ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, այսօր՝ Օգոստոս 1-ին, Լիբանանեան Բանակին տօնին առթիւ շնորհաւորեց ընդհանրապէս լիբանանցիները եւ մասնաւորապէս Լիբանանեան Բանակը, անոր հրամանատարը, սպաները, գնդապետներն ու միաւորները՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ օրհնէ այս հաստատութեան անդամները, որոնք կ’երաշխաւորեն Լիբանանի կայունութիւնը՝ աւելի մեծ թափով եւ կորովով շարունակելու իրենց սուրբ առաքելութիւնը՝ ապահովութեան պահպանման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ լիբանանցիներուն միջեւ խաղաղ եւ համերաշխ մթնոլորտի ամրապնդման գործին մէջ, ինչ որ կ’երաշխաւորէ համակեցութիւնը եւ պատուար կը կանգնի ազգային համաձայնութիւնը վնասելու բոլոր փորձերուն:
Հոգեւոր Տէրը բարձրօրէն գնահատեց հայրենիքին համար Լիբանանեան քաջարի բանակի կատարած ու տակաւին կատարելիք որակական առաքելութիւնները՝ հիմնուելով Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի գերիշխանութեան ու ապահովութեան պահպանման ազգային դաւանանքին վրայ, միաժամանակ կարեւորելով զինուորական հաստատութեան նեցուկ կանգնելու եւ անոր նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները զօրացնելու անհրաժեշտութիւնը։

***

وجه كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البطريرك رافائيل بدروس الحادي والعشرون ميناسيان، التهاني للبنانيين عموما وللجيش اللبناني خصوصا قائدا وضباطا ورتباء وأفرادا، في عيده، سائلا الله ان ينعم على عناصر هذه المؤسسة الضامنة لاستقرار لبنان بالمزيد من التقدم والعافية لتواصل مهمتها المقدسة في حفظ الأمن ومكافحة الإرهاب وترسيخ مناخ من الطمأنينة بين اللبنانيين يضمن العيش المشترك ونبذ كل المحاولات للمس بوثيقة الوفاق الوطني.
وإذ نوّه ميناسيان بالمهمات النوعية التي نفذها الجيش اللبناني ولا يزال على ارض الوطن انطلاقا من عقيدته الوطنية بحفظ سيادة وامن لبنان وشعبه، مشددا على وجوب دعم المؤسسة العسكرية وتعزيز قدراتها وإمكانياتها المادية والمعنوية .