«ՄԱՍԻՍ»-Ի 75 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ԱՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին նախագահութեամբ, «ՄԱՍԻՍ» պարբերաթերթին հիմնադրութեան 75 ամեակը առիթը հանդիսացաւ թէ՛ յետադարձ հայեացք մը սեւեռելու անոր պատմութեան եւ թէ՛ ոգեկոչելու զայն հովանաւորած, հրատարակութիւնը իրականացուցած եւ սնուցած պատկառելի դէմքերը, միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով անոր տեղն ու դերը լիբանանահայ մամուլին ընդհանուր պատմութեան մէջ:

Արդարեւ, ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր բարձրագոյն դասին, լիբանանահայ մտաւորական հոյլի մը եւ մշակութասէր հասարակութեան, Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2024, ճիշդ ժամը 19-ին, Աշրաֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին կից գտնուող ՀԿՄ-ի «Արարատեան» վերանորոգ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ մեկնարկած հանդիսութիւնը, որուն բացման խօսքը կատարեց Մարալ Հարպոյեան: Իր ելոյթը սկսաւ վկայակոչելով ԺԹ. դարուն ֆրանսացի բանաստեղծ, ազատութեան ջատագով եւ յանդուգն հրապարակախօս Վիքթոր Հիւկօն. «Մամուլը ճշմարտութեան զէնքն է ժողովուրդի ձեռքին»:

Հարպոյեան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Հայը միշտ սիրած է մշակոյթը, գիրը եւ գրականութիւնը եւ այդպիսով հաստատած, որ մենք վերապրող ժողովուրդ են եւ կը գնահատենք լաւն ու գեղեցիկը:

Տարասփիւռ հայութեան համար հայ մամուլը միութեան օղակ մը եղած է:

Հայ մամուլը գաղափարներու կազմաւորման հնոց մըն է, եւ 1947-ին Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ կը հիմնուի ու կը գործէ «ՄԱՍԻՍ», «Որպէս զէն՝ Ճշմարտութիւն» նշանաբանով, ուր քննարկուած են քաղաքական, ընկերային, եկեղեցական, ազգային, կրօնական, համայնքային եւ մշակութային նիւթեր՝ ըլլալով ճշմարտութեան լոյսը սփռող հզօր կանթեղ, ժամանակակից բովանդակութեամբ: «ՄԱՍԻՍ» համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներուն առջեւ բացուած պատուհան մըն է, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ լուսաճաճանչ փարոս մը»:

Ողջունելով «ՄԱՍԻՍ»ի 75 ամեակը՝ Հարպոյեան մաղթեց, որ «ՄԱՍԻՍ» վճռակամութեամբ շարունակէ իր գոյերթը՝ լոյս սփռելով ամէնուրեք:

Հանդիսութեան առաջին բանախօսն էր «ՄԱՍԻՍ»-ի երկարամեայ աշխարհական խմբագիրը՝ Սարգիս Նաճարեան, որ իր յուշերուն ընդմէջէն յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց պարբերաթերթին հնոցէն անցած իր գործակիցներու մասին դրուագներ, յիշատակելի պահեր:

Նախ՝ Նաճարեան շնորհաւորեց գեղակերտ վերականգնումը  «Արարատեան Սրահ»-ին, որ եղած է ո՛չ միայն Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, այլ նաեւ լիբանանահայութեան մշակութային կեանքին մէկ օրրանը: Ապա՝ շնորհաւորեց «ՄԱՍԻՍ»-ի 75 ամեակին Յուշամատեանին նուիրուած այս գեղեցիկ եւ  ճոխ  յայտագիրով  հանդիսութեան կազմակերպիչները՝ գլխաւորութեամբ Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանին։

Ան անկեղծօրէն յայտնեց, որ տակաւին չէր տեսած Յուշամատեանը, բայց նկատի ունենալով անոր խմբագրապետին՝ Գերյարգելի Վարդապետին վաստակը, հեղինակութիւնը, բծախնդրութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը իր ստանձնած պարտականութիւններուն հանդէպ, համոզուած է, որ այս հանդիսութեան վերջաւորութեան ներկաներուն պիտի մատուցուի արժէքաւոր եւ գեղեցիկ մատեան մը, ուր ամփոփուած պիտի ըլլայ «ՄԱՍԻՍ»-ի 75 տարիներու վաստակը՝ զայն կերտողներուն յիշատակութեամբ։ Նաճարեան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Այսուհանդերձ,  այս պահուն, չեմ կրնար ծնկաչոք չյիշատակել   «ՄԱՍԻՍ»-ի անմահանուն հիմնադիրը՝ Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ․ Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որուն «ՄԱՍԻՍ»-ին համար սահմանած  «Որպէս Զէն Ճշմարտութիւնը»  նշանաբանով առաջնորդուեցան, եւ, վստահ եմ, պիտի շարունակեն առաջնորդուիլ «ՄԱՍԻՍ»-ի խմբագիրները, այնպէս, ինչպէս     բանաստեղծ, բանասէր, գրականագէտ Հրաչ  Քաջարենց, ապա  նաեւ իր խորաթափանց հայեացքով մեծավաստակ Հայր Անդրանիկ Կռանեան, որ «ՄԱՍԻՍ»-ի «խմորը կը շաղէր եւ զայն եփելը ինծի կը վստահէր», ինչպէս առիթով  մը գրեց «Սարգիս առի՛ տուն» խորագրին ներքեւ։ Եւ այսպէս, մենք «շաղեցինք ու եփեցինք» իւրաքանչիւր թիւը իր համով եւ հօտով մինչեւ ներհուն Հօր հանգստեան կանչումը Զմմառու վանքին մէջ, հուսկ հրատարակութիւնը շարունակելով Զմմառու դպրեվանքին փայլուն աշակերտներէս Հայր Սեպուհ Կարապետեանին հետ։

«ՄԱՍԻՍ»-ին հետ իմ առընչութիւնս վերջին քանի մը տասնեակ տարիներով չի սահմանափակուիր։ Արդարեւ,  պատանեկութեանս, դպրոցական արձակուրդի օրերս եւ ժամերն անցուցած եմ «ՄԱՍԻՍ»-ի խմբագրատան մէջ, խմբագրապետ Հայր Վարդան Թէքէեանի, քրիստոնէականի ուսուցչիս՝ Հայր Մեսրոպ Թերզեանի, Գէորգ Պաղճեանի (Վազգէն Այգունի) նման մտաւորականներու եւ մասնաւորաբար բանաստեղծ, բանասէր, գրականագէտ, ազնուահոգի եւ ինծի շատ սիրելի Հրաչ Քաջարենցի շունչին ներքեւ։  Ասոնք ինծի սորվեցուցին ոչ  միայն քերականութիւն ու շարադրութիւն, այլ նաեւ սորվեցուցին սիրել հայ մշակոյթը, հոգեւոր արժէքները, հայ ծէսն ու աւանդութիւնները, պատմութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը։ Այս սիրոյն արդիւնքը եղաւ, լաւ կամ գէշ, այն ինչ որ ըրի, այն աշխատանքը, զոր տարի ցայսօր։

Շուրջ երկու տարի առաջ երբ ներկայացայ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ խնդրելու համար անոր օրհնութիւնը ինքզինքս հանգստեան տանելու որոշումիս, զարմացահար նայուածքով մը  ըսաւ․ «Սարգիս, դուն աշխատելով կը հանգստանաս»։  Շարունակեցի ու փորձեցի աշխատելով հանգստանալ եւ լոյս ընծայեցի նաեւ առաջին թիւը, երկրորդն ու երրորդը, սակայն չորրորդին չկրցայ  արդարացնել Հոգեւոր Տիրոջ համոզումը իմ մասիս…։

Այսօր, վստահ եմ,  որ Յուշամատեանը ազդանշանը պիտի ըլլայ  Աստուծոյ Ծառայ երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի 1947-ին հիմնած «ՄԱՍԻՍ»-ի հրատարակութեան ու մեծանուն Ծիրանաւորին կողմէ անոր սահմանուած առաքելութեան շարունակումին՝ խմբագրապետութեամբ Գերյարգելի Մեսրոպ Թոփալեանին եւ օգնութեամբ անոր երիտասարդ ու արհեստավարժ աշխատակիցներուն։

‘Բարի երթ’ Հայ Մշակոյթին բեռնակիրներուն, ինչպէս Հրաչ Քաջարենց կը սիրէր կոչել  հայ մամուլին խմբագիրները։ ‘Բարի երթ’ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ,  եւ, վստահ եմ, ընթերցասէր հասարակութեան քաջալերանքով»։

«ՄԱՍԻՍ»-ի 75 ամեակին նուիրուած պատկառելի բովանդակութեամբ եւ ծաւալով Յուշամատեանին ներկայացումը, զոր պիտի կատարէր Զուիցերիայէն այս առիթով Լիբանան հրաւիրուած Դոկտ. Տ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, սակայն նկատի առած երկրին ապահովական անկայուն վիճակը, Դոկտ. Մանուկեան անկարող ըլլալով այցելելու Լիբանան՝ այս պարտականութիւնը վստահած էր ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանին, որ իր ճարտար մեկնաբանութեամբ կարդաց անոր բանախօսութիւնը: (Դոկտ. Մանուկեանի ծաւալուն խօսքը կու տանք առանձին):

Գլխաւոր բանախօսին երկարաշունչ, հմտալից ու մանրամասն ներկայացումէն ետք, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «ՄԱՍԻՍ»-ի խմբագրապետը՝ Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան. «Այս նուիրական ժամուն, մինչ կը կատարենք շնորհահանդէսը 75-ամեայ ‛Մասիս’-ի յուշամատեանին, զոր, Յիսուսի՝ Սէր-Որդիին օրհնութեամբ եւ Մարիամի՝ Սիրամօր քաջալերանքով՝ մօտաւորապէս մէկուկէս տարուան ժիրաժիր աշխատանքէն ետք, ահա, լոյս կ’ընծայենք, արդար ու պատշաճ է, որ տրուպ խմբագրապետս յայտնեմ իմ սրտաբուխ շնորհակալութիւնս:

Շնորհակալութի՛ւն մեր Հոգեւոր եւ Վեհափառ Հայրապետներուն:

Շնորհակալութի՛ւն օրհնութեան, ողջոյնի ու մաղթանքի հեղինակներուն:

Շնորհակալութի՛ւն ‛Մասիս’-ի նահապետին եւ խմբագրութեան ցկեանս պատուոյ անդամին:

Շնորհակալութի՛ւն յօդուածագիրներուն եւ աշխատակիցներուն:

Շնորհակալութի՛ւն երկու մեկենասներուն:

Շնորհակալութի՛ւն Արժպտ. Դոկտորին ու անոր բանախօսութիւնը կարդացողին:

Շնորհակալութի՛ւն երգիչ, նուագող, ընթերցող եւ ասմունքող արուեստագէտներուն:

Շնորհակալութի՛ւն յոբելենական յանձնախումբին անդամ-անդամուհիներուն:

Շնորհակալութի՛ւն լուսա-ձայնահաղորդավարին եւ լուսանկարիչներուն:

Շնորհակալութի՛ւն տպարանապետին ու գրաշարողին:

Շնորհակալութի՛ւն մեր մարդասիրական ‛Humanitas’-ի տնօրէնութեան:

Շնորհակալութի՛ւն մեր ՀԿՄ-Պատանեկանի պարման-պարմանուհիներուն:

Շնորհակալութի՛ւն ձեր քաջալերիչ ներկայութեան:

Շնորհակալութի՛ւն ‛Մասիս’-ի խմբագրակազմէն  Նազելիին, Համբիին եւ եղբօրս՝ Հ. Յովսէփին, առանց որոնց, կը խոստովանիմ, անկարելի էր պատրաստութիւնն այս յոբելենական հատորին:

Հուսկ, երբ այսօր Աստուածամօր Ծնունդը կը տօնախմբէ մեր Եկեղեցին, որուն անարժան քահանայ-որդին եմ ճիշդ 51 տարիներէ ի վեր, իմ անհուն երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այս պատմապանծ Եկեղեցիիս:

Անոր հոգեմտաւոր կտրիճներէն՝ Երանելի Տէր Կոմիտաս Քհյ. Քէօմիւրճեան եւ Երանելի Հ. Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեան Նահատակները, ինչպէս նաեւ Մխիթար Սեբաստացի ու Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան «Աստուծոյ Ծառաները» պիտի սրբադասուին յառաջիկայ երկու-երեք տարիներուն:

Վերջապէս, բայց ո՛չ՝ վերջնականապէս, ‛Մասիս’-ի երջանկայիշատակ Հիմնադրին՝ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին շատ սիրած եւ հռչակած իմ սրբաշնորհ Հիմնադրիս՝ Մխիթար Աբբահօր միշտ այժմէական յայտարարութեամբ կ’աւարտեմ խօսքը շնորհակալութեանս, որ, սակայն, յա՜ր կը մնայ անաւարտ. ‛Ի փառս մեծագոյնս Աստուծոյ,  եւ ի պա­տիւ Ա­մէն­օրհ­նեցելոյ Կուսին Մարիամու,եւ ի յօգուտ Ազգիս հայկազնոյ, եւ յօգուտ մանկանց Եկեղեց­ւոյ’»: Ամէն:

75 ամեակին հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միրէյ Քիւթիւքճեան՝ «Կռունկ» մեներգով, դաշնամուրի վրայ Մարալ Թալաթինեանի ընկերակցութեամբ, Լիւսի Եթերեան՝ Հայր Անդրանիկ Կռանեանի «Երթա՜մ … երթա՜մ…» մտորումի ընթերցումով, Վերոնա Ռուսիալեան՝ դաշնամուրի վրայ «Վաղարշապատ պար» նուագով, Սէրլի Նեմշեհիրեան՝ տուտուկի վրայ «Պինկէօլ» նուագի կատարումով, Մէրի Էքմէքճեան՝ «Դաստիարակը» ասմունքով,  Ճէսի Աւետիսեան (ջութակ) եւ Վերոնա Ռուսիալեան (դաշնամուր) «Նոքթիւրն» երաժշտութեան կատարումով:

Իր սրտին խօսքէն ետք, Գերյարգելին բեմ հրաւիրեց Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, Յուշամատեանին հրատարակման բարերարը եւ նախկին խմբագիրը, ինչպէս նաեւ խմբագրակազմը՝ խաչով եւ զմմառեան գինիով կատարելու համար Յուշամատեանին կնունքը, որուն աւարտին՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը հայրապետական իր խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով փակումը կատարեց 75 ամեակին շնորհահանդէսին:

Ապա, տեղի ունեցան լոյս ընծայուած Յուշամատեանին բաշխումը, մակագրումն ու պատշաճ հիւրասիրութիւնը:

Ն.Է.Ն.