ՍԻՆԱՆԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2022֊ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, ընկերակցութեամբ իր օգնականներուն։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեան, եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Մեսրոպեան եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէնները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան ֊Սփիւռք գործակցութեան առնչուած ծրագիրներ։