2017 հոկտեմբերի 31-ին Հեշտիայի (Սամցխէ Ջաւախէթի) հայ կաթողիկէ համայնքին կազմակերպութեամբ կատարուեցաւ բացումը եւ օրհնութիւնը Կարդինալ Աղաճանեանի անուան մանկական եւ երիտասարդական կեդրոնին՝ ձեռամբ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի, առ ընթերակայութեամբ գերհ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, Հ. Միքայէլ վրդ. Խաչկալեանի, հոգշն. Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի, արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. քհնյ. Մկրտչեանի, արժ. Տ. Անտոն քհնյ. Անտոնեանի, արժ. Տ. Պօղոս քհնյ. Գրիգորեանի: Կեդրոնը կառուցուած է «Կարիտաս Վրաստան» բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ Կաթողիկէ Մերձաւորարեւելեան Միաւորման (Catholic Near East Welfare Association(CNEWA)) ֆինանսաւորմամբ:
Օրհնութեան հանդիսութեանը ներկայ էին Վրաստանի մօտ Պապական նուիրակութեան քարտուղար Բլացկ Մաննատան, CNEWA-յի ներկայացուցիչ Michael J.L La Civita-ն, UNICEF միջազգային կազմակերպութեան Վրաստանի գրասենեակի աշխատակիցները, Կարիտաս Վրաստանի տնօրեն տիկին Անահիտ Մխոյեանը, Կարիտաս Վրաստանի «Երեխաներ եւ Երիտասարդներ» ծրագրի ղեկավար Նանա Կուխալաշուիլին, տեղական պետական մարմիններու պատասխանատուներ, Հեշտիայի բնակիչները՝ ընտանիքներով:
Նորաբաց կեդրոնի ստեղծման նպատակն է կրթական եւ զարգացման հնարաւորութիւններ ընձեռել Հեշտիա համայնքի յատկապէս սոցիալապէս անապահով երեխաներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք կեդրոնին մէջ կրնան սորվիլ վրացերէն եւ օտար լեզուներ, համակարգչային ծրագրեր, մասնակցիլ պարի, երգի, արուեստի դասերու:
«Մեր հայ երիտասարդներու ապագան իրենց գիւղերուն մէջ է: Այստեղ պէտք է զարգանան, այստեղ պէտք է ծառայեն մեր ազգին, մեր համայնքին, մեր Եկեղեցիին, ապագան իրենցն է: Ասոր համար մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ կարողանանք ծառայել անոնց՝ այս բոլոր հնարաւորութիւններն ընձեռելով: Յուսով ենք յաջորդ կեդրոնը հիմնել Բավրայի մէջ» ըսաւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը:
Կարիտաս Վրաստանի՝ «Երիտասարդներ եւ Երեխաներ» ծրագրի նպատակն է երիտասարդներու եւ մանուկներու համար ձեւաւորել անվտանգ միջավայր, հոգ տանիլ անոնց տարրական պայմաններու, զարգացման, կրթութեան հնարաւորութիւններու ապահովման մասին՝ նպաստելով նաեւ այդ ամէնի համար օրէնսդրական հիմքերու ստեղծման պետական, հասարակական, միջազգային աշխատանքներուն՝ առաջնորդուելով Աւետարանի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ:
«Կարիտաս Վրաստան» բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուած է 1994ին-՝ կիսելով Կարիտասի համաշխարհային ընտանիքի տեսլականն ու գաղափարականը եւ աշխատելով մարդու ամբողջական զարգացման եւ սոցիալական արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ: Ներկայիս «Կարիտաս Վրաստանի» ընդհանուր նախագահն է Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը: