Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 11։00ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան։ Բուն Բարեկենդանի առիթով ան իր հայրական յորդորը փոխանցեց հաւատացեալներուն, նկատելով թէ «Բուն Բարեկենդանը պատրաստութիւն մըն է վաղուան քառասնօրեայ պահքի ու ծոմի, առիթ մըն է աւելի մօտէն ճանչնալու մենք զմեզ եւ յիշելով մեր մեղքերն ու յանցանքները, բաց ճակատով վերադառնալու Քրիստոսի: Հետեւաբար իրմէ խնդրելով ներողութիւնն ու ողորմութիւնը եւ իրեն հետ միասին շալկելով այդ խաչը, զոր ինքը կրեց իր կեանքի ընթացքին, նպաստած կ’ըլլանք արժանանալու երկնքի մէջ երջանկութեան։ Մեր զղջացեալ մեղաւորի կերպարէն մեկնելով, ընթանանք Քրիստոսի հետ միասին»: Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց հայուն՝ քրիստոնէութեան դաւանանքի ամուր կառչելու պատմական հետեւողականութիւնը ըսելով. «Որպէս հայ ժողովուրդ, մեր քրիստոնէական կեանքը դարեր շարունակ պահպանուած է մեր նախահայրերու արիւնով. ոչ միայն եղեռնով, այլ՝ ի վերուստ, Վարդանանցէն սկսեալ մինչեւ օրս կը շարունակենք արիւնով վճարել մեր քրիստոնէական ինքնութեան պահպանումը:»
Պատարագի աւարտին մոխիրի օրհնութիւնը տեղի ունեցաւ ապա հաւատացեալներու գլուխներուն վրայ ցանուելով յիշեցուց թէ մարդը հող էր եւ հող ալ պիտի դառնայ: Հոգեպարար Արարողութեան ներկայ էին՝ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեան, օրուան պատգամախօս Գեր. Ներսէս վրդ. Սաքայեան, Գերապատիւ հայրեր, Հռոմի Անարատ Յղութեան միաբանութեան առաքինազարդ հայ Քոյրեր, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչներ, Բշհ. Տէր Յովիկ սրկ. Պօղոսեան եւ հռոմաբնակ հայ եւ օտար հաւատացեալներ:
Ս. արարողութիւններէն ետք, աւագ խորանի վարագոյրները փակուեցան եւ եղբ. Յակոբ Կրպոյեանի բացման խօսքով սկիզբ առաւ Վարդանանց ճակատամարտի տօնակատարութիւնը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, խրախուսեց զանոնք միասնաբար նշելու այս փառապանծ յիշատակը՝ «Եկէ՛ք ուրախութեան հոգիով, կատարենք այս տօնը, իբր տօն յաղթանակի եւ ազգային ինքնութեան ամուր գիտակցութեան» ըսաւ ան: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Մարինէ Գրիգորեան մենակատարեց Ղեւոնդ Ալիշանի «Պլպուլն Աւարայրի» եւ «Բամ Փորոտան» երգերը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Աննա Մանուկեանի. Մարիա Մարտիրոսեան ջութակի վրայ եւ Սոնա Յակոբեան դաշնամուրի վրայ նուագեցին Կոմիտասի «Հով Արեք»ը. եղբ. Հայկ Շահինեան ասմունքեց Աշուղ Ջիւանիի «Աւարայրի Դաշտ»ը. Սոնա Յակոբեան սրինգի վրայ նուագեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն Հաւուն» շարականը. Անի Մնացականեան մենակատարեց Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Լռեց»ը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Յակոբեանի. Քոյր Մարիամ Յարութիւնեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը. ապա վարժարանի ժառանգաւորները քառաձայն երգեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Նորահրաշ» շարականն ու Սիմոն Ֆէլէկեանի «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան»ը։
Օրուան բանախօսն էր գեր. Ներսէս վրդ. Սաքայեան. ան կրկնելով Եղիշէ պատմիչի խօսքը. «Մեր քրիստոնէութիւնը զգեստ մը չէ որ փոխենք, այլ՝ մեր մորթին գոյնն է, որ կարելի չէ փոխել յաւիտեան»։ Ան յուզմունքով աւելցուց, արցունքը համարեա իր դէմքը ծածկած՝ «Այդ ուխտին եւ հայ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ՝ ունեցանք Վաչէեանները, Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք, մինչեւ 1915, մինչեւ Սումկայիթ, մինչեւ մեր օրերը՝ Ապրիլեան պատերազմի մեր հայ հերոսները, այդ հերոսները որոնք կը պաշտպանեն մեր սահմանները: Եւ ահա պատերազմներու շարք մըն էր, եւ Աւարայրը մէկ ճակատամարտը այդ երկար շարքին մէջ: Ճակատամարտը կատարուեցաւ քաղաքական շատ բարդ պայմաններու մէջ: Դիւրին է այսօր քննադատել այդ ժամանակը. ծանօթ է թէ, հայ ժողովուրդը ինչպէս այդ օրերուն պարսկական եւ յունական քաղաքականութեան միջեւ մնացած էր։ Մեզի համար կարեւոր է կենդրոնանալ Վարդանանց թողած պատգամին՝ ինքնութեան գիտակցութիւն եւ միասնութիւն»:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ան բարձր գնահատեց օրուայ հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբն ու մասնակիցները, իսկ Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը: Ապա կոկիկ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ Վարժարանին մէջ:
ՀԱՅԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ