Աշխատանքային այցով Դեկտեմբեր 10-13 Լիբանան այցելած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Դեկտեմբեր 13-ին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ պաշտօնական հիւրերու ուղեկցութեամբ, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարան:
Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, ծնողական վարչութեան անդամները եւ ուսուցիչները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պաշտօնական հիւրերուն հետ յարգանքի տուրք մատուցանեց վարժարանի շրջաբակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքարին մօտ` վառելով ոգեղէն կեանքի յաւերժալոյս մոմը եւ զայն զետեղելով խաչքարին դիմաց:
Այնուհետեւ վարժարանի մուտքին մօտ աւարտական դասարանի աշակերտները նախարարին դիմաւորեցին աղուհացով:
Նախարարի այցելութեան առիթով վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` ներկայացուած աշակերտներուն կողմէ:
Ողջոյնի խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց նախարարին` իրենց կրթօճախ այցելութեան համար եւ աւելցուց, որ նման հանդիպումները նաեւ զիրենք կը քաջալերեն` դաստիարակելու սերունդ, որ միշտ հայրենիքի կողքին կ’ըլլայ, անոր ծառայելու ոգի կ’ունենայ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց Մայրենիի պահպանումը եւ յորդորեց աշակերտներուն լաւ սորվիլ, որպէսզի կարենան բարձունքներ նուաճել ու օգտակար ըլլալ ո՛չ միայն իրենց համայնքին, բնակութեան երկրին, այլեւ` հայրենիքին:
Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ 95-ամեայ վարժարանի մատուցած հայապահպան ծառայութիւնը` աշակերտներուն հայեցի դաստիրակութիւն փոխանցելու ուղղութեամբ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք չեն խնայեր, որպէսզի Սփիւռքի մէջ մեծցող հայ աշակերտներու հոգիին մէջ միշտ վառ մնայ հայկական ինքնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը:
Այնուհետեւ վարժարանին կողմէ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին փոխանցուեցաւ յուշանուէր` վարժարանի եւ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարի համայնապատկերով: