Մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան տօնը, ըստ ժողովրդային աւանդութեան, Վարդավառ կը կոչուի:
Հայ եկեղեցին կը նշէ 5 տաղաւար տօներ, որոնց ընթացքին իւրայատուկ օրհնութիւն մը տեղի կ’ունենայ, այսպէս` Աստուածայայտնութեան կ’օրհնուի ջուրը, Ս. Յարութեան կ’օրհնուի հաւկիթը, Պայծառակերպութեան կ’օրհնուի խնձորը, Վերափոխման կ’օրհնուի խաղողը եւ Խաչվերացին կ’օրհնուի ռեհանը:
Այս բոլոր օրհնութիւններէն, խնձորի օրհնութիւնը մեր գաղութին մէջ մոռցուած էր:
Այս պատճառով՝ այս տարի Պուրճ Համուտի «Ս. Փրկիչ» հայ կաթողիկէ եկեղեցին նախաձեռնութիւնը առաւ վերադարձնելու հայկական հին սովորութիւնը` խնձորօրհնէքը, որ մեզի հասած է հեթանոսական ժամանակներէն ու յետագային մեր նախահայրերը եկեղեցականօրէն զայն իմաստաւորած են քրիստոնէական սկզբունքով ու արժէքով:
Կիրակի, 7 Յուլիս 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10-ին, «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Պատարագ մատուցանեց տեղւոյն ժողովրդապետ Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով, որուն աւարտին խնձորներու օրհնութիւն տեղի ունեցաւ, ապա վարդապետին ձեռամբ տեղի ունեցան օրհնեալ ջուրի սրսկում հաւատացեալներուն վրայ, եւ անդաստանօրհնէք։
Ս. Զոհէն ետք, «Ս. Փրկիչ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդապետութեանս «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգումը։ Մեծաքանակ տոմսակներու մէջէն եկեղեցւոյ պատանիներէն Համբարձում Թութիկեանը ընտրեց տոմս մը, զոր շահեցաւ Տիկ. Սալբի Խալիֆէ եւ պարգեւ ստացաւ Տիար Յակոբ Չարըգեանի մշակութային արուեստը ներկայացնող մեծ իւղաներկ գծապատկեր մը, որուն շրջանակը տրամադրած էր «Արուեստ» իւղաներկի վաճառատունը:
Վարդավառը կարելի չէ երեւակայել առանց ջրախաղի. այդ նպատակով, «Յիսուսի Բարեկամ» միութիւնը նոյն ժամանակ կազմակերպած էր փոքրերուն ու մեծերուն ջուրով զանազան խաղեր, որոնք տեղի ունեցան եկեղեցիիս մարզադաշտին վրայ:
Այս առիթով կը շնորհաւորենք, բոլոր Վարդավառ, Վարդենի, Վարդինէ եւ նման այս անուն կրողները: Բարի եւ օրհնեալ Վարդավառի տօն: