ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ՝ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը ԱՄՆ կատարած իր հովուական այցելութեան ծիրին մէջ, Լոս Անճելըսէն ետք ուղղուեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ընկերացութեամբ տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի եւ Հայր Անտոն Նորատունկեանի։

Յունիս 1-ի երեկոյեան ժամը Հոգեւոր Տէրը իր շքախումբով ժամանեց քաղաքի Փոխման Սուրբ Կոյս Մարիամի կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի ուր դիմաւորուեցան Սան Ֆրանսիսքոյի Առաջնորդ` Արքեպիսկոպոս Սալվաթորէ Գորտիլէոնիին կողմէ։

Այստեղ՝ նախագահութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Առաջնորդին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն աղօթքները կատարուեցան լատիներէնով մինչ երգեցողութիւնը հայկական ծէսով, որոնց շարքին երգեցուեցան` Մեծացուսցէն, Սուրբ Աստուածը ապա «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը, որով փակումը կատարուեցաւ ժամասացութեան։

Արարողութեան աւարտին Աստուածածնայ խորանին մօտ առնուած յուշապատկերէն ետք, Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ` հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Արքեպիսկոպոս Գորտիլէոնի Հոգեւոր Տիրոջ ուղղած իր բարի գալուստի խօսքին մէջ դրուատեց Հայ ազգի քրիստոնէական հաւատքը` յիշելով, որ հայերը եղած են առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւնը որդեգրած է որպէս պետական կրօն ու դարեր շարունակ արիւն թափած են պաշտպանելու համար այդ կրօնը. «Եւ եկած էք մինչեւ այստեղ` Ամերիկայի ափերուն վրայ, կրկին ու կրկին անգամ վկայելու քրիստոնէական ձեր պատկանելիութիւնը» ըսաւ Սան Ֆրանսիսքօ թեմին առաջնորդը։

Իր կարգին խօսք առնելով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, նախ երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ու եղբայրական ընդունելութեան համար, ու միասնաբար կատարուած աղօթքին համար, ապա խնդրեց, որ Եպիսկոպոսն ու հաւատացեալները շարունակեն աղօթել Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի քրիստոնեաներուն համար, որոնք «կ’ապրին դժուար պահեր ու յաճախ հալածուած են»։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խնդրեց նաեւ, որ Գերապայծառ Գորտիլէոնին եւ կաթողիկէ կղերական դասը շարունակեն հոգ տանիլ իրենց թեմէն ներս գտնուող հայ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։
Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս առթիւ Արքեպիսկոպոս Գորտիլէոնիին նուիրեց Նարեկացիին երկերը, ինչպէս նաեւ փոքրիկ հայական խաչքար մը, փորագրուած փայտի վրայ։

Իսկ 1 Յունիսին, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի բարձրագոյնը նկատուող Տէյվիտսըն բլուրին վրայ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի հսկայ խաչքարը՝ որուն հաստատման համար մեծ աշխատանք կատարած էր Ան անձամբ։ Այս այցելութեան ներկայ էր Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանի պատասխանատուներէն Տիկին Միրնա Մելկարտ։