ՀՐԱՍԱՆԴԻ ԵՐԿՈՒ ՌՈՒՄԲԵՐ ԿԸ ՊԱՅԹԻՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ին, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ «Փարոս» վարժարանի ու «Լոյս» ճեմարանի բակերուն մէջ պայթած են երկու հրասանդի ռումբեր: Աստուածային նախախնամութեամբ աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը մարմնական ոչ մէկ վնաս  կրած են: Ոտքէն  վիրաւորուած է դպրոցի մեքենավարներէն մին, որուն վէրքը բարեբախտաբար շատ ծանր չէ: Անշուշտ դպրոցին մէջ կը տիրէ վախի ու ահաբեկումի վիճակ: Հայր Գէորգ վարդապետի եւ ուսուցչական կազմի հսկողութեամբ, աշակերտութիւնը  հավաքուած է դպրոցին ներքնայարկը գտնուող «Պասմաճեան» սրահին մէջ, աւելի ուշ կացութեան համեմատաբար հանդարտեցումէն ետք, աշակերտները  մեկնած են տուն: Հրասանդները  պատճառած են նիւթական վնասներ: «Ամինեան» սրահի դէպի բեմ բարձրացող արտաքին աստիճանները մեծապէս վնասուած են,նոյնպէս սրահի պատը: Վնասուած են դպրոցի ու ՀԿՄ-ի ակումբի ապակիները:

Այս դժուար ու անապահով օրերուն, բոլորս միանանք աղօթելով Տիրոջ որպէսզի իր խաղաղութիւնը տայ Սուրիոյ ու մանաւանդ Դամասկոսի, անփորձանք պահելով  անմեղ քաղաքացիները, լուսաւորէ հոգիները նահատակներուն ու զոհերուն ու շուտափոյթ առողջութիւն պարգեւէ վիրաւորներուն: