Օրերս աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց` Ամեն. եւ Գերերջ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբերին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։
Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանար Հայր Նարեկ Վ. Մնոյեան, իսկ Վեհափառին կ’ընկերանար Նաթան Սրբազան եւ մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու` Տէր Եսայի Քահանան։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Էջմիածին ժամանեց 6 Դեկտեմբերի կէսօրին ու Մայր Աթոռի վեհարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
Եղբայրական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը կրկին անգամ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, անոր մաղթելով բեղուն առաքելութիւն։
Զրուցակիցները հուսկ անդրադարձան Պատրիարքի ընտրութեան տարբեր հանգրուաններուն, շօշափելով անոր կապակցութեամբ տարբեր նիւթեր։ Անոնք ապա զրուցեցին Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, ու քննարկեցին նաեւ Լիբանանի կացութիւնը մասնաւորապէս անդրադառնալով Լիբանահայութեան իրավիճակին։