ՀԱՅՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ․ ՎՐԴ․ ԿՌԱՆԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, խոր կսկիծով կը գուժեն մահը միաբանութեան երիցագոյն անդամ Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին, որ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր հոգին աւանդեց առ Հայր, Չորեքշաբթի 27 Սեպտեմբեր 2017ին, առաւօտեան ժամը 07։00-ին Զմմառու մայրավանքին մեջ։

Շաբաթ 30 Սեպտեմբեր 2017-ին կ.ա. ժամը 11։00-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի եւ լուսահոգի վարդապետին յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Զմմառու վանքին մայր տաճարին մէջ։ Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի միաբանութեան դամբարանին մէջ։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, խնդրելով յաւիտենական հանգիստ հոգելոյս վարդապետին հոգւոյն համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Զմմառ, 27 Սեպտեմբեր 2017

 

Դիւան Զմմառու Մայրավանքի