ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՍԲ. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

Կիրակի, 2 Յունուար 2022, առաւօտեան ժամը 9:50-ին, Պուրճ Համուտ ժամանեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ – Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս – Պատրիարքը, կատարելու համար իր անդրանիկ այցը եւ Պատարագը՝ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Հոգեւոր Տիրոջ ժամանումով, սկիզբ առաւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականը՝ կատարողութեամբ կղերականներու, Արծիւեան երգչախումբի, խորանը ծառայող երիտասարդներու եւ ներկաներէ կազմուած թափօրի, զորս խունկերու անոյշ բուրմունքով՝ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ բակ, ապա եկեղեցի:

Պատարագը սկիզբ առաւ «Հրաշափառ» շարականով: Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, ներկայ էին Արհ. Հ. Գէորգ եպս. Խազումեան, Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Տ. Կարապետ Քհն. Թադէոսեան, Տ. Ռաֆֆի Քհն. Շէֆիքեան, Տ. Սահակ Սրկ. Քէշիշեան, թաղապետեր եւ տնօրէններ, խուռներամ բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ տեղւոյս ժողովրդապետն ու փոխ ժողովրդապետ հայրերը՝ որպէս առընթերականեր:

Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Հոգեւոր Տէրը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն ըսելով՝ թէ 2021 տարին փակելով, կարող ենք այս տարի նոր շունչով վերսկսիլ մեր կեանքն ու առօրեայ պայքարը. 2021 թուականը, բաւականին լեցուն եւ դժուարին տարի մըն էր մեր բոլորին համար, բայց այս դժուարութիւնները պէտք է առիթ ըլլան մեզի՝ ունենալու քաջութիւնը եւ ուժը՝ դիմագրաւելու համար 2022 տարուան բոլոր հարցերը եւ հանգոյցները: Ան նաեւ շեշտը դրաւ ընտանիքին վրայ, եւ թէ ինչպէս ընտանիքը պարիսպ պէտք է ըլլայ՝ դիմագրաւելու համար բոլոր դժուարութիւնները եւ նեղութիւնները: Մեկնելով ընտանիքի գաղափարէն, ան նաեւ ըսաւ թէ պէտք ենք նմանիլ մէկական բարի հովիւներու, եւ թէ ինչպէս հայրն ու մայրը կարող են նմանիլ այս բարի հովիւին եւ կամ ըլլալ մէկական բարի հովիւներ՝ իրենց առօրեայ պարտականութիւնները կատարելով եւ յաղթահարելով բոլոր նեղութիւնները: Իր խօսքի աւարտին, Հոգեւոր Տէրը մաղթեց ներկաներուն որ 2022 տարին ըլլայ տարի մը՝ ուր պիտի թաղենք մեր սխալները, եւ նուիրուինք Աստուծոյ ծառայութեան:

Այս հոգեպարար Պատարագի աւարտին, եւ նախ քան Հոգեւոր Տիրոջ վերջին օրհնութիւնը ստանալը, ժողովրդապետ հայրը բարի գալուստ մաղթեց Հոգեւոր Տիրոջ, ինչպէս նաեւ շնորհակալ եղաւ այս իր կատարուած հովուապետական իւրայատուկ այցին ՝ի Պուրճ Համուտ, ինչպէս նաեւ խնդրեց Բարի Հովիւէն, որ միշտ այցելէ եւ օրհնէ իր շուրջը հաւաքուած եւ իրեն միշտ հնազանդ հօտը:

Վերջին օրհնութենէ ետք, տեղի ունեցաւ խաչահամբոյր, եւ առնուեցան յիշատակի նկարներ: