Հինգշաբթի 6 Յունուար 2022ին, ժամը 12ին, Մոսկուայի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Ամեն. եւ Գերեջ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ հովուապետական այցով կը գտնուի Ռուսաստան, նախագահեց Աստուածայայտնութեան տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագին, առընթերակայութեամբ Ռուսաստանի մէջ Առաջնորդական Փոխանորդ` Գերյ. Հ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Եսայեանի եւ գեր. Հայր Նարեկ Վարդապետ Մնոյեանի, մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, ի շարս որոնց դեսպաններ ու դեսպաններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի մէջ Անտիոքի Պատրիարքի ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտ Նիֆոն։
Յիսուս լուսաւորեց աշխարհը
Յաւուր պատշաճի քարոզը փոխանցելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ օրուան տօնակատարութեան խորհուրդին, նշելով` թէ Յիսուս, Աստուածորդին, ծնաւ աղքատութեան մէջ, ոչ թէ հարուստ ու բարգաւաճ վայրի մը մէջ։ Ան ծնաւ մութ մռայլ քարայրի մը մէջ եւ այնտեղէն լուսաւորեց համայն աշխարհը։
Ասկէ մեկնելով Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Սուրբ ընտանիքի մասին ու շեշտը դրաւ Հովիւի տիպարին վրայ, հաստատելով` թէ մեզմէ ամէն մին հովիւ մըն է, հայրերն ու մայրերը իրենց ընտանիքներուն մէջ հովիւներ են իրենց զաւակներուն համար, եւ այդ «հովութիւնը պէտք է կատարուի Յիսուսի օրինակին հետեւելով, հետեւելով անոր հեզութեան, խոնարհութեան» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը որ ապա հրաւիրեց հաւատացեալները այնպէս ընելու` որ «Յիսուս այլեւս չի ծնի աղքատ քարայրին մէջ, այլ ծնի մեր հարուստ սրտերուն մէջ, հարուստ բարութեամբ, հեզութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ»։
Սիրեցէք զիրար
«Ան կը ծնի ամէն անգամ` որ մենք մօտենանք Սուրբ Հաղորդութեան» հաստատեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Պատրիարքը ու հրաւէր ուղղեց հաւատաւոր ժողովուրդին, միշտ Յիսուսը փնտռելու սուրբ հաղորդութեան մէջ, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի առօրեայի սնունդն է։
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը մատնանշեց հուսկ մանուկներուն, որոնց տօնն է այսօր, իր ուրախութիւնը յայտնելով բազմաթիւ մանուկներու ներկայութեան համար։ Ան խօսքը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները հոգ տանելու անոնց `որոնք կարիքի մէջ են, մօտիկ ըլլալու առանձնութեան մէջ ապրողին, այցելելու հիւանդն ու տառապողը, մխիթարելու ցաւի մէջ գտնուողը։
«Իրար սիրեցէք ոչ միայն խօսքով այլ շօշափելի արարքներով, գործնական կերպով» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։
Օրհնութեան գիրերու յանձնում
Արարողութեան աւարտին Հոգեւոր Տէրը գլխաւորեց Աստուածայայտնութեան տօնի ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որուն աւարտին եկեղեցւոյ ծառայող չորս անձերու յանձնեց օրհնութեան գիրեր՝ իրենց հաւատարիմ ծառայութեան համար։ Պարգեւատրուածներն էին. Լեւոն Մուրատեանը, սպասաւորութեան 25 տարուան ծառայութեան համար, ապա երգչախումբի մաս կազմող` Բաղնիքեան Մարինէն` երգչախումբի ղեկավար, Նահապետեան Եղիսաբէթ` մեներգչուհի եւ Աննա Գոգճեան երգեհոնահար։
Սրբազան արարողութիւնը աւարտեցաւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ հայրապետական օրհնութեամբ, որուն յաջորդեց հանդիպում հաւատացեալ ժողովուրդին հետ ու ճաշկերոյթ՝ պաշտօնական հիւրերուն հետ։
Նշենք, թէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի Ռուսաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքին հովուապետական այցը պիտի տեւէ մինչեւ 10 Յունուար, ուր Ան առիթ պիտի ունենայ այցելելու հայաբնակ զանազան քաղաքներու հաւատացեալները ու հանդիպում պիտի ունենայ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքութեան արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի նախագահ եւ Վոլկոլամսկիի Մետրոպոլիտ` Հիլարիոնի հետ։
Ռոպէր Աթթարեան
Վատիկան