ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԶԱԼՔԱ

Առաքելութիւնը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի առաքելութիւնն է քրիստոնէական ոգիով տոգորուած բարձրորակ ուսում ջամբել աշակերտներուն, որպէսզի անոնք դառնան տիպար հայորդիներ, ընտիր քրիստոնեաներ եւ պարկեշտ քաղաքացիներ:

Տեսլականը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը կը գործէ հետեւեալ տեսլականով.

* Ապահովել աշակերտին յաջողութիւնը դպրոցական, անհատական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ:

* Պատրաստել լիբանանցի քաղաքացիներ, որոնք իրենց տեղն ու դերը ունենան լիբանանեան ընկերութեան մէջ:

* Պատրաստել բազմաթիւ լեզուներու տիրապետող աշակերտներ, որոնք կարենան իրենց յաջողութիւնը ապացուցել սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ:

* Ուսուցչակազմը ենթարկել մշտական վերաորակաւորման, քայլ պահելու համար դասաւանդման արդի մեթոտներուն հետ:

* Քայլ պահել մշտանորոգ արհեստագիտութիւններուն հետ:

Պատմականը

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան  Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանը հիմնուած է 1987-ին, Լեռնալիբանանի Մեթնի շրջանի Զալքայի արուարձանին մէջ:  Ան Լիբանանի մէջ անգլերէն արեւելումով հայ կաթողիկէ միակ կրթական հաստատութիւնն է:

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը ծնունդ առաւ լիբանանահայ համայնքի ամենադժուար օրերուն,  քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ մէկ շրջանին՝ երբ  պատերազմին բոցերը կը տարածուէին Մեթնի ծովեզերեայ շրջանները, այսինքն՝ այն վայրերը, որոնց բնակիչ հայ ընտանիքներուն համար էր որ կը ձեռնարկուէր այս նոր վարժարանին կառուցումը: Օրին, այս դպրոցը օգտագործեց Սին Էլ Ֆիլի Զմմառեան վարժարանին արտօնագիրը, որովհետեւ վերջինս ստիպուած էր վերջնականապէս իր դռները փակել ծայրայեղ անապահով պայմաններուն բերումով:

Այդ օրերուն, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ՝ երջանկայիշատակ Անդրէաս եպիսկոպոս Պետողլեան  յանդուգն որոշումը տուաւ ընթացք տալու Զալքայի մէջ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կից նոր վարժարանի մը կառուցումին: Այսպիսով, անգամ մը եւս կը հաստատուէր հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան եւ սփիւռքեան փորձառութեան մէջ արտայայտուած այն լուսաւոր գաղափարը, թէ եկեղեցի եւ դպրոց կը հանդիսանան այն երկու ամրոցները, որոնք միասնաբար պաշտպաններն են մեր գոյութեան եւ կերտիչները հայկական ինքնութեան:

Հիմնաքարի զետեղումէն ետք, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ այդ օրերու ժողովրդապետ հայր Ռաֆայէլ Մինասեանի հսկողութեան տակ վարժարանս վեր բարձրացաւ քար առ քար: Օրին, ճարտարապետական աշխատանքները համադրեց վաստակաւոր ճարտարապետ  Առաքել Մինասեանը, իսկ շինարարութիւնը իրականացուց վաղամեռիկ Կարպիս Հարպոյեանը, որ հանդիսացաւ նոր վարժարանին գլխաւոր բարերարը, հոգալով անոր առաջին 3 յարկերուն կառուցումը: Այս առիթով ալ վարժարանը անուանուեցաւ Կարպիս Հարպոյեանի հօր՝ Գէորգ Հարպոյեանի անունով:

2012 թուականին, վարժարանիս հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, երջանկայիշատակ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսին կատարած հովուապետական այցելութեամբ տեղի ունեցաւ Խաչի կոթողի զետեղում վարժարանիս արտաքին պատին վրայ, եւ այն օրէն սկսեալ վարժարանս ստացաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան անուանումը:

Այնուհետեւ, իրարայաջորդ տնօրէններու ջանքերով վարժարանս նուաճեց բարձունքներ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ: Հիմնադրութեան օրէն սկսեալ վարժարանին տնօրէնութեան պաշտօն ստանձնած են հետեւեալ յարգարժան անձերը.

1987-1989                  Հայր Եղիա Եղիայեան

1989-1990                  Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան

1990-1991                  Հայր Յովսէփ Թոփալեան

1991-1993                  Պրն. Վահէ Էլմաճեան

1993-1997                  Հայր Եղիա Եղիայեան

1997-1998                  Հայր Մեսրոպ Թոփալեան

1998-2007                  Տիկ. Զուարթ Նաճարեան

2007-2017                  Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան

2017-էն ի վեր            Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան

Տարիներու ընթացքին, վարժարանիս մէջ հաստատուեցան նոր մասնաբաժիններ, ստեղծուեցան կրթութեան համար անհրաժեշտ կառոյցներ եւ հետեւողականօրէն կատարուեցան բարեզարդման աշխատանքներ, վարժարանը հասցնելով ակադեմական գետնի վրայ բարձր մակարդակի:

Ակադեմական գետնի վրայ նոր բաժանումներու բացումը կատարուած է հետեւեալ ժամանակագրական շարքով.

– 2002-2003 տարեշրջանին՝ աւարտական դասարանի ընկերա-տնտեսական բաժանմունքը (Socio-economics):

– 2008-2009 տարեշրջանին՝ 11-րդ դասարանի գիտական բաժանմունքը:

– 2009-2010 տարեշրջանին՝ աւարտական դասարանի կենսաբանական բաժանմունքը (Life Sciences):

– 2010-2011 տարեշրջանին՝ արուեստից բաժանմունքի BP1 եւ BP2 դասարանները:

(BP1 դասարանին կրնան արձանագրուիլ այն աշակերտները, որոնք ամբողջացուցած են ակադեմական բաժնի 7-րդ կարգը):

– 2011-2012 տարեշրջանին՝ արուեստից բաժանմունքի BT1 դասարանը:

– 2012-2013 տարեշրջանին՝ արուեստից բաժանմունքի BT2 դասարանը:

– 2013-2014 տարեշրջանին՝ աւարտական դասարանի ընդհանուր գիտութեանց բաժանմունքը (General Sciences):

– 2014-2015 տարեշրջանին՝ 1) Արուեստից բաժնի աւարտական BT3 դասարանը,

2) Ամերիկեան Ծրագրի բաժանմունքը,

3) Ուսման Յատուկ Կարիքներ Ունեցող Աշակերտներու բաժանմունքը:

Իսկ շինարարական  առումով, չորրորդ յարկի շինարարութիւնը տեղի ունեցաւ 2014-2015-ին:

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի կարգախօսն է՝

«2 տարեկան երեխան վստահութեամբ յանձնեցէք մեզի եւ 18 տարեկանին կը ստանձնէք հայ քրիստոնեայ, ուսեալ երիտասարդը»: