ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՍԲ. ՅՈՎՍԷՓԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Սրբազան Քահանայապետի «Patris corde» առաքելական նամակով որ լոյս տեսաւ անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 8-ին, Պիոս Թ Քահանայապետի կողմէ 8 Դեկտեմբեր 1870-ին Սուրբ Կոյս Մարիամի փեսան, որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ հռչակումին 150-րդ տարեդարձին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց յատուկ «Տարի» նուիրուած Սուրբ Յովսէփին։

Առ այդ, Ուրբաթ, 19 Մարտին, Սբ. Յովսէփին յիշատակի օրուան առթիւ, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի թեմին, Աշրաֆիէի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նուիրուած Սբ. Յովսէփ Աստուածահօր, ներկայութեամբ Գերապայծառ հայրերու, Պէյրութի թեմի քահանաներու եւ առաքինազարդ քոյրերու։ Պատարագը մատուցեց Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ  Հ. Գէորգ Ասատուրեան։ Օրուան քարոզին մէջ, Գերապայծառ Ասատուրեան ըսաւ.

«Սիրելի հաւատացեալներ, այսօր Կաթողիկէ Ս. Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Յովսէփի յիշատակը: 8 Դեկտեմբեր 2020-ին, Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Ֆրանչեսկոս Սրբազան Քահանայապետը կատարեց բացումը «Ս. Յովսէփի տարի»-ին, որ կը տեւէ մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 2021 թուականը:

Ս. Յովսէփ, որպէս սիրելի եւ սիրուած գթասիրտ հայր մը, եղաւ տիպարը այն հաւատացեալին, որ կ’ընդունի Տիրոջ խօսքը եւ կը հնազանդի Աստուծոյ կամքին: Հայր մը, որ քաջութիւնն ունեցաւ յերկնուստ իրեն վերապահուած առաքելութիւնը կատարելու, եւ այն՝ միշտ մնալով շուքի տակ ու լռութեան մէջ:

Սիրելի հաւատացեալներ, Ս. Յովսէփ միշտ ներկայ եղած է ու ներկայ է մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ան կարեւոր դեր կատարեց փրկագործութեան պատմութեան մէջ:

Ս. Ֆրանչեսկօ Բոնավենդուրա մեզ կը յորդորէ Ս. Յովսէփին՝ համեստ ատաղձագործին հետեւելու, որ, հակառակ իր պարզութեան, դարձաւ այն մեծ սուրբը, որուն կեանքին խոնարհութիւնը եւ սրբութիւնն ընդօրինակելու ենք միշտ, բայց մանաւանդ այս մեր ժամանակաշրջանին մէջ:

Իբրեւ հաւատացեալներ ու յատկապէս կղերականներ՝ Ս. Յովսէփի զգայնութիւնը, յօժարութիւնը՝ Աստուծոյ ձայնը լսելու եւ Տիրոջ կամքին հնազանդելու, թող ըլլայ օրինակը բոլորիս:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Ս. Յովսէփի նման կրենք կեանքին թշուառութիւններն ու դժուարութիւնները՝ Յիսուսի խօսքին համապատասխան:

Ս. Յովսէփի լռութեան օրինակով՝ մենք ալ մտնենք Աստուծոյ խորհուրդին մէջ: Ըլլանք խոնարհ, որովհետեւ խոնարհութեան մէջ է, որ կը գտնենք մեր առաքելութեան յաջողութիւնը:

Ս. Յովսէփի օրինակին համաձայն՝ մենք ըլլանք Աստուծոյ ձայնը լսողներն ու կամքը կատարողները:

Ս. Յովսէփ մեզ կը քաջալերէ համերաշխութեան ու հաշտութեան: Հաշտութիւն մը, որ ճշմարտութիւնը ապրելու խորախորունկ փորձառութիւնն է: Կը սորվեցնէ վստահիլ Աստուծոյ անսահման ողորմութեան եւ սիրոյն, ինչպէս ինքը վստահեցաւ:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, խոստովանինք մեր սիրոյն պակասը եւ ստոյգ ըլլանք, որ Աստուած չի դատապարտեր մեզ, այլ՝ մեզ կ’ընդունի ու մեզ կ’ողջագուրէ հայրական խանդաղատանքով: Ան մեզի կ’աջակցի եւ կը ներէ աստուածօրէն:

Մարիամ Կոյսին նշանածին՝ Ս. Յովսէփին վստահուեցաւ խնամակալ հայրութիւնը Ս. Ընտանիքին: Համակերպութեամբ ապրեցաւ այն բոլոր դէպքերն ու իրադարձութիւնները, առանց զանոնք հասկնալու ամբողջապէս: Թէպէտ չփորձեց իր կեանքը բացատրել մարդերուն, սակայն եւ այնպէս իր ապրելակերպով ընդունեցաւ բոլորը:

Նազարէթի այս ատաղձագործը լաւ հասկցած էր Աստուածային Նախախնամութիւնը, որուն հաւատացած էր լիովին: Ա՛յսպէս, ան հանդիսացաւ իւրայատուկ բարեխօս ու հովանաւոր այն սուրբը, որ մեզ կ’առաջնորդէ սիրոյ եւ հաշտութեան առաքինութիւններուն մէջ:

Ֆրանչեսկոս Սրբազան Պապը կը կոչէ Ս. Յովսէփը «Եկեղեցւոյ պաշտպան»: Այս կը նշանակէ, թէ ամէն մարդ կրնայ մօտենալ Աստուածահօր՝ անկէ այս կամ այն շնորհքը խնդրելու համար:

Ս. Յովսէփ եղաւ այն հայրը, որ մեզի կը սորվեցնէ աշխատանքին արժէքն ու արժանապատուութիւնը, ինչպէս ալ մասնաւորապէս՝ ուրախութիւնը: Որովհետեւ ան, որ կ’աշխատի, ինքնաբերաբար կը գործակցի Աստուծոյ հետ՝ կերտելու մարդը, նորոգելու աշխարհը:

Ս. Յովսէփ իր ուրախութիւնը գտաւ ինքնազոհողութեան մէջ: Թէպէտ ան կը մնայ լուռ ու լռակեաց, բայց եւ այնպէս անոր կեանքին օրինակը այնքան կը բարձրաձայնէ, որ Աստուած անոր վստահեցաւ Մարիամն ու Յիսուսը:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, քարոզիս աւարտին՝ սրտանց կը շնորհաւորեմ այն եղբայրները, որոնք «Յովսէփ», «Ժոզէֆ» ու «Ճօ» անունները կը կրեն՝ անոնց եւ անոնց հարազատներուն մաղթելով Ս. Յովսէփի օրհնութիւնն ու բարեխօսութիւնը:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեզի կը մնայ Ս. Յովսէփին հետեւիլ եւ անոր բարեխօսութեան վստահիլ, որպէս զի մենք կարենանք այս յոբելենական տարին ուրախութեամբ ու հաւատքով ապրիլ մեր Աստուածահօր հետ եւ օրինակով: Ամէն»:

Ժըթաուի, 19 Մարտ 2021