Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ 27 Փետրուարը որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօն հռչակման առթիւ, Շաբաթ, 27 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան, Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, զոր նախագահեց եւ պատարագ մատուցեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, ներկայութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի, Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Արք. Խազումեանի, Արհիապատիւ Տէր Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի եւ Պէյրութի թեմի վարդապետներու։
Պատարագի ընթացքին Գերապայծառ Ասատուրեան իր քարոզին մէջ ըսաւ.
Սիրելի հաւատացեալ հայորդիներ,
Այսօր, Փետրուար 27-ը նշանաւոր եւ պատմական օր դարձաւ հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար։ Արդարեւ, անցեալ 25 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին որոշումով՝ Սբ. Գրիգոր Նարեկացիի տօնը պաշտօնապէս ընդգրկուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ։ Այսինքն՝ ամէն տարուան 27 Փետրուարին, աշխարհի վրայ գտնուող բոլոր կղերականները պիտի յիշատակեն մեր մեծ սուրբին՝ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը, որ հռչակուած էր Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վարդապետ (Docteur de l’Eglise)։
Մենք՝ հայերս, այսօր մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը միանանք մեր եղբայրական Լատին Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ կղերականներուն, տօնելու համար այս մեծ սուրբին տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Ֆրանչիսկոս Պապին՝ որ միշտ մեզ եւ Հայ Եկեղեցին կը մեծարէ, ներկայացնելով մեզ որպէս օրինակելի ժողովուրդ մը՝ իր հաւատքով եւ սուրբերով։
Արդարեւ, դարեր ամբողջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտամունքի ու սիրոյ առարկան եղաւ միայն հայ ժողովուրդին, մինչդեռ անոր քրիստոսանման վարքը, լայնախոհ, Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտի պատշաճ մտածողութիւնը, հաւատքի ապրումը, համայն մարդկութեան մեղքերուն քաւութեան տառապանքը, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած աղօթքները, բարեպաշտական զգացումները, առանց հատուածականութեան կամ անջատողականութեան հակումներու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ուղղադաւան վարդապետութեան հաւատարմութիւնը, որուն համար հալածուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ, անոր աստուածաբանական եւ հոգեմտաւոր վաստակին ընդհանրականութիւնը` 10-րդ դարուն ապրած այս հայ սուրբը կը դարձնեն արժանի Քրիստոսի բոլո՛ր հաւատացեալներու սիրոյն ու պաշտամունքին:
Արդ, Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերը ամէն ջանք թափեցին որպէսզի Նարեկացիին Եկեղեցւոյ Վարդապետի տիտղոսի տուչութիւնը կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, 2015-ի Ապրիլ 12-ին, «Սուրբ Պետրոս»-ի տաճարին մէջ մատուցուելիք քահանայապետական սուրբ Պատարագին ընթացքին, ինչ որ առիթ պիտի տար բազմահազար օտարազգի մարդոց ծանօթանալու հայ սուրբին եւ իմանալու Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Եկեղեցւոյ Հա՛յ Վարդապետը կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներու զաւակներուն համար պիտի հանդիսանայ հայ հնադարեան հարուստ մշակոյթին վրայ, մանաւանդ` հոգեւոր մշակոյթին, հայ միջնադարեան գրականութեան, հայկական հոգեւորականութեան վրայ բացուող պատուհան մը:
«Մատեան Ողբերգութեան»-ը, որ 95 աղօթքներու ընդմէջէն տեղի ունեցող հոգեխռով, անձկալի ու սրտաբուխ զրոյց մըն է Աստուծոյ հետ` մեղքի, ապաշխարութեան, երկնային գթութեան, հոգեւոր պայքարի, հոգեկան տառապանքի եւ միսթիք կեանքի մասին, համաշխարհային հոգեւոր ժառանգութեան ամէնէն փայլուն ստեղծագործութիւններէն մէկը կը նկատուի:
50 տարեկանին` Գրիգորի գրած այս հոգեթով երկը` «Մատեան Աղօթից»-ը ճանչցուած է Նարեկ անունին տակ եւ Սուրբ Գիրքէն ետք` հայ ժողովուրդի համար ամենասուրբ ու թանգագին գիրքը կը նկատուի։
Նարեկացիին ստեղծագործութիւնները պատմութեան անցած համաշխարհային արժէք մը չեն միայն, այլ իր յարուցած խնդիրներով եւ առաջարկած լուծումներով նաե՛ւ ժամանակակից արժէք մըն են: «Մատեան ողբերգութեան»-ը Սուրբ Հոգիին ներշնչումով գրուած բարեգործ աղօթագիրք մըն է ո՛չ միայն հայ ազգին համար, այլ` բոլո՛ր ազգերուն ու բոլո՛ր հաւատացեալներուն համար»:
Պատարագի աւարտին բոլոր ներկաները աղօթեցին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պատկերին առջեւ եւ Հայ Սուրբի պատկերի օրհնութեամբ փակումը կատարուեցաւ համազգային հպարտութիւն առթող այս տօնին նուիրուած արարողութիւնը։