ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

Թիւ 96/21                                                      Անթիլիաս, 4 Հոկտեմբեր 2021

 

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ

 

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,

 

Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.

Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Պէյրութ

 

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,

 

Հոգեկան ուրախութեամբ ու եղբայրական սիրով կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը՝ որպէս Հոգեւոր Պետ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Արդարեւ, Ձեր հովուական ծառայութեան տարիներուն, Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Վատիկան ու Հայաստան, Ձեզ մօտէն ճանչցած ըլլալով եւ միշտ գնահատած ըլլալով հոգեւոր կոչումին նկատմամբ ունեցած Ձեր հաւատքն ու նուիրումը, վստահ ենք որ փայլուն նոր էջ մը պիտի բանաք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ։

Ինչպէս գիտէք, Ձեր նախորդներուն հետ Մենք ունեցած ենք սերտ գործակցութիւն ու սիրալիր յարաբերութիւն՝ հոգեւոր ու ազգային հասարակաց արժէքներու ու իտէալներու վրայ հիմնուած։ Վստահ ենք, որ քրիստոնէական սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու գործակցական ոգիով պիտի շարունակուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ մեր անձնական յարաբերութիւնները։

Այս ուրախ առիթով անգամ մը եւս կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, եւ Ձեզի կը մաղթենք Աստուծոյ օրհնութեամբ լեցուն ծառայական բեղմնաւոր տարիներ։

Եղբայրական սիրոյ ողջունիւ,

Աղօթակից՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ