ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՅՑԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հանդիպումը Մետրոպոլիտ Իլարիոնի հետ

Երկուշաբթի, 10 Յունուարին, Ամեն. Եւ Գերեջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ հովուապետական այցով կը գտնուի Ռուսաստան, Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքութեան արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի նախագահ եւ Վոլկոլամսկիի Մետրոպոլիտ` Իլարիոնին հետ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանային Ռուսաստանի մէջ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդական Փոխանորդ` Գերյ. Հ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Եսայեանը եւ գեր. Հայր Նարեկ Վարդապետ Մնոյեանը մինչ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէն հանդիպման ներկայ գտնուեցան միջ քրիստոնէական յարաբերութիւնների քարտուղար Հայր Ստեֆանը (Իգումնով) եւ տիար Ս. Գ. Ալֆերովը:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին հանդիպումը Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ

Մետրոպոլիտ Իլարիոնը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց հայրապետին ողջունեց յանուն Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլին, մատնանշելով Մոսկուայի պատրիարքարանի եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան մասին եւ այդ ծիրէն ներս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ մարդասիրական ծրագրեր իրականացնելու գործին։

Իր հերթին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Նորին Սրբութիւն Պատրիարք Քիրիլին եւ ողջ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի պետութեանը՝ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ հալածուած եւ վշտահար քրիստոնեաներուն աջակցելու հետեւողական ջանքերուն համար։

Առիթէն օգտուելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ գահակալութեան առիթով Ռուս Պատրիարքարանի ներկայացուցիչ` Արքիմանտրիտ Ֆիլիփի ներկայութեան համար, անոր փոխանցած նուէրին ու շնորհաւորանքներուն համար։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը բարձր գնահատեց Մոսկուայի պատրիարքարանի մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման աջակցելու։

«Պատմութիւնը վկայ է, որ ռուսական պետութիւնն էր, որ ամենաարդիւնաւէտ օգնութիւնը ցուցաբերած է իր հալածուած հաւատացեալ եղբայրներուն։ Մենք կը յիշենք այդ մէկը եւ անկեղծօրէն երախտապարտ ենք» ըսաւ ի մէջ այլոց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։

Զրուցակիցները անդրադարձան հուսկ Սուրիոյ իրավիճակին ու այնտեղ կատարելիք միասնական համագործակցութեան մասին, Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կացութեան մասին, ու անոնց դէմ մղուած հալածանքներուն ու տեղահանութեան հարցի մասին, այս ծիրէն ներս ընդգծելով` միութեան անհրաժեշտութիւնը` պաշտպանելու համար քրիստոնէութեան եւ քրիստոնեաներուն գոյատեւումը։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. իր տրամադրութիւնը յայտնեց ընթանալու եւ զարգացնելու ի Քրիստոս միասնական ու փոխադարձ սիրոյ եւ աղօթքի վրայ հիմնուած փոխյարաբերութիւնն ու սերտ համագործակցութիւնը։

Մետրոպոլիտ Հիլարիոնը իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց վերեւ նշուած նիւթերուն շուրջ համագործակցելու եւ եկեղեցական ու ազգային բարեկամական փոխ յարաբերութիւնները աւելիով խորացնելու եւ ամրացնելու համար։

 

Հանդիպում Մետրոպոլիտ Նիֆոնին հետ

Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի մէջ Անտիոքի Պատրիարքի ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտ Նիֆոնի կողմէ, որուն հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց ի ներկայութեան Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանին։

Հայրապետական Սուրբ Պատարագներ Կրասնոդարի մէջ

Ամեն․ եւ Գերջ․ Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Պատրիարքը Ռուսաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքներու հովուական այցելութեան ծիրէն ներս այցելեց Ռուսիոյ Կրասնոդար քաղաքը ուր Ան  Յունուար 8-ին  Սուրբ Պատարագներ մատուցեց՝  Կրասնոդարի Սբ․ Լիբերիուս եւ ք․ Բելորեչենսկի Աստուածածնի ծննդեան նուիրուած եկեղեցիներէն ներս։

Յունուար 9-ին Ամեն․ եւ Գերջ․ Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը  Սուրբ Պատարագ մատուցեց Սոչիի Սբ․ Թադէոս եւ Սբ․ Սիմոն առաքելներու եկեղեցիներէն ներս եւ պատարագի աւարտին Ան Օրհնութեան գիրով պատուեց՝ Վլադիմիր Աղաբաբեանին, որ իր նպաստը բերած է Սոչիի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան կայացման աշխատանքներուն։

Սուրբ Պատարագներու ընթացքին, Հոգեւոր Տիրոջ արտասանած  քարոզներուն առանցքը եղաւ մշտապէս բաց պահել սիրտերը եւ ամէն անգամ` որ Սուրբ Հաղորդութեան մօտենանք, ուրախ ըլլանք ու ցնծանք, քանի որ մեր մէջ Քրիստոսն է, որ կը պահենք։

Ժողովուրդին հետ հանդիպումներու ընթացքին Հոգեւոր Տէրը կարեւորեց յատկապէս մանուկներու եւ երիտասարդներու մասնակցութիւնը, «քանի որ իւրաքանչիւրին ներկայութեամբ է որ կը կառուցուի եկեղեցին եւ եկեղեցին կը դառնայ ապաստարան ժողովուրդին համար» ըսաւ Ան։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժին