ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՄԱՆՈՐԻ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏԷՐ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ողջոյն եւ Աստուածաւանդ օրհնութիւն
Պատուական եղբարց մերոց
Արհի․ Արհի․ Արքեպիսկոպոսաց, Եպիսկոպոսաց, հոգեշնորհ քահանայից եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս
Պատուական Եղբայրք եւ սիրեցեալ Որդեակք ի Քրիստոս,
2020-21 թուականը տարեգրութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ համայն մարդկութեան պայքար ի դէմս համավարակի եւ անոր բերած դժուարութիւններուն։ Ասոր պէտք է աւելցնենք այն վտանգաւոր ազդակները, զոր կը ջանան քայքայել Աստուածաստեղծ մարդկային կերպարը եւ անոր կազմած ամենանուիրականը՝ ընտանիքը։ Իսկ հայոց համար այս ամէնուն գումարուած էր հետպատերազմական անկայուն վիճակը, հազարաւոր զոհերու մխացող ցաւը, անտուն մնացած մեր հայրենակիցները։ Հայրապետական Աթոռիս օրրան Լիբանանի մէջ սաստկացող աղքատութիւն եւ օրը օրին ապրող զրկեալ ժողովուրդը։
Այս նոյն տարուայ սեպտեմբեր 24-ին Արհիապատիւ Սիւնհոդոսական Հայրերը ինծի վստահեցան չափազանց ծանր եւ քաղցր լուծ ընտրելով ԻԱ–րդ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց։ Սանձնելով այս պատասխանատու առաքելութիւնը գոհութիւն կը յայտնեմ Հօրը, Տիրոջը երկնքի եւ երկրի եւ կը կնքեմ մեր խօսքն ու առաքելութիւնը Տէրունական պատգամով․ «Եկէք ինծի, դուք բոլորդ որ յոգնած ու բեռնաւորուած էք, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։ Առէք իմ լուծս ձեր վրայ, եւ սորվեցէք ինծմէ՝ որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, ու հանգիստը պիտի գտնէք ձեր հոգիներուն։ Որովհեըեւ իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մատթէոս ԺԱ, 28-30)։ Ընտրելով Քրիստոսի խօսքը որպէս բնաբան մեր փափագն եւ մաղթանքն է, որ ամէնքս միասին հետեւինք Բարի Հովիւին եւ անոր հեզ եւ խոնարհ տիպար օրինակով ամէնքս մեր կարգին գործենք։
Հիրավի, ամէնքս մեր կարգին հովիւ ենք, հովիւներ եկեղեցւոյ, հովիւներ ընտանիքի եւ մեր աչքերուն առջեւ ունենալով Բարի Հովիւին պիտի ուղղուի մեր ընթացքը դէպի Քրիստոսի ճշմարիտ լուսաշող Եկեղեցի։ Այնտեղ է, որ պիտի գտնենք մխիթարութիւն եւ իբրեւ Քրիստոսի կենդանի մարմնի անդամներ մէկը միւսին օգնելով, անսալով իրար պիտի հաղթահարենք փորձութեան եւ դժուարութեան։
Մեր փրկչի Սուրբ Ծննդեան նախաշեմին ուրախակից լինենք Աստուածամօրը եւ «գալուստը արքային ի յերկնից» փրկարար այս աւետիսը ընդունենք։ Հօր սէրէն մղուած մարդացած Աստուածորդի մանկանը վստահինք մեր ամէն ցաւ եւ ուրախութիւն։
«Հօրմէ ծագեցար արարածները լուսաւորելու․փառք քեզի Տէր, արդարութեան արեգակ» (Օրհ․ ԴԿ․ կանոն Աստուածայայտնութեան առաջին օրուն)։
Մինչ ամէնքնուդ Արհիապատիւ Եղբարացդ եւ սիրելի Զաւակացդ մեր սրտագին շնորհաւորանքները կը յղենք, մեր խնդրանքն է առանձնակի գուրգուրանքով այս գալիք տարուան փայփայել եւ պանծացնել ընտանիքը եւ անոր Սուրբ գաղափարը։ Միասնական եւ սուրբ ընտանիքներով է, որ պիտի կազմենք առողջ հասարակութիւն եւ կարողանանք դիմագրաւել գալիք մարտահրաւէրներուն։
Կը վստահեցնեմ Ձեզի իմ անդադրում աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի բոլորի վրայ հեղու, իր առատ երկնային շնորհները, որուն իբրեւ գրաւական կը շնորհեմ ամէնքիդ, հայրական սիրով, մեր հայրապետական օրհնութիւնը։
Տուեալ ի Պատրիարքարանէս, որ ի Պէյրութ, Լիբանան, ի 23 դեկտեմբեր, յամի Տեառն 2021, ի Ա․ամի Հայրապետութեան Մերոյ։

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց