ՄԱՀԱԶԴ՝ ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱԹԱԳԵԱՆի

 

«Ես եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը,

ով որ հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի»

(Յովհաննէս 11, 25)

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր
Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը

Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսաց եւ Եպիսկոպոսաց Դասը

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը
և
Պաթագեան Ընտանիքը

սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ
Տ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱԹԱԳԵԱՆի
Վաստակաւոր Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Անդամ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան

վախճանումը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։

† † †

Թաղման կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Զմմառու Վանքի մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին՝ նախագահութեամբ Կաթողիկոս Պատրիարքին։
Ապա, Սրբազան Հօր մարմինը պիտի ամփոփուի մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ։
Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 16։00-էն 19։00, Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

֍֍֍

Կենսագրութիւն

ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱԹԱԳԵԱՆ

Հ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան ծնած է 5 Նոյեմբեր 1929-ին, Յունաստանի Գոգինիա քաղաքը: 1939-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմին սկիզբը, ընտանիքը փոխադրուած է Լիբանան եւ հաստատուած Պուրճ Համուտ: Պատանի Մանուէլ նախ յաճախած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը, ապա 1941-ին մուտք գործած է Զմմառու Վանքի փոքր ընծայարանը եւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան մէջ, ինքզինքը նուիրած է Աստուծոյ: Այնտեղ ան իր ուսումը շարունակած է մինչեւ 1946: Նոյն տարին մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան վարժարան, եւ իմաստասիրութեան ու աստուածաբանութեան ուսումներուն համար յաճախած է Յիսուսեան Հայրերու Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանը:

1954-ին, Դեկտեմբեր 8-ին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Պետրոս Արք. Քէտիճեանի կ’օծուի կուսակրօն քահանայ, անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան:

1955-ին, Լիբանան կը վերադառնայ եւ իր առաքելութիւնը կը սկսի իբրեւ օգնական ժողովրդապետ Ս. Գրիգոր – Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ: 1957-ին կը նշանակուի Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ, իսկ 1963-ին կը ստանձնէ ժողովրդապետի պաշտօնը եւ անվերապահ նուիրումով կը ծառայէ մինչեւ 1978, քսանմէկ տարիներ շարունակ: 1978-ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին՝ զինք կ’ընտրէ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Մեծաւոր մայրավանքի: Այս պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1984 թուականը վեցամեայ պաշտօնավարութեամբ:

1984-ին, ժողովրդապետ կը նշանակուի Փարիզի Ս. Խաչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ եւ Ընդհանուր Փոխանորդ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի: Այնուհետեւ, 1990-ին կը ստանձնէ Մեծաւորի պաշտօնը Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի ի Հռոմ: Մեծաւորութեան տարիներուն եղած է նաեւ պատասխանատու Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին, աստուածաբանական եւ բարոյական նիւթերու հաղորդումներուն: Միաժամանակ իրեն վստահուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան գործակատարի եւ Հռոմի Ս. Վլաս հիւրանոցի Մատակարարութեան պաշտօնները:

1995-ին, Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէ կ’ընտրուի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ: Նոյն թուի, Մարտ 11-ին, եպիսկոպոս կ’օծուի Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոսի: Եպիսկոպոսական օծումէն ետք, ան նշանակուած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ ու Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ: 2000 թուին, Գերապայծառը իր հրաժարականը կու տայ Կաթողիկոսական Փոխանորդի պաշտօնէն: Ապա, 30 Նոյեմբեր 2000-ին, կը նշանակուի Վիճակաւոր Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Էքսարքութեան: 2001-ի Յունուար 20-ին, Նիւ Եորքի Սրբուհի Աննա Կաթողիկէ Հայոց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ’ունենայ Արհի. Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի գահակալութիւնը: Առաջնորդական պաշտօնը կ’երկարի տասը տարի, հակառակ որ Գերապայծառը այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ 2004, կանոնական տարիքը բոլորած ըլլալով իր հրաժարականը ներկայացուցած է այդ պաշտօնէն, սակայն շարունակած է զայն մինչեւ որ ընտրուի իր յաջորդը՝ 2012-ին։ Այդ թուականէն սկսեալ, Լիբանան վերադառնալով, ան հաստատուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր իր ժամանակին մեծ մասը կը յատկացնէ հոգեւոր գրականութեան, եւ յատկապէս Սուրբ Գիրքի աշխարհաբար թարգմանութեան վերատեսումի աշխատանքին։

Այս պաշտօններուն եւ առաքելութիւններուն առընթեր, Մանուէլ Եպս. Պաթագեան եղած է դատաւոր Հայ Կաթողիկէ Դատական Ատեանին, անդամ Հայ Կաթողիկէ Մնայուն Սիւնհոդոսին, նախագահ Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբին, ընդհանուր քարտուղար ապա ատենավար Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին։

Ամէնուն ծանօթ է հոգելոյս Գերապայծառին երաժշտագէտի արժանիքները. քաջահմուտ երաժիշտ ըլլալով՝ հովուական գործին առընթեր իր գործունէութեան դաշտը եղած է եկեղեցւոյ երգչախումբը:

Ան անհունօրէն կը սիրէր եկեղեցական երաժշտութիւնը, ամբողջովին ըմբոշխնած էր Կոմիտասի, Եկմալեանի եւ այլ Պատարագները, ինչպէս նաեւ Զմմառու աւանդական եղանակներով թրծուած ըլլալով՝ հմտօրէն տիրացած էր Զմմառեան աւանդական շարականներուն:

Աշակերտական տարիներուն՝ երգեհոնի դասընթացքներով զարգացուցած էր իր նուագելու կարողութիւնը: Մատներու վրայ գոց գիտէր երաժշտական դժուարիմաց ստեղծագործութիւնները, ինչպէս՝ Պախի, Հայտընի, Հենտելի, Մոցարտի, եւ Վակների:

Վերջին տարիներուն՝ Գերապայծառը մնայուն բնակութիւն հաստատած էր Պէյրութ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, որպէս խորհրդատու Հայ Կաթողիկէ Գահակալներուն: Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդներով զօրացած՝ կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկարամեայ սպասաւոր եւ Աստուծոյ ծառան մահկանացուն կնքեց իր կեանքի 92-րդ եւ Քահանայական ծառայութեան 67-րդ տարին:

Հանգուցեալ Գերապայծառին գրիչին կը պատկանին՝ «Իմ Պատարագս» տպուած Պէյրութ 1964-ին եւ «Նոր Աղօթագիրք» գրքոյկները, տպուած Պէյրութ 1982-ին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եկեղեցական եւ յատկապէս ծիսական յօդուածներ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Աւետիք» պաշտօնաթերթին եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան «Զմմառեանք ի Սփիւռս աշխարհի» տարեգիրքին մէջ: Պաթագեան Գերապայծառը իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբին մէջ գործօն մասնակցութիւն բերած է, եւ իր ջանքերով վերահրատարակուած են Փոքր Մաշտոցը (աշխարհաբար), Նոր Կտակարանը. Ինչպէս նաեւ Դաւթի Սաղմոսները:

Աստուծմէն հայցելով երկնային խաղաղութիւն եւ հանգուցեալին յաւիտենական հանգիստ, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Միաբանութեանս աւագ եւ կրտսեր բոլոր անդամներուն եւ սգակիր հարազատներուն, խնդրելով Տիրոջմէ նորանոր քահանայական կոչումներ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ: