ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՍՈՒԼԻՍՆԵՐ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ ԱՌԹԻՒ

Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին, Ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ճիւնի-Թրիփոլի մայրուղիի եւ Հարիսա տանող ճամբու խաչմերուկին վրայ բացումը պիտի կատարուի Լիբանանեան-Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթողին։ Բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլան պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ մասնաւորաբար Ճիւնիի քաղաքապետ եւ Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետական խորհուրդներու համախմբումի նախագահ Ժուան Հպէյշ ինչպէս նաեւ բարերար տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճապուրեան։

Այս առթիւ տեղի ունեցան երկու մամուլի ասուլիսներ, մէկը՝ Կաթողիկէ Լրատուութեան կեդրոնին մէջ, միւսը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին։ Առաջինը՝ արաբական մամուլին, իսկ վերջինը լիբանանահայ մամուլին  համար։ Կաթողիկէ Լրատուութեան կեդրոնին մէջ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած ծրագրին անդրադարձան Զմմառու վանքի պատրիարքական փոխանորդ եւ մեծաւոր գերապայծառ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան եւ Պատրիարքութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի պատասխանատու Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան։

Հայկական լրատուամիջոցներուն յատուկ ասուլիսին, որուն ներկայ եղան Հ. Սեպուհ վ. Կարապետեան եւ քանդակագործը՝ Պօղոս Թասլագեան (Աղասի),  պր. Սարգիս Նաճարեան՝ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին առթիւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած Լիբանանեան-Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթողի հանդիսաւոր բացումին, շեշտեց որ Յուշակոթողը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան նախաձեռնութիւնը ըլլալով հանդերձ, սահմանուած է արտայայտելու ոչ միայն լիբանանահայութեան երախտագիտութիւնը Լիբանանին, այլ համայն լիբանանահայութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին բարեկամական զգացումները։

Ապա, գերյարգելի հայր Մեսրոպ Թոփալեան ներկայացուց բարերարն ու քանդակագործը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Յուշակոթողի մասին նշելով որ քանդակին բարձրութիւնը չորս մեթր է, զբաղեցուցած տարածութիւնը՝ 15 քառակուսի մեթր։ Ան կը բաղկանայ չորս խորհրդանշական մասերէ։ Հուսկ գերյարգելին նկարագրեց այն խորհրդանիշերը զորս գեղակերտ քանդակը իր բաղադրամասերով կը ներկայացնէ։

Ասուլիսի աւարտին ներկաները ստացան Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ հրատարակուած հատորներէն օրինակներ։