ՄԱՀԱԶԴ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ
Խոր ցաւով կը գուժէ
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆԻ
(1932 – 2021)

Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Ատանայի Հայոց
Անդամ Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Կղերի Միաբանութեան

վախճանումը, որ պատահեցաւ 2021 թուականի Փետրուար 15-ին,
Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական նստավայրին մէջ։

† † †

Նախագահութեամբ՝
Առաջնորդ՝ Արհի. Հայր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի
եւ մասնակցութեամբ՝
Թեմի հոգեւորականներու, սգակիր հարազատներու եւ հաւատացեալներու,
տեղի կ’ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.

Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2021.
Ժամը 16:00-ին՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի ժողովրդապետութեան մէջ կը զետեղուի նորոգ հանգուցեալ Սրբազան Հօր աճիւնը եւ տեղի կ’ունենայ վերջին հրաժեշտի արարողութիւն։
Ժամը 18:00-ին՝ Ժողովրդապետութեան մէջ տեղի կ’ունենայ Տան կարգը։

Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2021.
Ժամը 12:00-ին՝ Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի եկեղեցւոյ կարգը։
«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ