ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը (ՀԿՀՄ) հիմնուած է 1995 թուականին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, հիմնադիր ունենալով գերյարգելի Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը:
Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը, որպէս համայնքային կազմակերպութիւն, իր դիմագիծին անզիջելի յատկանիշ կը նկատէ քրիստոնէական եւ հայ ազգային պատկանելիութիւնները:
ՀԿՀՄ-ի հայկական դիմագիծը կը դրսեւորուի իր ամբողջական կառչածութեամբ հայկական արժէքներուն, մշակոյթին, լեզուին, հայ ծէսին եւ պատմութեան: Միութիւնը իր գործունէութեամբ ու գործելաոճով կու գայ ապացուցանելու, որ անզիջող է իր դաւանած սկզբունքներուն, կրօնական ու ազգային արժէքներուն կառչածութենէն, եւ ասոր շօշափելի ապացոյցը կը հանդիսանան Միութեան տարեկան միջոցառումներն ու ձեռնարկները, որոնց մանրամասնութիւնները լոյս կը տեսնեն Միութեան «ՑԱՅԳ» պարբերաթերթին մէջ:
Միութիւնը տարիներէ ի վեր ամենամեայ դրութեամբ կը կազմակերպէ արգացման Մրցում մը, լիբանանահայ 13 երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն համար պատրաստելով գրքոյկ մը, նպատակ ունենալով անոնց մօտ զարգացնել հայերէնագիտական նիւթերու գիտութիւնը:
ՀԿՀՄ-ը ամէն տարի կը ստանձնէ Հայ կաթողիկէ համայնքէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու կազմակերպչական աշխատանքները: Նոյնպէս, տասնեակ մը տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ լիբանանահայ 13 երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն համալսարանական ուսումնառութեան հնարաւորութիւններու մասին ցուցմունքներ տուող ձեռնարկ մը՝ «BRIGHT» խորագրով, Լիբանանի տարածքին գործող համալսարաններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ, հայ աշակերտին համալսարան մուտքը դիւրացնելու նպատակով:
Ասոնց կողքին, Միութիւնը կազմակերպած է.-
– Հայրենի արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեանի ձեռագիր մատեաններու ցուցահանդէս (հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան):
– Լիբանանահայ լրագրող եւ խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի՝ «Ֆրանչիսկոս… Աղօթեցէք ինծի համար» գիրքին շնորհահանդէս:
– «Անլռելի, Անկրկնելի Պարոյր Սեւակը» խորագիրը կրող մշակութային ձեռնարկ, որուն առիթով Պէյրութ հրաւիրեց մեծանուն բանաստեղծին թոռը՝ Սեւակ Ղազարեանը:
– Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութեան հետ հանդիպում:
– Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութեան հանդիպումը լիբանանահայ 13 վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտութեան հետ:
– «Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական, մշակութային եւ ընկերատնտեսական դիտանկիւններէ» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագիրներուն:
– Հայ տպագրութեան եւ հայ առաջին տպագիր գիրքին՝ «Ուրբաթագիրք»ին 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
– Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի՝ «Խօսէ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին» գիրքի շնորհահանդէս:
– «Ընկերային Ցանցերը ընդդէմ Միութիւններուն» թեմայով կլոր սեղան:
– Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն:
– Հայ գիրերու գիւտի 1600-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
– «Հայ Երգին Արդիականացումը» թեմայով դասախօսական երեկոյ, Լիբանանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավար՝ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի հետ:
– Լիբանանահայ գաղութի ականաւոր դէմքերէն՝ Հայր Պօղոս վրդ․ Արիսի նուիրուած հանդիսութիւն:
– Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած ձեռնարկ:
– Դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի մենագրութիւններու շնորհահանդէս: