Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հրաւէրով՝ մենք՝ Լիբանանի պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, նուիրեալներ եւ աշխարհականներ, որ կը մասնակցինք Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին աշխատանքներուն, նախագահութեամբ Փրանկիսկոս Սրբազան Պապին ու մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար Գերպծ. Ռիչըրտ Փոլ Եպս. Կալլակերի, Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան քարտուղար Գերյ. Միշէլ Վրդ. Ժալախի եւ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին գլխաւոր քարտուղարին օգնական Քր. Նաթալի Փիքարտի, հանդիպում մը գումարեցինք՝ քննարկելու համար Լիբանանի իրավիճակն ու զայն փրկելու ուղղութեամբ իրագործուող ջանքերը։
Նախ՝ մեր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք Փրանկիսկոս Սրբազան Պապին, որ իր սրտին մէջ կը պահէ Լիբանանը եւ կը ջանայ «լիբանանցիներու պատմութեան ու արժէքներուն համապատասխան արժանի լուծում» մը գտնել, ինչպէս նաեւ ան կը պաշտպանէ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները, յատկապէս պաղեստինցիներու եւ իսրայէլցիներու միջեւ պատերազմի բռնկումէն ետք:
Սրբազան Քահանայապետին հետ մեր մտերմութիւնը կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն եւ կ’աղօթենք անոնց եւ բոլոր մարդերուն համար, որոնք կ’ապրին սարսափի ու ցաւի պահեր՝ խնդրելով խաղաղութեան Տիրոջմէն, որ խաղաղութիւն տիրէ այն հողին վրայ, զոր սրբացուցած է փրկութեան ծրագրին իրագործումով:
Փոխանակելէ յետոյ մեր միտքերը, կարծիքները, մտահոգութիւնները, մտավախութիւններն ու մտահոգութիւնները Լիբանանի ապագային առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ արծարծելէ յետոյ մեր ձգտումները, սպասումներն ու յոյսը՝ Աւետարանը հռչակելու եւ Եկեղեցիին առաքելութիւնը կատարելու այն հողին վրայ, ուր Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս ընտրեց ծնիլ, մենք որոշեցինք կոչ ուղղել մեր քաղաքացիներուն եւ միջազգային հանրութեան:
Ա). Լիբանանցիներուն
Ճիշդ է, որ մեր հայրենիքը` Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ ու վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ, որ ան կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, կոչումը, առաքելութիւնն ու դերը միջազգային հանրութեան մէջ: Ան կը կրէ տնտեսական, դրամական եւ ընկերային տագնապներ, որոնք կը յանգեցնեն մեր քաղաքացիներու կենսապայմաններու վատթարացումին՝ զանոնք մղելով աղքատութեան եւ արտագաղթի, յատկապէս մեր երիտասարդութեան, մեր մտաւորականներուն եւ բոլոր ընտանիքներուն՝ դէպի նոր հորիզոններ։ Ան կը տառապի նաեւ սուրիացի փախստականներու մեծաթիւ ներթափանցումէն, այն աստիճան, որ ծանր բեռ կը հանդիսանան տնտեսական, ընկերային ու ժողովրդագրական առումներով, զոր Լիբանան չի կրնար կրել:
Շարունակուող լիբանանեան բուռն ճգնաժամին դիմակայելու համար, մենք կը յայտնենք, թէ անհրաժեշտ է սկսիլ Հանրապետութեան Նախագահին ընտրութիւնով, որ կ’աշխատի վերականգնելու սահմանադրական հաստատութիւններու գործունէութիւնը եւ կ’իրականացնէ անհրաժեշտ բարեփոխումները: Խորհրդարանին նախագահէն կը Խնդրենք շուտով բանալ խորհրդարանին դռներն ու հրաւիրել երեսփոխանները՝ յաջորդական խորհրդարանական նիստեր գումարելու։ Կոչ կ’ուղղենք յարգելի երեսփոխաններուն՝ կատարելու իրենց խորհրդարանական ու ազգային պարտականութիւնը եւ ընտրելու նախագահ Սահմանադրութեան օրէնքներուն համաձայն։
Մեր Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի քաջալերելու, մէկ կողմէ, քրիստոնեաներու միջեւ, եւ, միւս կողմէն, լիբանանցիներու միջեւ երկխօսութիւնը՝ նպատակ ունենալով թարմացնել յիշողութիւնը, իրագործել անկեղծ ապաշխարութիւն եւ հասնիլ ազգային հաշտութեան։ Մենք կոչ կ’ուղղենք մեր լիբանանցի եղբայրներուն՝ համախմբելու իրենց ջանքերը եւ միասին յանձնառու ձեւով կերտելու քաղաքացիական պետութիւն մը, ուր ազգային պատկանելիութիւնը կը գերադասէ յարանուանական պատկանելիութիւնը՝ յարգելով կրօնական, մշակութային ու քաղաքական բազմազանութիւնը եւ միասին ապրելով հաւասարութեամբ, ինչպէս սահմանուած է Մեծն Լիբանանի Համակարգին մէջ, 1920 թուականին, եւ Ազգային Կանոնագրին մէջ, 1943-ին, որ վերահաստատուած է Թայէֆի Համաձայնագիրով ու Լիբանանի բարեփոխուած Սահմանադրութեամբ, 1990-ին:
Լիբանանն որպէս հայրենիք եւ առաքելութիւն կերտելու համար, մենք կը վստահինք ձեզի, ո՜վ լիբանանցի երիտասարդներ, որոնք յոյս ունիք ապագային հանդէպ ու կ’երազէք իրաւական պետութեան մը մասին, որ կ’իրականացնէ ձեր իղձերը եւ կը հաստատէ քաղաքացիութեան ու օրէնքի առջեւ հաւասարութեան սկզբունքները՝ կրօնական, յարանուանական կամ քաղաքական բաժանումներէն անկախ։ Դուք գիտէք, ինչպէս մենք ալ, թէ քաղաքական ու զինեալ խնբաւորումներու ղեկավարները, որոնք պատերազմ մղեցին եւ իշխանութեան տիրացան՝ պահպանելու համար իրենց անձնական շահերը, չեն կրնար վերականգնել խաղաղութիւնը, ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:
Կոչ կ’ուղղենք ձեզի, սիրելի՛ երիտասարդներ, որ ամրապնդէք ձեր ազգային եւ քաղաքական համոզումներն ու պատրաստ ըլլաք ստանձնելու պարտաւորութիւնները:
Բ). Միջազգային ընտանիքին
Բոլորը գիտեն, որ Լիբանանի տագնապը կապուած է Միջին Արեւելքին, տարածաշրջանին եւ աշխարհին մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն։ Տարածաշրջանային ու միջազգային երկիրներու միջամտութիւնները լիբանանեան խնդիրներուն, աջակցելով լիբանանեան խմբաւորումներուն, մղած են ընդհանուր իրավիճակի վատթարացումին եւ համակեցութեան համակարգին խախտումին։
Կոչ կ’ուղղենք Փրանկիսկոս Սրբազան Պապին՝ ամէն ինչ կատարելու եւ բանակցելու Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն եւ մեծ տէրութիւններուն հետ՝ յանուն Լիբանանի փրկութեան, որպէսզի ան կարենայ վերականգնել իր առաքելութիւնն ու կատարել իր դերը միջազգային հանրութեան մէջ։
Ինչպէս նաեւ կը խնդրենք Միացեալ Ազգերուն Կազմակերպութենէն եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն, որ մեզի օգնեն, սահմանափակելու համար արտաքին միջամտութիւնները, ճանչնալու Լիբանանի դրական չէզոքութիւնը, գործադրելու Անվտանգութեան Խորհուրդին 1559, 1680 եւ 1701 բանաձեւերն ու կարգաւորելու Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւնը:
Հակառակ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ մխիթարանքի բազմաթիւ պատճառներուն՝ մենք յանձնառու ենք Լիբանանի մեր ժողովուրդին հետ միասին լսելու եւ երկխօսութեան մէջ մտնելու՝ կրելով քրիստոնէական արժէքներն ու վկայութիւն տալով Աւետարանին մասին, ինչպէս ալ սէրը ապրելով իւրաքանչիւրի հետ՝ միշտ վստահելով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին:
Մեր քանակէն ու թիւէն անկախ՝ կառչած կը մնանք Քրիստոսի հողին, որպէս վկաներ յարուցեալ Քրիստոսի, որ մեզի հետ է մինչեւ կատարածն աշխարհին։ Մեր Եկեղեցին յո՛յսի Եկեղեցին է եւ կը մնայ ա՛յդպէս։
Մարոնի Պատրիարք՝ Պշարա Պութրոս Ալ Րաիի
Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Իգնատիոս Գ. Եուսէֆ Եունան
Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Եուսէֆ Ապսի,
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան,
Մունիր Խէյրալլա Եպիսկոպոս, Հայր Խալիլ Ալուան, Հայր Կապի ալ-Հաշէմ,
Տիկին Քլէր ալ-Սայիտ, Տիկին Սանտրա Շաուլ, Օրիորդ Ռիթա Գիւրիւմլեան,
Պարոն Ուիսամ Ապտօ:
Հռոմ, 15 Հոկտեմբեր 2023
***
نداء إلى اللبنانيّين والأسرة الدوليّة
روما في 15 تشرين الأول 2023.
بدعوة من نيافة الكردينال بييترو بارولين، أمين سرّ دولة الفاتيكان، نحن اللبنانيّين، بطاركة وأساقفة وكهنة ومكرَّسين وعلمانيّين، المشاركين في أعمال سينودس الأساقفة المنعقد برئاسة قداسة البابا فرنسيس، وبمشاركة صاحب السيادة المطران بول ريتشارد غالاغير أمين سرّ العلاقات مع الدول، والمونسنيور ميشال جلخ أمين سرّ دائرة الكنائس الشرقيّة، والأخت ناتالي بيكارت الأمين العام المساعِدة لسينودس الأساقفة، عقدنا اجتماعًا لبحث الوضع في لبنان والجهود المبذولة لإنقاذه.
فتوجّهنا أوّلًا بعاطفة الشكر لقداسة البابا فرنسيس الذي يحمل لبنان في قلبه ويرغب في “إيجاد حلّ” يليق بتاريخ الشعب اللبناني وقيمه”، ويحمل أيضًا بلدان الشّرق الأوسط، وبخاصّة بعد اندلاع الحرب بين الفلسطينيين والإسرائيليين.
إنّنا نعرب، مع قداسته، عن قربنا من عائلات الضحايا، ونصلّي من أجلهم ومن اجل جميع الذين يعيشون ساعات من الرعب والألم، ونطلب من ربّ السلام ان يسود السلام على الأرض التي قدّسها بتحقيق التدبير الخلاصي.
وبعد أن تبادلنا أفكارنا وآراءنا وهمومنا ومخاوفنا وهواجسنا على مستقبل لبنان، وايضًا تطلّعاتنا وآمالنا ورجاءنا في إعلان الإنجيل وتحقيق رسالة الكنيسة على الأرض التي اختار يسوع المسيح ابن الله أن يولد فيها، ارتأينا أن نوجّه نداءً إلى مواطنينا والأسرة الدولية.
أولًا، إلى اللبنانيين
صحيح انّ وطننا لبنان يواجه تحديات جدّية وخطيرة، قد تجعله يفقد هوّيته ودعوته ورسالته ودوره في المجتمع الدولي. إنّه يعاني من الانهيار الاقتصادي والنقدي والاجتماعي الذي أدى إلى تدهور اوضاع مواطنينا المعيشية، ما دفعهم إلى الفقر والهجرة، وبخاصّة شبابنا والمثقّفين من بيننا وعائلات بأكملها نحو آفاق جديدة. إنّه يعاني أيضًا من دخول اللاجئين السوريين بأعداد كبيرة، حتى باتوا يشكّلون عبئًا ثقيلًا من الناحية الاقتصادية والاجتماعية والديموغرافية لا يستطيع لبنان تحمّله.
ولمعالجة الازمة اللبنانية المستفحلة والمستمرّة، نرى انّه من الضروري البدء بانتخاب رئيس للجمهورية يعمل على استعادة عمل المؤسسات الدستورية وتطبيق الإصلاحات المطلوبة. فنطلب من دولة رئيس مجلس النواب فتح أبواب المجلس ودعوة السادة النوّاب في اسرع وقت إلى جلسات نيابية متتالية. وندعو السادة النواب إلى القيام بواجبهم البرلماني والوطني وانتخاب رئيس وفق أحكام الدستور.
إنّ كنيستنا تتحمّل مسؤولية تعزيز الحوار بين المسيحيين من جهة، وبين اللبنانيّين من جهة أخرى، بهدف تنقية الذاكرة والقيام بفعل توبة صادق وتحقيق المصالحة الوطنية. فندعو اخوتنا اللبنانيين إلى توحيد جهودهم والالتزام معًا ببناء دولة مدنيّة تضع الانتماء الوطني قبل الانتماء الطائفي، مع احترام التنوّع الديني والثقافي والسياسي والعيش معًا بالمساواة، كما نصّ نظام لبنان الكبير سنة 1920، والميثاق الوطني سنة 1943 الذي جدّده اتّفاق الطائف والدستور اللبناني المعدَّل سنة 1990.
ومن أجل بناء لبنان وطنًا ورسالة، نتّكل عليكم يا شبابنا اللبنانيين الذين تحملون رجاء المستقبل وتحلمون بدولة القانون التي تحقّق تطلعاتكم وترسّخ المواطنة والمساواة أمام القانون بعيدًا عن اي انقسام ديني أو طائفي أو سياسي. أنتم تعلمون، كما نحن، أن السياسيين وزعماء الميليشيات الذين صنعوا الحرب واستولوا على السلطة واحتفظوا بها لمصالحهم الشخصية، لا يمكنهم استعادة السلام والحرية والديموقراطية.
ندعوكم، أيّها الشباب الأعزاء، إلى التعمّق بتنشئتكم الوطنية والسياسية والاستعداد لتولّي المسؤوليات.
ثانيًا، إلى الأسرة الدولية
الجميع يعلم أن معضلة لبنان مرتبطة بالصراعات المستمرّة في الشّرق الأوسط، وفي المنطقة وفي العالم؛ فتدخلات الدول الإقليمية والدولية في شؤون لبنان، باتّخاذ فصائل لبنانية لمناصرتها، قد اسهمت في تشرذم الوضع وأخلّت بصيغة العيش المشترك.
إنّنا نناشد قداسة البابا فرنسيس أن يعمل ما بوسعه للتفاوض مع الدول الصديقة للبنان والدول الكبرى من أجل خلاص لبنان كي يستعيد رسالته ويلعب دوره في المجتمع الدولي.
ونطلب أيضًا من الأمم المتّحدة، ومن الدول الصديقة للبنان، مساعدتنا على الحدّ من التدخلات الأجنبية والاعتراف بحياد لبنان الإيجابي وتطبيق قرارات مجلس الامن 1559 و1680 و1701، وتسوية الصراع الإسرائيلي والفلسطيني.
أمام كلّ هذه التحديات ودوافع الرجاء الكثيرة، نحن نلتزم مع شعبنا في لبنان، بالسير معًا في الإصغاء والحوار والتمييز لحمل القيم المسيحية والشهادة للإنجيل في عيش المحبة مع بعضنا البعض ومع جيراننا في رجائنا بالربّ يسوع المسيح الذي لا يخيِّب.
وبغضّ النظر عن عددنا، إننا باقون على أرض المسيح شهودًا للمسيح القائم من الموت والحاضر معنا وبيننا حتى نهاية العالم. كنيستنا هي كنيسة الرجاء وستبقى.
مار بشارة بطرس الراعي، بطريرك أنطاكية للموارنة؛ مار اغناطيوس يوسف الثالث يونان، بطريرك أنطاكية للسريان الكاثوليك؛ مار يوسف العبسي، بطريرك أنطاكية للروم الملكيين الكاثوليك، مار روفائيل بدروس الحادي والعشرون ميناسيان، بطريرك كاثوليكوس الأرمن الكاثوليك لبيت كيليكية، المطران منير خير الله، الأب خليل علوان، الأب غابي الهاشم، السيدة كلير السعيد، السيدة ساندرا شاوول، الآنسة ريتا كوروميليان، السيد وسام عبدو.
روما في 15 تشرين الأول 2023.