Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները՝ Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ի կէսօրին «բոլորս միասին» արտասանելու Հայր Մերը՝ համընդհանուր աղօթքով դիմագրաւելու համար Քորոնա ժահրի համաճարակը։
Կիրակի, 22 Մարտ 2020-ին, Քորոնա ժահրի համաճարակին պատճառով առաքելական պալատի Մատենադարանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի պահուն, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Վատիկան Նիուզ կայքին միջոցաւ, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. «Այս դժուար օրերուն մինչ մարդկութիւնը դող ու սարսափի մէջ է համաճարակի սպառնալիքին դիմաց, կ’ուզեմ բոլոր քրիստոնեաներուն առաջարկել իրենց ձայները միացնել ու զանոնք բարձրացնել Երկինք։
«Կը հրաւիրեմ Եկեղեցիներուն բոլոր պետերը եւ Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն բոլոր առաջնորդները, տարբեր դաւանանքներու բոլոր հաւատացեալներուն հետ աղերսելու Բարձրեալին, Ամենազօր Աստուծոյ, միասնաբար արտասանելով աղօթքը, զոր մեր Տէրը՝ Յիսուս սորվեցուց մեզի։ Կը հրաւիրեմ ուրեմն բոլորը՝ Չորեքշաբթի, 25 Մարտի ժամը 12-ին աղօթելու Հայր Մերը»։
«Մինչ – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը – բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը յիշատակեն Սուրբ Կոյս Մարիամին Հրեշտակին կողմէ տրուած Բանին մարդեղութեան աւետիսը, թող որ Տէրը անսայ միաձայն աղօթքներուն իր բոլոր աշակերտներուն, որոնք կը պատրաստուին տօնախմբելու Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթանակը»։
Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Յատուկ աղօթք եւ «Urbi et Orbi» օրհնութիւն
«Միեւնոյն դիտաւորութեամբ, Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի կեդրոնական խորանին վրայ պիտի նախագահեմ աղօթքի պահու մը։ Այժմէն իսկ կը հրաւիրեմ բոլորդ՝ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ, հոգեպէս մասնակցելու այդ արարողութեան։
«Պիտի ունկնդրենք Աստուծոյ Խօսքը, մեր աղաչանքը պիտի բարձրացնենք ու երկրպագութիւն պիտի ընենք Ամենասուրբ Հաղորդութեան որուն հետ, աւարտին, պիտի կատարեմ «Ուրպի Էթ Օրպի» (Հռոմին ու համայն աշխարհին) օրհնութիւնը, որուն հետ կարելի է նաեւ ընդունիլ լիակատար ներումը»։ Այս օրհնութիւնը սովորաբար կը տրուի միայն Ծնունդին եւ Զատիկին, ինչպէս նաեւ նոր Պապի մը ընտրութեան ժամանակ։
«Ժահրի համաճարակին պատասխանենք համընդհանուր աղօթքով, համընդհանուր գթութեամբ ու քնքշութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մնալ միացած ու մեր մօտիկութիւնը ցուցաբերել միայնակ ու դժուարութեան մէջ ապրող մարդոց։
«Մօտիկութիւն բժիշկներուն, առողջապահական մարզի գործիչներուն, Պետական իշխանութիւններուն, որոնք՝ մեր բարիքին համար կը դիմեն խիստ կարգադրութիւններու ու մօտիկութիւն զինուորներուն որոնք կը պահպանեն կարգ ու կանոնը։ Մօտիկութիւն բոլորին» ըսաւ Սրբազան Պապը մօտիկութիւն յայտնելով նաեւ Խրուաթիոյ բնակչութեան որ այս առաւօտ թիրախ դարձաւ ահաւոր երկրաշարժի մը։ «Թող Տէրը անոնց պարգեւէ այս աղէտը դիմագրաւելու ուժ եւ զօրակցութիւն» ըսաւ ան, խնդրելով չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։
Vatican News