ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ,
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ,
ՊԱՂՏԱՏԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԸ,
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ,
եւ
ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երէց անդամներէն եւ
Պաղտատի Թեմի Վաստակաւոր Առաջնորդ՝
ԱՐՀԻ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԱՐՔ. ՏԱՊՊԱՂԵԱՆԻ
(1933-2018)
վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբերի առաւօտուն:
Թաղման կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ 14 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Զմմառու Վանքի մայր տաճարին մէջ, յընթացս հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագին` նախագահութեամբ Կաթողիկոս Պատրիարքին: Ապա, սրբազան հօր մարմինը պիտի ամփոփուի մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ, կ. ե. ժամը 4-էն 7 Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ. իսկ Շաբաթ 15 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-13:00, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ժէիթաուի։
Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: