Այնճար, 9 Դեկտեմբեր 2021
Գերշ. Սրբազան եւ Հոգեւոր Եղբայրներ,
Պատասխանատու Եղբայրներ ու Քոյրեր,
Ձեզ կ’ողջունեմ ամենայն սիրով եւ յարգանքով:
Անհուն ուրախութեամբ կ’իմացնեմ Ձեզի, որ մեր նորընտիր Հոգեւոր Տէրը՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մեծ բարեհաճութեամբ ու բերկրանքով որոշեց իր Հայրապետութեան առաջին հովուապետական այցելութիւնը տալ Այնճար Հայաւանին, եւ այն՝ Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին:
Մեր Համայնքին Ծխական Խորհուրդին եւ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան համաժողովը, գահերիցութեամբ Ժողովրդապետին, ծրագրեց հետևեալ օրակարգը այս պատմական այցելութեան:
1) Քաղաքապետին եւ ոստիկանութեան ինքնաշարժներով՝ «Հարիրի Հիմնարկ»-էն առաջնորդութիւն ներքին մայրուղիով դէպի Այնճար՝ ժամը 9։30-ին:
2) Ժամանում եւ բարեգալուստի ողջոյն՝ ժ. 9։45-ին, Այնճարի հրապարակը:
ա) Օրհնութիւն աղուհացին, զոր Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական Համայնքներէն տարազակիր երկու աղջնակներ կը մատուցանեն:
բ) Ապա, «Արարատ» փողոցով՝ հետիոտն թափօր դէպի եկեղեցի՝ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ եւ սկաուտական խումբին շքերթով:
3) Հայրապետական Ս. Պատարագ՝ ժամը 10։30-12:
4) Աջահամբոյր «Աղաճանեան կեդրոն» սրահին մէջ՝ ժ. 12-13:00
ա) Հիւրասիրութիւն:
բ) Նուէր մեր Համայնքին պատմութեան հատորին:
5) Ճաշ-դադար՝ ժ. 13։30-15:
6) Շնորհաւորութեան գալ փափաքողներուն կարգն ու ժամը «Աղաճանեան կեդրոն» սրահին մէջ: Կը խնդրեմ Ձեզմէ, որ իմացնէիք Ձեր հաւանութիւնը կամ առաջարկը:
ա) Հայ Առաքելական Համայնքին Գերշ. Սրբազանը, Հոգեւոր Տեսուչը, Հովիւը, Թաղական Խորհուրդը, Տիկնանցը, «Յառաջ» Ազգ. Վարժարանին Տնօրէնութիւնն ու Խնամակալութիւնը՝ ժամը 15։30-16։15:
բ) Հայ Աւետարանական Համայնքին Պատուելին, Հոգաբարձու Խորհուրդը, Տիկնանցը, Հայ Աւետարանական Գոլէճին Տնօրէնութիւնն ու Խնամակալութիւնը՝ ժ. 16։30-17:
գ) «Ֆաթիմա Տիրամայր» Հ. Կ. Համայնքին Հովիւը եւ Աւագանին՝ ժ. 17։15-17։45:
դ) ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին, «Գարակէօզեան» Հիմնարկին, Համազգային «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին ու ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնները՝ ժ. 18-18։30:
ե) Ճ. Պուշիքեան Նախարարը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ»-ի Հերթապահը եւ Կոմիտէն, Քաղաքապետը, Քաղաքապետական Խորհուրդն ու Թաղապետները՝ ժ. 18։45-19։30:
7) Այցելութիւն հիւանդի մը՝ ժ. 19։45-20:
8) Այցելութիւն երիցագոյնի մը՝ ժ. 20։15-20։30:
9) Աղօթք Մուսալեռի Նահատակներուն յուշակոթողին առջեւ՝ ժ. 20։45-21:
10) Հրաժեշտ եւ մեկնում՝ ժ. 21-ին:
Ձեզ սրտանց ողջունելով եւ մեր Հայաւանին աննահանջ վերելք մաղթելով՝ կը մնամ հայատրոփ զգացումներով՝
Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան
Ժողովրդապետ