Կիրակի 13 Օգոստս 2017 առաւօտեան ժամը 10.30-ին Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան Ամփիթատրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնակատարութեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագը, զոր մատուցանեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ հ. Եղիա վրդ. Դերձակեանի եւ հ. Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի, սպասաւորութեամբ Զմմառեան միաբանութեան սաներուն ու դպիրներուն, ներկայութեամբ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան փոխանորդ Գերպ. Գաբրիէլ թ. ծ . վրդ. Մուրատեանի, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Հ. Գէորգ Ասատուրեանի, Վաստակաւոր Եպիսկոպոսներու, Պէյրութի թեմի կղերականներու, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան մը։ Պատարագի երգեցողութիւնը եւ Տիրամօր նուիրուած շարականներ կատարեցին Արծիւեան Երգչախումբին անդամները ղեկավարութեամբ` հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը՝ հարց տալով «թէ ո՞վ էր այն կինը» որ կոչուեցաւ դառնալու Աստուածամայր, նկարագրեց Սուրբ Կոյս Մարիամին տիպարը իբրեւ ո՛չ միայն Աստուածամայր, այլ Եկեղեցւոյ եւ համայն քրիստոնեայ աշխարհի մայրը եւ յիշատակեց Տիրամայրը յատկանշող առաքինութիւնները ու բարեմասնութիւնները։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։