ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ ՏԻԿԻՆ ԶՈՒԱՐԹ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ

Բարձր գնահատելով  Տիկին Զուարթ Նաճարեանին բարեսիրական, կրթական եւ ազգային հասարակական երկարամեայ գործունէութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան 2017 Յունիսի 30-ին նախարարութեան Ոսկեայ Մետալով պարգեւատրեց Տիկին  Նաճարեանը։ Այս առթիւ անդրադառնալով տիկին Զուարթի կենսագրութեան,  նախարարը ըսաւ որ իր ամուսնոյն՝ վաստակաշատ խմբագիր Սարգիս Նաճարեանին հետ տիկին Զուարթը «կեանքի փառահեղ ճանապարհ է անցել՝ Լիբանանի հայկական համայնքում իրականացնելով հայապահպան եւ հայանպաստ կարեւոր առաքելութիւն»։  Ան բարձր գնահատեց տիկին Զուարթին ծառայութիւնները Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, նուիրումը հայ մանուկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին՝ իբրեւ կրթական մշակ եւ անդամ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կրթական խորհուրդի, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամին գործունէութեան անձնուէր մասնակցութիւնը։ Տիկին Յակոբեան առանձնակի կարեւորութեամբ յիշատակեց տիկին Զուարթին կողմէ Հայկական Կարիտասի հիմնադրութիւնը Կիւմրիի մէջ եւ այնուհետեւ անոր աջակցութիւնը կազմակերպութեան՝ իբրեւ անոր կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ խորհրդական։ Ան նշեց որ  Հայկական Կարիտասը իր ստեղծուած օրէն  մինչեւ այսօր անմիջական մեծածաւալ աջակցութիւն կը տրամադրէ հազարաւոր մարդոց Հայաստանի տարբեր համայնքներէն ներս։

Շնորհակալութիւն յայտնելով  Սփիւռքի նախարարի ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար, Տիկին Նաճարեան ըսաւ. «Այս պահը ինծի համար ոչ միայն ուրախութիւն է ու պատիւ,, այլ նաեւ քաջալերանք ու խթան շարունակելու Ազգիս ու Մայր Հայրենիքիս ընկերային   համեստ ծառայութիւնս  որուն շրջագիծը բաւական ընդարձակ է»։

Յիշելով ամերիկեան կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւնն ու իր բոլոր այն օտարերկրացի պաշտօնակիցները որոնք  աջակցեցան Հայկական Կարիտասի ստեղծումին, տիկին Նաճարեան ըսաւ. «Այս պահուս երբ հպարտութեամբ հաւաքուած ենք Սփիւռքի  գերաշխոյժ նախարարուհիին շուրջ, չեմ կրնար աւելի քան երկու տասնեակ տարիներու յետադարձ ակնարկով մը  յուզումով չյիշատակել այն խաւարի տառապալի  տարիները երբ մեծածաւալ օգնութիւններով  եկայ Կիւմրի գէթ մասամբ թեթեւցնելու համար աղիտահար քոյրերուս ու եղբայրներուս տառապանքը։ Մայր Հայրենիքի մէջ թէ Լիբանանի, տագնապահար ժողովուրդին ծառայութեանս պարգեւած հոգեկան գոհունակութեամբ ինքզինքս վարձատրուած զգացած ըլլալով միշտ, կենսագրութիւնս գրի  առած եմ ոչ թէ այսօրուան պարգեւին արժանանալու համար, այլ որպէս օրինակ թոռներուս, որպէսզի անոնք շարունակեն Հայաստանի ներկայութիւնը զգալ իրենց  տուներուն մէջ այնքան ատեն որ օտար ափերու վրայ կը գտնուին, այնպէս  ինչպէս Հայաստանը միշտ ներկայ եղած է մեր ընտանեկան օճախին մէջ՝ զայն տեսնելէ առաջ իսկ։ Այդ ներկայութիւնը աշխարհասփիւռ իւրաքանչիւր հայ ընտանեկան յարկէն ներս զգացնելու  աշխատանքին լծուած է  այսօր Սփիւռքի նախարարութիւնը գլխաւորութեամբ տիկին Հրանուշ Յակոբեանին նման անխոնջ ու շրջահայեաց անձնաւորութեան մը։

 

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ ՆԱԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ

Այնուհետեւ խօսք առնելով,  Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութեան նախագահ տիկին Աստղիկ Գէորգեան՝ անդրադառնալով Սարգիս Նաճարեանի իբրեւ լրագրող եւ խմբագիր երկարամեայ վաստակին,  զինք պարգեւատրեց Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութեան «Հաւատարիմ Մասնագիտութեանը» մետալով։

Սարգիս Նաճարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Աստղիկ Գէորգեանին՝ հայ լրատուական դաշտէն ներս իր տասնամեակներու աշխատանքը արժեւորելու, իսկ Սփիւռքի նախարարին՝ իր տիկնոջ գործունէութիւնն ու վաստակը գնահատելու համար։ Ան հպարտութեամբ յիշեց որ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն անմիջապէս յետոյ,  ինք եղած է  նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին հետ հարցազրոյց ունեցող առաջին սփիւռքահայ լրագրողը։

Հուսկ Նաճարեան ընտանիքի մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ, Հայկական Կարիտասի նախագահ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան։ «ՀՀ Սփիւռքի նախարարը դիպուկ աչք ունի, քանի որ կը նկատէ ու կ’արժեւորէ լաւագոյն գործիչները» ըսաւ ան։

Շնորհաւորական եւ գնահատանքի խօսք արտասանեցին նաեւ լիբանանեան խորհրդարանի նախկին անդամ Տք. Եղիկ Ճէրէճեան, ծանօթ նկարիչ Ռուտիկ Պետրոսեանը, Հայկական Կարիտասի ներկայացուցիչներ Անահիտ Գէորգեանը եւ Ֆլորա Սարգսեանը։