Երկուշաբթի, 19 Փետրուար 2024-ի, երեկոյեան Նարտօ քաղաքի եւ Նարտօ-Կալլիփոլի եկեղեցական թեմին պաշտպանին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած տօնին առիթով՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Նարտոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագը, ներկայութեամբ թեմական վիճակաւոր Գերպծ. Ֆերնանտօ Եպս. Ֆիլոկրանայի ու կղերական դասին, քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով տեղացի եւ տօնին առթիւ Նարտօ ժամանած հազարաւոր հաւատացեալներուն։ Պատարագին սպասարկութիւնն ու երգեցողութիւնը ապահովեցին Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի նորընծաները։
Ս. Պատարագին սկիզբը խօսք առաւ Գերպծ. Ֆերնանտօ Եպս. Ֆիլիկրանա, որ շնորհակալութեան խօսք ուղղելով պատուաւոր հիւրին՝ հակիրճ կերպով ներկայացուց հայ ժողովուրդին պատմութեան ու հաւատքին հայող որոշ յատկանշական թուականներ եւ եղելութիւններ, ինչպէս՝ քրիստոնէական հաւատքին տարածումը հայաշխարհին մէջ, շնորհիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի քարոզութեան։ Ապա, 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ վերջերս՝ Արցախի հայաթափումը՝ մատնանշելով, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը միշտ կառչած մնաց իր հաւատքին։ Ան ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հակիրճ կենսագրականը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, որ իբրեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին առաջնորդ եւ Սուրբ Գրիգորին յաջորդներէն մին՝ կամեցաւ այցելել Նարտօ քաղաքն ու գլխաւորել պաշտպան սուրբին նուիրուած տօնակատարութիւնը։
Նարտոյի առաջնորդ եպիսկոպոսի խօսքէն ետք, սկիզբ առաւ սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդը։ Իր կարգին՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց իր երախտագիտութիւնը՝ իրեն ընծայուած այս ուրախ առիթին համար՝ «միասին տօնախմբելու տօնը հայոց Լուսաւորիչին, որուն կը պարտինք մեր այսօրուան ներկայութիւնը այստեղ եւ որ միացուց մեր երկու ժողովուրդները»։
«Ես, ինչպէս գիտէք, զաւակ եմ Հայ ազգին։ Ազգ, որ իր հաւատքին համար հալածուեցաւ ու կրեց չարչարանքներ, բայց եւ այնպէս շարունակեց կառչած մնալ այդ հաւատքին՝ երբեք չուրանալով Աւետարանը եւ հաւատարիմ մնալով Քրիստոսին», շարունակեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին Հայրապետը՝ մատնանշելով 1915-ի Ցեղասպանութիւնն ու վերջերս Արցախի հայերու բռնի տեղահանութիւնը, նկատել տալով, որ «այսօր եւս, անցեալի նման, հայ ազգը թիրախ է խոշտանգումներու ու հալածանքներու»։
Ակնարկելով տիրող տխուր իրադարձութիւններուն, պատերազմներուն եւ անարդարութիւններուն այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր «կարծես, թէ մարդկութիւնը կորսնցուցած է իր արժէքները եւ “խաղաղութիւն” բառը այլեւս իմաստ չի գտներ», Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը քաջալերեց բոլոր ներկաները հաստատուն մնալու իրենց հաւատքին մէջ, ապա խրախուսեց զանոնք՝ քալելու սիրոյ եւ եղբայրութեան ճանապարհին վրայ՝ հաստատելով, որ եթէ կը ձգտինք խաղաղութեան, պէտք է որ զայն մշակենք նախ եւ առաջ մեր սրտերուն մէջ։
Պատարագիչ Հայրապետը աւարտեց քարոզը՝ հայցելով Սուրբ Գրիգորի հովանին, «որպէսզի ան առաջնորդէ մեզ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան քայլերով»։
Սուրբ Զոհի աւարտին՝ բոլոր հաւատացեալները դուրս գալով աթոռանիստ եկեղեցիէն՝ մասնակցեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօրին, զոր գլխաւորեց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, իր կողքին ունենալով Նարտօ-Կալլիփոլի թեմին վիճակաւորը։ Ան կրելով քաղաքի պաշտպան Սուրբին մասունքները՝ շրջագայեցաւ քաղաքին զանազան թաղամասերու մէջ, սուրբին օրհնութիւնները ջամբելով ճամբաներու եզրին կանգնած հաւատացեալներուն։
Թափօրը վերջ գտաւ Նարտոյի կենդրոնական հրապարակի մուտքին՝ ուր, Գերպծ. Ֆիլոկրանայի եզրափակիչ խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգորի մասունքով հանդիսաւոր արարողութեան փակման օրհնութիւնը։