ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ Ծ. Վ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ՝ ԲԾԱԽՆԴԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԻՊԱՐԸ

Ի՛նչ կարեւորութիւն ունի Հայր Գէորգ Եղիայեանին նման Հովիւի մը ծննդավայրը՝ Քամիշլի,  ծննդեան (1946) կամ ձեռնադրութեան (1973) թուականները բոլոր անոնց համար՝ որոնք ականատես եւ ունկնդիր վկաները եղան անոր գործունէութեան իբրեւ Աստուծոյ ծառայ, Եկեղեցւոյ սպասաւոր, ժողովրդապետ, մեծաւոր, հոգեւոր ու կրթական մշակ, մշակոյթի գործիչ, բեմբասաց կամ մտաւորական։

Զինք ճանչցողներուն համար՝ Հայր Գէորվ ծ. վ. Եղիայեան՝ քահանան, եւ ի մէջ այլոց Մեսրոպեանի երբեմնի տնօրէնը եւ Զմմառու Տիրամօր Վանքի մեծաւորը, իրեն վստահուած ամէն առաքելութիւն, պարտականութիւն, պաշտօն կամ որեւէ աշխատանք ծայր աստիճան  բծախնդրութեամբ, աւելին՝ արքայավայել շուքով եւ մակարդակով հետապնդող եւ իրագործող մարդու տիպարն էր։ Իրեն վստահուած ամէն աշխատանքի յաջողութեան համար ճիգ ու ջանք խնայել չգիտցող, ամէն դուռ բախել գիտցող , լաւագոյնին ձգտումով գործող անձնաւորութիւնն էր։ Ան՝ իրեն վստահուած աթոռը, ինչ բարձրութեան վրայ ալ ըլլայ,  արժեւորել գիտցող մարդն էր։ Աթոռը չէ որ զինք կ’արժեւորէր, ընդհակառակը։ Գիտէր արժեւորել այն եզակի առիթները, տօնակատարութիւն կամ ամեակ, հոգեւոր, ազգային կամ ակադեմական նշում, որոնց մասին իր խօսքը ըսելու կը հրաւիրուէր։  Բեմբասաց էր։ Ան միաժամնակ գնահատել գիտէր Եկեղեցւոյ, Ազգին կամ մշակոյթի ծառայութեան նուիրեալները։ Անոր այս բարեմասնութիւններուն վկաները եղան ինծի պէս շատեր։

Մանաւանդ այդ շատերը այսօր կ՛ողբան գերյարգելի Գէորգ ծ. վ. Եղիայեանի կորուստը այնպիսի պահու մը երբ աւելի քան երբեք Եկեղեցին ու Ազգը կարիքը ունին իր նմաններուն։

Այսօր չի բաւեր խոնարհիլ անոր յիշատակին առջեւ, այլ պէտք է աղօթել եւ հայցել իր այնքան սիրած Զմմառու ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի ամէնազօր եւ ամէնախնամ  Աստուած թափուր չձգէ աթոռը Եկեղեցւոյ ամէն սպասաւորի որ իր մօտ կը կանչէ։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ