Ն. Ս. ՖՐԱՆՉԻՍՔՈՍ ՊԱՊԸ ԵՒ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՆ ՄԻԱՍԻՆ՝ Ի ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ

«Հաղորդութիւն» հասկացողութիւնը խոր իմաստ կը կրէ իր մէջ եկեղեցւոյ կեանքի առաջին դարերէն սկսած

«Հաղորդութիւն»՝ կը նշանակէ միութիւն կեանքի բոլոր հարթակներու վրայ։ Ջերմեռանդական զգացում» մը չէ լոկ։ Այսօր մանաւանդ, լիիրաւ հաղորդութիւնը կը նշանակէ կեանքի բաժնեկցութիւն, «կանոններու» եւ ապրելաոճի որոշ միաձեւութիւն։ Այսօրվա հասկացողութեամբ, ամբողջական հաղորդութեան մէջ լինելը կը պահանջէ կանոնական ընդհանուր հարթակ, որ միաժամանակ կ’ոգեւորուի սիրով։ Մօտաւորապէս այսպիսի խօսքերով է, որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը բացատրեց Չորեքշաբթի երեկոյեան՝ Տեառնընդառաջի տօնին, Սուրբ Պետրոսի սրահին մէջ մատուցուած Քահանայապետական Պատարագի ժամանակ կայացած արարողութեան իմաստն ու խորհուրդը։

Արդարեւ, Տեառնընդառաջի տօնին եւ Նուիրեալ կեանքի համաշխարհային օրուան առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ժամանակ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Գոհութեան Սուրբ Խորհուրդի փոխանակումով հաստատեցին Եկեղեցական ամբողջական Հաղորդութիւնը իրար միջեւ։ Այս լիիրաւ հաղորդութեան գրաւոր տարբերակը ստորագրուած էր Նորին Սրբութեան կողմէ՝ 2021թ. Սեպտեմբեր 23 կոնդակով, որուն մէջ կը հաստատուի Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կաթողիկէ նորընտրեալ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ անոր նախագահած Նուիրապետութեան ու անոր ժողովուրդի միջեւ Սուրբ Հաղորդութիւնը, զոր Հռոմի Եպիսկոպոսը կը գլխաւորէ սիրոյ մէջ։

Յիշեցնենք, որ եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը իր ընտրութեան օրը Քահանայապետին ներկայացուցած է «Եկեղեցական Հաղորդութիւն» շնորհելու խնդրանք։

Աւանդութիւնը կը նախատեսէ, որ Եկեղեցական Հաղորդութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի Սուրբ Պատարագի հրապարակային արարողութեամբ, որուն կը մասնակցին Սրբազան Քահանայապետն ու Կաթողիկոս Պատրիարքը կամ Քահանայապետի նշանակած պատուիրակը։

Արդարեւ, Խորանի վրայ Քահանայապետին մօտ նորընտիր Պատրիարքի ներկայութիւնը, Նուիրեալ Կեանքի Ժողովի կառավարիչ եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալներու հետ միասին, արտայայտութիւնն է նաեւ արեւմտեան ոճով եւ արեւելեան աւանդութեամբ զանազանուած նուիրեալ կեանքերու միասնական վկայութեան։

Սուրբ Զոհի ընթացքին կատարուեցան որոշ ծիսական գործողութիւններ, որոնք կը խորհրդանշեն եկեղեցական Հաղորդութեան իմաստը. Նորին Սրբութիւնը Յիսուսի Մարմինը վեր բարձրացնելէ յետոյ՝ այսինքն Սուրբ Հաղորդութիւնը կրող պնակը, այն մատուցեց Պատրիարքին եւ երկուքը միասին, չորս ձեռքերով բարձրացուցին այն, ապա դրին խորանին վրայ եւ նոյնը ըրին Յիսուսի Արիւնը խորհրդանշող Գինիի բաժակով, այնուհետեւ Քահանայապետը Պատրիարքին տուաւ Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը, եւ երկուքը միասին ճաշակեցին։

Այս Եկեղեցական Հաղորդութիւնը մերօրեայ քրիստոնեաներու համար եւ ամբողջ աշխարհի դիմաց մեծ վկայութեան մարտահրաւէր է։ Այս Հաղորդութիւնը միութեան եւ սիրոյ մէջ եթէ ծաղկի, ապա պիտի ըլլայ մտքի եւ հոգիի լոյս բոլոր անոնց համար, որոնք կը ճաշակեն այդ հաղորդութեան մասնիկէն։