ԿՐԿՆԱԿԻ ՏՕՆ ԶԱԼՔԱՅԻ ՍԲ. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Ժողովրդապետութեան Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը նախանշուեցաւ կրկնակի տօնախմբութեամբ, երբ Ծաղկազարդի հրճուանքը կրկնապատկուեցաւ Եղբ. Գրիգոր Պոյաճեանի Սարկաւագական ձեռնադրութեամբ, ձեռամբ Հոգեւոր Տիրոջ։

Արդարեւ, ներկայութեամբ գերապայծառ Գէորգ Խազումեանի, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներու, արժանապատիւ հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու եւ խուռներամ հաւատացեալներու, սկսաւ Սբ. եւ Անմահ Պատարագը, զոր մատուցեց Հոգեւոր Տէրը։

Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութենէն ետք, Սուրբ Պատարագի ընթացքին Հոգեւոր Տէրը իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ.

«Այսօր մեծ ուրախութեամբ կը տօնենք Քրիստոսի գալուստը՝ Անոր մեծաշուք մուտքը Երուսաղէմ։ Մատթէոս Աւետարանիչը մեզի մանրամասն կերպով կը նկարագրէ այն պահը, երբ Յիսուս իշու վրայ նստած կը մտնէ Երուսաղէմ։ Այս նկարագրականը Քրիստոսի գալստեան, մեզի անհունօրէն կը մխիթարէ եւ փրկութեան յոյս կը ներշնչէ, քանի մարդկութիւնը ընդհանրապէս եւ ընտրեալ ժողովուրդը յատկապէս Քրիստոս՝ Փրկչին կը սպասէր։ Կը սպասէր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ խոստացուած էր մարգարէներու բերնով: Աստուած մեղքի մէջ ինկած մարդուն` ստեղծուած Իր շունչով եւ նմանակութեամբ, խոստացած էր փրկել մեղքի դառնութենէն, հակառակ որ մարդս մեղանչած է Իր դէմ։ Խոստացուած էր, քանզի Աստուած հայր մըն է անհուն սիրոյ եւ ողորմութեան եւ այս խոստումը կ’իրականանայ Քրիստոսի Գալուստով: Ուստի ժողովուրդ Աստուծոյ, եկէք զուարճանանք բերկրալից ուրախութեամբ: Առնենք մեր հաւատքի ոստերը եւ փռենք Փրկչին ոտքերուն առաջ ըսելով՝ «Օրհնեալ է Տիրոջ անունով եկած տիեզերքի թագաւորը»: Այս պահի ուրախութիւնը ապրելու համար յիշենք Աւետարանիչի խօսքը թէ Քրիստոս՝ «երբ Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ»: Ուրեմն Քրիստոսին ընդունելու համար պետք է մեր բոլորիս սրտերը դղրդան, եւ միայն այսպէս է որ Քրիստոս յաղթական մուտք պիտի գործէ մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր առօրեային մէջ եւ ի վերջոյ մեր սրտերուն մէջ։ Ծաղկազարդի աւետարանական պատկերը այնքան գեղեցիկ եւ տպաւորիչ է: Երեւակայեցէք պահը երբ Քրիստոսը կը մտնէ ժողովուրդին մէջ։ Երեւակայեցէք դուք ձեզ այնտեղ մանուկի մը նման շրջապատուած բազմութեամբ եւ Քրիստոս յաղթական կը քալէ։

Սակայն Քրիստոս այս յաղթական ընթացքով ուղղուեցաւ անմիջապէս դէպի տաճար: Այսօր մենք ալ շալկած մեր ամբողջ իրականութիւնը, մեր ուրախութիւններով ու տխրութիւններով հաւաքուած ենք այստեղ։

Այսօր աւելի քան երբեւէ դժուար է մեր կեանքի ընթացքը, գիտակից ենք մեր տկար իրականութեան։ Շրջապատուած մարդասպան պատերազմներով, արիւնարբու միապետներով, անբարոյականութեան մէջ ընկղմած, անիրաւութեան, ընչաքաղցութեան եւ անտարբերութեան ծովուն մէջ խեղդուած:

Կեանքի մեր մտահոգութիւնները եւ անապահովութիւնը, արժանաւոր կեանքէ զրկուած ըլլալը, շատ անգամ մեր սրտի ուրախութիւնը կը խափանէ եւ կը նետէ անհաւատութեան փորձութեան մէջ:

Ինչպէս նոյն ամբոխը որ մեծ հրճուանքով եւ ուրախութեամբ ընդունեց Քրիստոսը Երուսաղէմ, մի քանի օրեր ետք՝ Պիղատոսի առջեւ գոռացին. «Խաչէ՛ զինք, խաչէ՛ զինք»:

Մենք ալ մեր կարգին, ընկղմելով այս մեղաւոր աշխարհին մէջ չտարուինք զանազան ելեւէջներով, այլ ամուր կապուած մնանք մեր Փրկչին, մեր աչքերը սեւեռենք գալիք Աւագ Շաբթուան ընթացքին Անոր չարչարանքին եւ խաչելութեան։ Մէկ վստահութեամբ որ ա՛յս է փրկութեան ճանապարհը, ա՛յս է Յարութեան յաղթական ճանապարհը. Ամէն»։

Հոգեւոր Տիրոջ Ծաղկազարդի պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Եղբայր Գրիգոր Պոյաճեանի, որ Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ եւ օրհնութեամբ ընդունեց Սարկաւագութեան բոլոր իրաւասութիւնները։

Ձեռնադրութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի թափօրի շրջագայութիւնը եւ ապա աշխարհի չորս ծագերու օրհնութիւնը, մինչ երեխաներ մեծ հրճուանքով, իրենք մոմերով կը գտնուէին վարդապետներու եւ Հոգեւոր Տիրոջ կազմած սիրոյ շրջանակին մէջ։ Ահա տեղի ունեցաւ երեխաներու օրհնութիւնն ու նորօծ Սարկաւագի շնորհաւորութիւններու ընդունումը։