ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ԴԱՏԻ ԿՈՆԴԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2020-ին Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Երջանկայիշատակ  Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի սրբադասման դատի ստորեւ ներկայացուած կոնդակը.

 

Կոնդակը

Երանացման եւ Սրբադասման Դատ

Աստուծոյ Ծառայ

Լատին Սուրբ Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր

Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի

(աշխարհական անունով՝ Ղազարոս)

 

ԿՈՆԴԱԿ

1971 թուականի Մայիսի 16-ին, Հռոմի մէջ մահացաւ Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր եւ Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Աստուծոյ ծառան, աստուածաբանական եւ հոգեւոր խորաթափանց մշակոյթի մարդ, իր կեանքը նուիրեց Տիրոջ եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ զանազան պաշտօններով, որոնց կոչուած էր։ Իմաստութեամբ եւ սիրով առաջնորդեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, յառաջ մղելով անոր հոգեւոր եւ նիւթական զարգացումը։ Նոյն սէրը, խոհեմութիւնը եւ եռանդը ան ցոյց տուաւ Աւետարանի պատգամի տարածումին համար, երբ անոր վստահուեցաւ Հաւատոյ Տարածման ժողովի ղեկավարութիւնը։ Կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ վկայեց իր մեծ հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, ա՛յն ուրախութեամբ՝ որ ինք Անոր նուիրեալն էր եւ յարատեւ փափաքով՝ զԱյն հաղորդելու եղբայրներուն։

Որովհետեւ յիշեալ Աստուծոյ Ծառային սրբութեան հռչակը տարիներու ընթացքին միշտ աւելցած է, եւ օրինաւոր կերպով հաստատուած, Խնդրարկուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է անոր երանացման եւ սրբադասման դատին ընթացք տալու։ Եկեղեցւոյ հասարակութեան տեղեկացնելու նպատակով կը հրաւիրենք բոլոր եւ առանձին հաւատացեալները մեզ տեղեակ պահել ուղղակի կերպով եւ կամ Հռոմի Փոխանորդութեան Թեմական Ատեանին հաղորդելով բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնցմէ որոշ չափով կարելի է հետեւցնել յիշեալ Աստուծոյ Ծառային սրբութեան հռչակին նպաստաւոր կամ հակառակ տարրեր։

Առաւել եւս, որովհետեւ ըստ օրէնքի նախատեսութեան պէտք է հաւաքուին բոլոր գրութիւնները որոնք կը վերագրուին Աստուծոյ Ծառային, այս ԿՈՆԴԱԿՈՎ կը հրահանգենք, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ձեռքին մէջ ունին որեւէ գրութիւն, որուն հեղինակը Աստուծոյ Ծառան է, պատշաճ խնամքով զայն յանձնեն սոյն Ատեանին, եթէ անոնք ցարդ չեն յանձնուած Դատի Խնդրարկուին։

Կը յիշեցնենք, թէ գրութիւններ անուանումով նկատի չեն առնուիր միայն տպագրուած գրութիւնները, որոնք արդէն հաւաքուած են, այլ նաեւ Աստուծոյ Ծառային ձեռագիրները, օրագրութիւնները, նամակները եւ որեւէ այլ անհատական գրութիւն։ Անոնք որոնք կը փափաքին պահել բնօրինակները, կարող են ներկայացնել պատշաճօրէն վաւերացուած պատճէնը։

Վերջապէս կը սահմանենք, որ այս ԿՈՆԴԱԿԸ երկու ամսուան տեւողութեամբ մնայ կցուած Հռոմի Փոխանորդութեան դարպասներուն, ինչպէս նաեւ հրատարակուի Հռոմի Թեմական Պարբերականի (Rivista Diocesana di Roma) եւ Osservatore Romano եւ Avvenire օրաթերթերուն մէջ։

Տրուած Հռոմ, Փոխանորդութեան Նիստէն, 2020ի Փետրուար 4,

Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիս

Ընդհանուր Փոխանորդ

Մարչելլօ Թերրամանի

Նոտար