Սուրբ Մեսրոպի Արիներու խումբը
Սուրբ Մեսրոպի Արիներու խումբը ծնունդ առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի յարկին տակ՝ 1939-ին Հայր Պօղոս Պզտիկեանի ջանքերով, երբ ան առաջին հերթին հիմնեց «սկաուտ»ներու փաղանքը:
Մանուկներուն մօտ նկատուած խանդավառութիւնը 1954-ին ծնունդ կու տայ «գայլիկ»-ներու վոհմակին, որուն 1955-ին կը յաջորդէ «երէց սկաուտ»ներու խմբակին հիմնադրութիւնը: Այս յաջողութիւններէն մեկնելով՝ Ս. Մեսրոպի արիներու խումբը հետզհետէ կը բարգաւաճի եւ իր տարբեր ճիւղաւորումներով կը հիմնուին «մրջնիկներ»ու փաղանքը՝ 1983-ին, ապա «արենուշ»ներու խումբը՝ 1986-ին եւ վերջապէս «պարմանուհի»ները՝ 1990-ին: Հետզհետէ աւելի ընդարձակուելով, 2004 թուականին կը հիմնուի ամենափոքր տարիքի աղջիկներու խմբակը՝ «ֆարանտոլ»-ները, եւ հուսկ, 2012 թուականին խումբը կը համալրուի նաեւ ծնողական յանձնախումբով:
Այս մեծ ընտանիքին պատմութեան հիմնական նպատակը եղած է ու կը մնայ կերտել քրիստոնէական բարեմասնութիւններով օժտուած պատանին եւ հայ երիտասարդը, ինչպէս նաեւ անոնց փոխանցել անկեղծութեան, պարկեշտութեան եւ անձնուիրումի գաղափարները, սկաուտական ոգին, կարգ ու կանոնի կենցաղակերպը, եղբայրսիրութեան հոգին եւ ամենակարեւորը՝ առօրեայ բարի գործ ընելու վարժութիւնը:
Այսօր, Ս. Մեսրոպի արիներու մեծ ընտանիքին մաս կը կազմեն աւելի քան 200 անդամ-անդամուհիներ, որոնք հաւատարիմ մնալով իրենց սկաուտական խոստումին, կը շարունակեն իրենց նախկիններուն երթը, եւ բարձր պահելով իրենց պատիւը՝ կ՛աշխատին տարածել եւ ծանօթացնել օտարին իրենց կենսակերպը, ապրելու եղանակը, շրջապատին հետ վերաբերելու ձեւը եւ ուրիշին ծառայելու պատրաստակամութիւնը: