Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, իր գահակալութեան արարողութենէն ետք առաջին պաշտօնական շնորհակալական այցելութիւնը կատարեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ, զօրավար Միշել Աունին, գլխաւորելով եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ աշխարհականներու պատուիրակութիւն մը։
Երեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2021-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունելով Հոգեւոր Տէրը, Նախագահ Աուն շնորհաւորեց զայն՝ անոր գահակալութեան առթիւ, մաղթելով յաջողութիւն՝ հոգեւոր եւ ազգային նոր պարտականութիւններուն մէջ։
Հոգեւոր Տէրը իր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին՝ յուսալով, որ Աստուած այս հանգրուանին պիտի օգնէ իրեն՝ պարտականութիւնները կատարելու, սրտերը մերձեցնելու եւ բոլոր պաշտօնատարներու խիղճը արթնցնելու՝ Լիբանանը ապահով ափ հասցնելու համար։
Հոգեւոր Տէրը նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքը միշտ պատրաստ է ծառայելու իրենց երկրին՝ ժողովուրդի միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ պետութեան կերտման ուղիով:
Հանդիպումին ընթացքին, նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ ապահովական վերջին միջադէպերու հետեւանքները հսկողութեան տակ են, եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին վերադարձ չկայ՝ հակառակ երկրին մէջ ընդհանուր մթնոլորտի մշտական խաթարման։
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետաքննութեան գծով՝ նախագահը շեշտեց դատական համակարգի անկախութիւնը այս առումով եւ քաղաքական գործիչներու կողմէ՝ այդ գործընթացին չմիջամտելու անհրաժեշտութիւնը։