ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԱՅՑԸ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻ ՄՕՏ Հ.Հ. ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մարտ 2-ին Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն այցելեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդ`  Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան։

Ողջունելով Գերապայծառին, դեսպան Կարեն Նազարեան նշեց, որ պաշտօնական Երեւան ուշադրութեամբ հետեւելով տարածաշրջանի գործընթացներուն, կը փորձէ իր նպաստը բերել խաղաղասիրական նախաձեռնութիւններուն ու աւելցուց, որ Հայաստան իր մարդասիրական ներգրաւուածութեամբ եւ դիւանագիտական ներկայութեամբ կը շարունակէ ջանքերը՝ ուղղուած սուրիական ճգնաժամի բացասական հետեւանքներու մեղմացման։ Դեսպանը կարեւորեց, որպէսզի տարածաշրջանի ճակատագրով, ու մասնաւորապէս, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան ու անոնց ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցերով մտահոգուած միւս երկիրները եւս ձեռնարկեն գործուն միջոցներ։

Արք. Միրիաթեան բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած մարդասիրական աջակցութիւնը եւ տեղուոյն մարդասիրական առաքելութեան իրականացումը, ու դեսպանին նուիրեց ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ ռմբակոծման հետեւանքով վնասուած Հալէպի Մայր Օգնութիւն եկեղեցւոյ յենասիւնի մէկ կտոր՝ որպէս վերականգնուած առաջնորդանիստ տաճարի, հայութեան վերանորոգուած յոյսի եւ վերազարթօնքի խորհրդանիշ։

Զրուցակիցները կարեւորեցին հայ-սուրիական դարաւոր բարեկամութիւնը, այս ծիրէն ներս բարձր գնահատելով Սուրիոյ Ժողովրդական Ժողովի՝ Օսմանեան Պետութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը որպէս ծանրակշիռ աւանդ պատմական արդարութեան վերականգնման գործումին մէջ:

Հանդիպման ներկայ էր Հռոմի Լեւոնեան վարժարան տնօրէն՝ Հ. Նարեկ ծ․ վարդապետ Նաամոյեան։

Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն