ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքը 160 տարուան պատմութիւն ունեցող Oeuvre d’Orient բարեսիրական կազմակերպութեան պաշտօնական հրաւէրով մեկնեցաւ Փարիզ, Ֆրանսա։ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ կ’ուղեկցին Պէյրութի Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ թեմին օգնական եպիսկոպոսը՝ Գերպծ․ Հայր Գէորգ Եպս․ Ասատուրեան եւ Տ. Կարապետ Քհնյ․ Թադէոսեան։

Փարիզի Շառլ Տը Կոլ օդակայանին մէջ պաշտօնական ընդունելութեամբ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ եւ պատուիրակութեան դիմաւորեցին Oeuvre d’Orient-ի տնօրէնը՝ Գերյարգելի Փասքալ Գորնիշ եւ Փարիզի «Սուրբ Խաչ» Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաջնորդը՝ Գերպծ․ Հայր Եղիա Եպս․ Եղիայեան։

Փարիզի «Famille Chrétienne» շաբաթաթերթին հարցազրոյց տալէ յետոյ՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը եւ պատուիրակութիւնը մեկնեցան Մարսէյ, ուր քաղաքին արքեպիսկոպոսարանի յարկին տակ հիւրընկալուեցան Արհի․ Ժան Մարք Արքեպս. Աւելին վիճակաւորէն։

Շաբաթ, Նոյեմբերին 20-ին, Ամենապատիկ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի Առաջնորդին եւ Մարսէյի Ժողովրդապետ Հայր Ֆրանչիսկոս Մոզէրի, այցելեցին քոյր համայնքները, սկսելով հայ առաքելական եկեղեցիէն, ուր անոնց ընդունեցին եկեղեցւոյ հովուապետը եւ ազգային խորհուրդը, ապա ուղղուեցան Մարոնիթ եկեղեցի, ուր անոնց ընդունեց համայնքի ժողովրդապետը։ Հոգեւոր Տիրով յաջորդ հանգրուանն էր յոյն կաթողիկէ եկեղեցին, որմէ ետք ան այցելեց քաղդէացիներու եկեղեցի։

Շաբաթ, Նոյեմբերին 20-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Մարսէյի «Սուրբ Սիրտ» մայր տաճարին մէջ, Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Oeuvre d’Orient-ի Գերյ. Տնօրէնը ելոյթ ունեցան «Հայը՝ քրիստոնեայ ժողովուրդի մը հազարամեայ հաւատքը» խորագրով։

Ապա, նոյն տաճարին մէջ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը մատուցանեց հայածէս սուրբ եւ անմահ Պատարագ՝ մասնակցութեամբ Արհի․ Ժան Մարք Արքեպս․ Աւելին առաջնորդին եւ ներկայութեամբ հայ համայնքին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22-ին, Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը Փարիզի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ մայրաքաղաքին Արհ․ Միշել Արքեպս․ Օփըդի վիճակաւորին հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 23-ին, Ֆրանսայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ժողովի գրասենեակին մէջ, Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը պիտի հանդիպի ժողովի նախագահին՝ Գերպծ․ Էրիք Եպս․ Տը Մուլեն-Պոֆորին եւ Հայր Հ. Վրդ․ Տը Վուալըմոն գլխաւոր քարտուղարին հետ։

Նոյն օրը, Ֆրանսայի Վերին Պալատին մէջ, Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը պիտի հանդիպի անդամներու, ուր ելոյթ պիտի ունենայ յատուկ պատգամով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24-ին, Փարիզ, Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը պիտի այցելէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողով, ուր անոր ի պատիւ պիտի տրուի պաշտօնական նախաճաշ երեսփոխաններու հետ։

Ապա, Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը հասարակաց ունկնդրութեան պիտի ընդունի Փարիզի հայ համայքը:

 

Դիւան Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ Թեմին

Պէյրութ, 20 Նոյեմբեր 2021