Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին միաձայնութեամբ որդեգրեց թիւ 150 բանաձեւը, որ 29 Հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ 405 թեր եւ 11 դէմ քուէներով որդեգրուած թիւ 296 բանաձեւին նման կը ճանչնայ հայերուն, ասորիներուն, քաղդէացիներուն, արամէացիներուն, մարոնիներուն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործուած ցեղասպանութիւնը։ Ծերակոյտը անով միաժամանակ կոչ կ’ընէ մերժելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ կը հրաւիրէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Այնպէս ինչպէս 2015-ի Ապրիլի 12-ին, Վատիկանի Սբ. Պետրոս Պազիլիքայի խորանէն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ համաշխարհային հանրութեան ուղղուած՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչը, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը եւս ցնցեց համաշխարհային հանրային կարծիքը։ Անոր անմիջապէս արձագանգեցին միջազգային մեծազդեցիկ լրատուամիջոցները։
Ամերիկեան Ծերակոյտին միաձայն որոշումը կը հանդիսանայ Հայկական Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ արձանագրուած յաղթական հանգրուան մը, որուն յաջորդը՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համապատասխան որոշումը պիտի ըլլայ։ Ասիկա պիտի հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ճանաչման լրումը եւ դատապարտումը՝ Թուրքիոյ ժխտողականութեան։