ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՄԱՅՐ ԱՐՄԻՆԷՆ

Երեքշաբթի 9 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10-ին, Հռիսիմեանց վարժարանի, շրջանաւարտներու, նախկին սաներու եւ առաւելաբար հին ու նոր աշակերտներու ծնողներու հոծ բազմութիւն մը փութացած էր Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցի մասնակցելու համար վարժարանի վաստակաշատ տնօրէնուհի Մայր Արմինէ Մակարոսեանի հոգւոյն հանգիստին համար մատուցուած սուրբ Պատարագին  եւ վերջին հրաժեշտ տալու նուիրեալ մայրապետին։ Յընթացս սուրբ Պատարագին, զոր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ մատուցանեց Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Հայր Գէորգ Ասատուրեան։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք առնելով ըսաւ թէ դամբանական մը չէ որ պիտի արտասանէ, որովհետեւ հոգեհանգստեան պատարագ մը չէ որ կը մատուցուի, այլ գոհաբանական պատարագ մը՝ գոհութիւն յայտնելու համար Աստուծոյ  հայ ժողովուրդին պարգեւած ըլլալուն համար Մայր Արմինէին նման Կոյս մը , որ վաղ մանկութենէն ընդառաչեց իր կոչումին եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, զրկանքներուն ու զոհողութիւններուն նուիրումով ծառայեց Եկեղեցւոյ եւ Ազգին, այնպէս ինչպէս կը պահանջէ Հայ Քոյրերուն առաքելութիւնը։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին,  Միաբանութեան մեծաւոր մայրը՝ Արուսեակ Սաճոնեան խոր յուզումով անդրադարձաւ մայր Արմինէի եկեղեցանուէր եւ ազգանպաստ նուիրեալ գործունէութեան։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, եկեղեցական դասին,  լուսահոգի մայրապետի գործակից քոյրերուն,  սգակիր բազմութեան եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց սրտակցութեամբ եւ ցուցաբերած հոգատարութեամբ մխիթարեցին Հայ Քոյրերու ընտանիքը։

Նախքան լուսահոգի մայրապետին մարմնին փոխադրութիւնը Զմմառ, քոյրերուն վանքը, ուր տեղի ունեցաւ թաղման կարգը, Մեծաւոր Մայրը, շրջապատուած քոյրերով ընդունեց ցաւակցութիւնները։