ومُعبّر مُحاط بوالديه وبعض الحيوانات بجانبه تسعى لتدفئته من برد الشتاء القارص، لأنّهما لم يجدا مكانًا يؤويهم في بيت لائق لإله مُتجسّد.

وُلِد المسيح ونشأ تحت رعاية يوسف النجّار ومريم العذراء أُمَّه. كَبُر وصار يكرز ملكوت الله ويبشّر بالتوبة والسلام، يشفي المرضى ويُحيي الموتى ويُعزّي الحزانى ويُطعم الجائعين، ثم من بعدها مات على الصليب من أجل خلاصنا، ثم قام من بين الأموات كما وَعَدَ ووَفى، ومنها ذَكَّرنا بوصيته قائلاً “أنا معكم حتى منتهى الدهور” نعم إنّه معنا روحًا وجسدًا في سرّ القربان، إنّه معنا اليوم فاتحًا صدره وقلبه لأمنياتنا وتَمَنِياتنا حاضر ليسمع منّا تلك الكلمات التي علّمها لتلاميذه في صلاته بقوله فليكونوا واحدًا كما أنّك فيّ يا آبتي وأنا فيك فليكونوا هم أيضًا فينا.

نعم هذه هي رسالتي لكم في هذه المناسبة السامية. إنّ المولود لم يبقى طفلاً مثلما نعبّر في عادتنا. إنّ المولود هو الاله الذي وَعَدَ ثم وَفى بوعده فلا يزال معنا في سرّ الافخارستيا. نعم إنّه معنا نتناوله من حين وآخر ثم ننساه في ساعة الساعة. لذا حان الأوان أن نستيقظ من ثباتنا العميق ونصحى لنعمل حسب مشيئته بالحب والطهارة، بالرجوع إلى ضمائرِنا. الرجوع إلى انتمائنا وإلى وطنيتِنا رمز الانتماء، رمز المشاركة في الروحانيات والزمنيات، فلذا نرى في علمنا الأرز الشامخ فيه والأبيض الساطع والأخضر الذي يبسط السلام والوئام  ويرسم الألفة والمحبة بين أبنائه. هيا إذًا في هذه الأيام المباركة أين الإله المتجسد يأتي ليمنحنا السلام والفرح الروحي والزمني.

 نَتَبنّا هذا الشعار وننتخب رئيسًا لنا يحمل الشعار ويعمل للسلام.

إننا نعيد ونكرّر هذه الكلمات لا للون سياسي وأنما للون روحي واجتماعي لنسير على خطى صاحب السلام يسوع الفادي.

المخلّص ولد ولا يزال معنا ما لنا إلا ان ننظر اليه ونتبنا رموزَه ونُكمل رسالتَه في نشر السلام على وجه الأرض.